ՄԱՅՐԵՐ ՊԱՏՈՒԱԿԱ՛Ն
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ յաճախ կը յիշենք եւ կը խորհրդածենք մայրերու մասին՝ այն պատուական եւ աստուածաշնորհ անձերու մասին, կը մտաբերենք այն սրբանուէր անդամները համայն մարդկային մեծ ընտանիքին եւ նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիքի նուիրական անձնաւորութիւնները՝ կ՚անդրադառնանք, թէ անոնք տիրուհի՛ն են ընտանիքին եւ մարդկութեան։ Արդարեւ, եթէ այրը կամ հայրը «տէր»ն է ընտանիքին, կինը կամ մայրը «տիրուհի»ն է նոյն ընտանիքին։