ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՍԻՐԷ ՄԵԶ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ սիրէինք զԱստուած ա՛յնքան՝ որքան Ան մեզ կը սիրէ եւ սիրոյ ապացոյցները կու տայ յաճախ, ամէն առիթով, այն ատեն մեր մտածումներուն մէջ՝ միշտ մեզի հետ, միշտ ներկայութիւնը պիտի վայելէինք եւ մանաւանդ Իր էութեան պիտի անդրադառնայինք մեր ամբողջ կեանքին մէջ։