ՍՐԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սրամտութիւն»ը բարեմասնութիւն մըն է, որուն տառացի նշանակութիւնն է՝ ուշիմութիւն։ Իսկ ուշիմութիւնը, ընդհանրապէս կ՚ենթադրէ՝ մտային ճկունութիւն, պարագաներուն յարմարութիւն ցոյց տալ, համակերպիլ՝ ճարպիկ ըլլալ, եւ հարց մը, առանց խուճապի մատնուելու, նուազագոյն շփոթութեամբ եւ արագ ու շիտակ կերպով լուծելու կարողութիւն ունենալ։