Հոգե-մտաւոր

ՀԱՒԱՏՔԸ՝ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻ՛ՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հա­ւատ­քի մա­սին յա­ճախ կը խօ­սինք՝ ի՛նչ որ բնա­կան է, քա­նի որ հա­ւատ­քը՝ պայ­մա­նա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է, ան քրիս­տո­նէա­վա­յել գոր­ծու­նէու­թի՛ւնն իսկ է։ Հա­ւատ­քը ա­մէն պահ մե­զի հետ է՝ կեան­քին հետ հա­մըն­թաց կը քայ­լէ մե­զի հետ։

ՄԱՏԱՂ ԿԱՄ ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մա­տաղ» կը նշա­նա­կէ՝ ուխ­տի ոչ­խար, զոհ կամ զո­հի ճաշ։ Իսկ «Սի­րոյ սե­ղան» ա­սա­ցուած­քը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ «ա­գապ» յու­նա­րէն բա­ռին՝ որ կը նշա­նա­կէ՝ սէր, որ կը հան­դի­պինք Աս­տուա­ծա­շուն­չի Եօ­թա­նաս­նից յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թեան մէջ՝ որ գե­րա­զան­ցա­պէս կ՚ակ­նար­կէ «զգա­յա­կան սէ­րը»։ «Agape» կ՚ար­տա­յայ­տէ Քրիս­տո­սի սէ­րը կամ քրիս­տո­նեա­նե­րու սէ­րը՝ ի­րա­րու նկատ­մամբ։

ՍԱՌԸ ՍԱՌՈՎ ՀԱԼԵՑՆԵԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­ղա­նա­կի խորհր­դա­նիշն է ձիւ­նը եւ ա­հա­ւա­սիկ ձիւ­նը կ՚իջ­նէ մեծ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ եւ կը տե­ղա­ւո­րուի հետզ­հե­տէ ո՛ւր որ մա­կե­րես մը գտնէ։ Եւ խե՜ղճ ձիւ­նը կը կար­ծէ, թէ իր այս հա­մայ­նա­տա­րած տի­րա­պե­տու­թիւ­նը տե­ւա­կան պի­տի ըլ­լայ եւ յա­ջո­ղու­թեամբ պի­տի պսա­կուի։ «Խե՜ղճ ձիւն», այս ի՜նչ պա­րապ մտա­ծում, ի՜նչ խա­բէու­թիւն, աշ­խար­հի վրայ տե­ւա­պէս մնալ, ան­վերջ տի­րա­պե­տել…։

ԵՐ­ՋԱՆ­ԿՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ե­կէ՛ք այ­սօր ա­ռա­կով մը սկսինք մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն։ Ա­ռա­կը կը պատ­մէ Սմբատ Սար­կա­ւագ Խա­նուէ­լեան՝ ուր գե­ղե­ցիկ եւ ի­մաս­տա­լից կեր­պով կը նկա­րագ­րէ «եր­ջան­կու­թիւն»ը։

ՀՊԱՐՏ ԾԱՌԻՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հպար­տու­թեան մա­սին յա­ճախ կը խօ­սինք, քա­նի որ ան մարդ էա­կին կեան­քին ան­բա­ժան մէկ զգա­ցումն է, եւ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ ա­նոր ա­մէ­նու­րեք։ Հպար­տու­թիւ­նը՝ պար­ծանք, գո­ռո­զու­թիւն, պա­տուի զգա­ցում մըն է, որ կը նմա­նի ա­ւա­զի վրայ հաս­տա­տուած՝ ա­ռանց հիմ­նա­քա­րի բարձ­րա­ցած շէն­քի, որ ի վեր­ջոյ քա­րու­քանդ ըլ­լա­լու, փուլ գա­լու դա­տա­պար­տուած է։

«ԷՍԱԵԱՆ»Ի ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­նու­րա­նա­լի ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ Է­սաեան վար­ժա­րա­նը մեր ա­մե­նա­կա­րե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է։ Է­սաեան վար­ժա­րա­նը հան­դի­սա­ցած է ի­րա­կան կրթա­կան օ­ճախ մը, ինչ­պէս նաեւ մշա­կու­թա­յին ան­դաս­տան մը եւ լոյ­սի կեդ­րոն մը՝ հայ տու­նին, հայ ըն­տա­նի­քին հա­մար։

Ի­ՐԱ­ԿԱՆ ԱՐ­ԺԷ­ՔԸ ԳԻՏ­ՆԱԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­բեք խոր­հա՞ծ էք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, կեան­քի ըն­թաց­քին ա­մէն մէկս ո՞ր­քան կը գնա­հա­տենք ի­րա­կան ար­ժէք­նե­րը, կամ ը­սենք՝ ո՞ր­քան գի­տենք ար­ժէ­քը, մեր շուր­ջին­նե­րուն։ Երբ «ար­ժէք գնա­հա­տել», «ար­ժէ­քը գիտ­նալ» կ՚ը­սենք, այս ընդ­հա­նուր է՝ թէ՛ ան­ձի հա­մար, թէ՛ դէպ­քե­րու, ե­րե­ւոյթ­նե­րու հա­մար եւ թէ ա­մէն տե­սակ ի­րե­ղէն­նե­րու՝ ինչ­քե­րու, ա­ռար­կա­նե­րու, գոր­ծիք­նե­րու եւ գոյ­քե­ղէն­նե­րու հա­մար։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք ա­մուս­նու­թեան մա­սին, սա­կայն պէտք է բնա­կան նկա­տուի այս, քա­նի որ ա­մուս­նու­թիւ­նը ան­բա­ժան մէկ տարրն է կեան­քին, եւ մեր ա­ռօ­րեա­յին մէջ միշտ կը դի­մա­ւո­րուինք այս գա­ղա­փա­րով։

ԲԱ­ՐԻՆ ՈՒ ՉԱ­ՐԸ ՃԱՆՉ­ՆԱԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի մէջ կա­րե­ւոր է՝ բա­րին ու չա­րը ճանչ­նալ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ, ի հար­կին կան­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րով ա­ռաջ­քը առ­նել չա­րին ու չա­րա­գոր­ծու­թեան։ Ար­դա­րեւ կեան­քը լե­ցուն է բա­րիք­նե­րով, բայց նաեւ՝ չա­րիք­նե­րով։

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀՈՄԱՆԻՇԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ի­մաս­տու­թիւն» բա­ռը ու­նի հո­մա­նիշ բա­ռեր՝ «խե­լա­հա­սու­թիւն», «փոր­ձա­ռու­թիւն», «խելք», «հան­ճար», ինչ­պէս նաեւ՝ փո­խա­բե­րա­կան ի­մաս­տով՝ «ող­ջամ­տու­թիւն», «ող­ջա­խո­հու­թիւն», «վսե­մա­խո­հու­թիւն», «ե­րե­ւոյթ­նե­րու խոր ի­մա­ցու­թիւն՝ ըմբռ­նում»։ Բո­լոր այս նշա­նա­կու­թիւն­նե­րուն հետ ի­մաս­տու­թիւ­նը կը յի­շուի նաեւ ա­նու­նով մը՝ որ­պէս «հո­մա­նիշ» եւ նոյ­նի­մաստ կամ նոյ­նա­նիշ բառ, որն է՝ Սո­ղո­մոն եւ կը գոր­ծա­ծուի «Սո­ղո­մոն ի­մաս­տուն» ձե­ւով։

Էջեր