Հոգե-մտաւոր

ԵՐԿՈՒ ԿԱՄՔԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜րքան ողբերգական երեւոյթ մըն է երկու կամքերու բախումը՝ ուր ողջմտութեան եւ խղճին պարտութիւնը կը տեսնուի քմայքին առջեւ։ Ընկերային եւ ընտանեկան կեանքի մէջ կարելի չէ երեւակայել ասկէ աւելի եղերական պարտութիւն մը։ Արդարեւ, ողբերգական տեսարան մըն է տեսնել չափահաս երիտասարդի մը ինքնահաւանութիւնը, երբ հպարտութեամբ կ՚ըսէ.

ՄԱՇՏՈՑԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՒԱՆԴԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հայ Գիրերու Գիւտը. պայծառագոյն է՛ջը հայոց պատմութեան։ Հայ Գիրերուն Գիւտարարը. ազնուական դէ՛մքը հայ ժողովրդեան՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ դարե՜րու դիմաց կեցող ադամանդեայ ապառա՛ժ…»։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ղուկաս Աւետարանիչ իր «Առաքեալներու Գործերը» գիրքին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Յիսուս պատասխանեց.- Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը իր իշխանութեամբ որոշած է» (ԳՈՐԾ. Ա 7)։ Արդարեւ, Համբարձումէն ետք, Քրիստոսի փառաւորեալ գալուստը մօտալուտ դարձած է, բայց մարդուս բոլորովին անծանօթ է անոր ժամանակը։

ՄԵՐ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՊԱ՛ՐՏՔԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ, ըստ էութեան ունի բազմաթիւ պարտականութիւններ այս աշխարհի վրայ, քանի որ ան ստեղծուած է նպատակի մը համար, օգտակարութեան կոչո՛ւմով։ Եւ երբ նկատի ունենանք մարդուն հաւաքական-ընկերային կեանքը՝ անոր առաջնակարգ պարտականութիւնն է օգնել իր նմաններուն, զօրացնել զանոնք իրենց տկարութիւններուն մէջ եւ սրբագրել անոնց թերութիւնները։

ԵԹԷ ՀԻՄԸ ՀԱՍՏԱՏ ՉԷ…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Առանց հաստատ հիմ դնելու, կարելի չէ՛ որ ամուր շէնք մը կառուցուի եւ կանգնուի։ Անհիմն շէնքը, արդարեւ, դատապարտուած կը մնայ ի վերջոյ փուլ գալու եւ քանդուելու։ Կառոյցը հաստատուն կը մնայ, երբ անոր հիմը պի՛նդ է եւ ամուր։

ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՄԱՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Եկեղեցի» բառը կը նշանակէ «հաւաքոյթ»։ Ուստի այս բառը կը գործածուի, ժողովուրդի մը ընդհանրապէս կրօնական բնոյթով համախմբումը ցոյց տալու նպատակով։ «Եկեղեցի» բառը գործածուած է նաեւ Հին Կտակարանի մէջ՝ «ընտրեալ ժողովուրդին Աստուծոյ շուրջ համախմբումի» նշանակութեամբ, այդ հաւաքականութեան իմաստով։

ՉԱՓ ԵՒ ՕՐԻՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Իրաւունք» եւ «ազատութիւն»՝ մարդկային կեանքին նուիրական արժէքներն են, կեանքին սնունդը եւ աւիշը։ Բայց, որպէսզի անոնք իրենց այս կարեւոր ու կենսական դերը կարենան կատարել՝ պէ՛տք է պարփակուին գլխաւոր երկու սահմանի միջեւ։ Այս երկու սահմաններն են՝ «չափաւորութիւն» եւ «օրինաւորութի՛ւն»։ Արդարեւ, չկա՛յ իրաւունք առանց օրինաւորութեան եւ չկա՛յ նաեւ ազատութիւն առանց չափ ու սահմանի։

ՄՏԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱՆՔ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մտածելը՝ մարդուս ամենէն յատկանշական արարքն է, քանի որ ան միակ էակն է որ բանականութիւն ունի՝ կը խորհի, կը դատէ եւ կ՚որոշէ։ Ամէն մարզի մէջ, եւ մանաւանդ մտային զարգացման համար ալ անհրաժեշտ է վարժութիւնը՝ մտային մարզանքը։

Էջեր