ԶՈՒԱՐՃՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՀԱՆՋՔ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զուարճութեան եւ հաճոյքի փափաքը մարդուն բնական եւ անհրաժեշտ պահանջներէն է, ինչպէս՝ աշխատանքը եւ գործելը։ Արդարեւ, զուարճութիւնը՝ աշխատութեան հետ կեանքը հաւասարակշռող կարեւոր ազդակ մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զուարճութեան եւ հաճոյքի փափաքը մարդուն բնական եւ անհրաժեշտ պահանջներէն է, ինչպէս՝ աշխատանքը եւ գործելը։ Արդարեւ, զուարճութիւնը՝ աշխատութեան հետ կեանքը հաւասարակշռող կարեւոր ազդակ մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատութիւն» եւ «անկախութիւն»՝ ահաւասիկ երկու արժէքներ, որ մարդս «մարդ» կ՚ընեն եւ կը զգացնեն, թէ ան ինքնութիւն մը ունի, անհատ մըն է՝ դատելու, որոշելու եւ իր կեանքի ընթացքը ընտրելու կարողութեամբ օժտուած։ Այս երկու արժէքներն են որ անհատը «ա՛նձ» մը կ՚ընեն եւ առիթ կու տան, որ ան արժանապատ-ւութեան տէր, ինքնակամ անձնաւորութիւն մը ըլլայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վիճաբանութիւնը, իր շնորհալի կերպով եւ մարդկային արժանապատուութեան գիտակցութեան սահմաններուն մէջ՝ բանականութեան եւ խորհելու ու արտայայտուելու ազատութեան բնական մէկ պահա՛նջքն է։ Արդարեւ, պարզ է եւ հասկնալի, թէ խորհող մարդը կը վիճաբանի, քանի որ թէեւ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, բայց զայն գտնելու ճամբաները եւ միջոցները՝ տարբե՛ր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւաքական-ընկերային կեանքի մէջ կը գտնուին անձեր, որոնք լուրջ եւ յայտնի անյարմարութիւններ, թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունենալով հանդերձ, իրենց դիրքը պահել կ՚ուզեն։ Այդ անձերը՝ որոնց գրաւած սխալ դիրքը եւ պաշտօնը, իրենցմէ աւելի ուրիշներու նիւթական եւ բարոյական վնասներուն պատճառ կ՚ըլլան, եւ իրենց անյարմարութեամբ շուրջինները վնասներու կ՚ենթարկեն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծերութիւնը, ընդհանրապէս կը նշանակէ՝ չորնալ եւ չորցած անապատի մը մէջ ապրիլ, եթէ կարելի է «ապրիլ» ըսել, այդ ամուլ եւ անշարժ կեանքին։
Անոնք որ չե՛ն ծանօթացած Կիկեռոնի «Cato Maior»ին, որ կը կարծուի, թէ Ն.Ք. 44 թուականին գրած է, երբ 62 տարեկան էր, անշուշտ կրնան խորհիլ, թէ ծերութեան շրջանը մարդուս ամլութեան եւ անշարժութեան շրջանն է, եւ թէ չորցած անապատի մը մէջ ապրի՛լ կը նշանակէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը ունի իր եղանակները եւ անոնցմէ մէկն է աշունը։ Եւ ինչպէս բնութիւնը ունի իր եղանակները, մարդիկ ալ իրենց կեանքի ընթացքին ունին իրենց յատուկ եղանակները ե՛ւ աշունը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս մէջ սէրը, ընդոծին զգացում մըն է, եւ հետզհետէ կ՚աճի եւ զօրանալով կը շարունակուի։ Սէրը Աստուծոյ գոյութեան մէկ ապացո՛յցն է մարդուս մէջ, եւ կը շարունակուի մինչեւ վերջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հռչակաւոր ֆրանսացի գծագրիչ Jean-François Millet (1814-1875), իր «Անժէլիւս» կոչուած նկարին մէջ կը նկարագրէ դեռահաս եւ գեղջուկ ընտանիք մը իրենց արտին մէջ՝ ուր միասին կ՚աշխատին։ Իրենց քով կ՚երեւին երկրագործի պարզ գործիքներ, նաեւ ձեռնասայլ մը՝ ուր դրուած են հունձով լեցուն պարկեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազնուութիւն կամ ազնուականութիւն՝ առաքինութիւններ են, որ մարդս նկարագրով կը զօրացնեն եւ կատարելութեան կը հասցնեն ենթական։ Ազնուութիւնը կամ ազնուականութիւնը «ազնիւ» ըլլալու այն վիճակն է, որ կը նշանակէ՝ պատուական ըլլալ, շնորհալի՛ց ըլլալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տեսի՛լք ունենալու է մարդ եւ տեսիլք ապրելու է մարդ՝ որպէսզի կարենայ յառաջանալ եւ հասնիլ իր նպատակին։ Անշուշտ, մարդ տեսիլք ունենալէ կամ ապրելէ առաջ, պէտք է որ «նպատակ» մը ունենայ։