ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ՍԻՐՈՅ ՍՈՒՐԲԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրոյ տօնն է՝ սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնը։ Արդարեւ, Սուրբ Սարգիսի տօնը կը յիշուի աղօթքներով, նաեւ յատուկ աւանդութիւններով՝ որոնք հայ ժողովուրդին բնորոշ արարողութիւններն են։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրոյ տօնն է՝ սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնը։ Արդարեւ, Սուրբ Սարգիսի տօնը կը յիշուի աղօթքներով, նաեւ յատուկ աւանդութիւններով՝ որոնք հայ ժողովուրդին բնորոշ արարողութիւններն են։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բնաւորութեան ամենէն յայտնի արտայայտութիւններէն մէկն է՝ անյա՛գ ըլլալ՝ բաւարարութիւն, յագենալ չգիտցող կիրքերու գերին ըլլալ, անսահման եւ երբեմն ալ անկարելի փափաքներ ունենալ։ Կ՚ըսուի թէ մարդուն աչքը ծակ է՝ երբեք չի կշտանար, եւ նոյնիսկ որովայնը կշտանայ՝ աչքը չի կշտանար եւ անսահման, անհատնում պահանջներով միշտ աւելիին տիրանալ կ՚ուզէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրող բոլոր էակներու մէջ միայն մա՛րդն է որ ունի «ապագայի գիտակցութիւն»ը, որ հետեւանքն է իր բանաւոր միակ էակը ըլլալուն։ Արդարեւ, միւս բոլոր կենդանի՝ ապրող էակները չունին վաղուան մտահոգութիւնը, այսինքն ապագայի գիտակցութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդս ամբողջութիւնն է մարմնի, այսինքն ֆիզիքական էութեան, մտքի եւ հոգիի։ Մարմինը կ՚աճի սնունդով, իր լայն առումով՝ հացով, իսկ միտքը կը զարգանայ գիտութեամբ։ Եւ հոգին կ՚ազնուանայ հոգեւոր սնունդով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարկութիւն»ը, իր ամենալայն իմաստով, մարդուս հակազդեցութիւնն է անհաճոյ, անընդունելի եւ բարոյապէս վիրաւորիչ արարքի մը հանդէպ։ Անշուշտ, բարկութեան արտայայտութեան ձեւը կարեւոր է մանաւանդ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ադամ Աստուծոյ որդին է» (ՂՈՒԿ. Գ 38), քանի որ ան Աստուծմէ ստեղծուեցաւ։ Ադամ, իբրեւ Աստուծոյ «մարդեղէն որդի»ն՝ կատարեալ էր, քանի որ Աստուծոյ ստեղծածն էր, եւ Աստուած կատարեալ է եւ Անոր գործն ալ նոյնպէս եւ մի՛շտ կատարեալ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին նախորդող երկուշաբթի օրէն կը սկսի Առաջաւորաց պահքը՝ որ յատուկ է միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, եւ կը տեւէ հինգ օր։
Այս տարի Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնը կը հանդիպի 16 փետրուարի եւ Առաջաւորաց Պահքն ալ կը սկսի 11 փետրուարին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյապէս բարի արարքը կ՚ենթադրէ միանգամայն լաւութիւնը առարկային, նպատակին եւ պարագաներուն։ Գէշ նպատակ մը կ՚ապականէ արարքը, նոյնիսկ եթէ անոր առարկան ինքնին բարի է. զոր օրինակ, աղօթելը կամ ծոմ պահելը՝ տեսնուելու համար մարդոցմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անցաւոր եւ Աղցաւոր այս աշխարհի վրայ կը տուայտինք…»։ Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի իր քարոզներուն մէջ յաճախ արտասանած խօսք մըն է ասիկա, որ խոր իմաստ մը ունի, եւ կարծես լաւագոյն կերպով կը բացատրէ մարդկային կեանքը՝ որ կ՚ապրուի այս «անցաւոր» եւ «աղցաւոր» աշխարհի վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Պատարագի խորհուրդին հանդիսակատարումին կեդրոնական մաս կը հանդիսանան «հաց»ը եւ «գինի»ն, որոնք Քրիստոսի խօսքերով եւ Սուրբ Հոգիին կոչումով կը փոխուին Քրիստոսի Մարմինին եւ Արիւնին։
Արդարեւ Սուրբ Պատարագ՝ «Messe», կամ «Միսսա» լատին լեզուով կը նշանակէ «արձակում», քանի որ փրկութեան խորհուրդը կատարող ծիսակատարումը կը վերջանայ՝ իր աւարտին կը հասնի հաւատացեալներուն արձակո՛ւմով՝ որպէսզի տուն երթան եւ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը կատարեն.