Հոգե-մտաւոր

ՀԱՆ­ՐԱ­ՅԻՆ ԿՐԹՈՒ­ԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կրկնուած եւ շեշ­տուած է, թէ՝ երկ­րի մը մէջ հան­րա­պե­տա­կան դրու­թիւ­նը ա­պա­հով եւ տե­ւա­կան մնա­լու հա­մար, անհ­րա­ժե՛շտ է, որ ժո­ղո­վուր­դին ան­հատ­նե­րուն մէջ մտքի զար­գա­ցում մշա­կուի, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րող ըլ­լան ի­րենց ա­զա­տու­թիւ­նը ուղ­ղամ­տու­թեամբ եւ խո­հա­կա­նու­թեամբ գոր­ծա­ծե­լու։

Ա­ՂԱՆԴ, ՀԵՐ­ՁՈ­ՒԱԾ ԵՒ ՀԵ­ՐԵ­ՏԻ­ԿՈ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ա­ղանդ», «հեր­ձուած» եւ «հե­րե­տի­կո­սու­թիւն»՝ այս ե­րե­քը շար­ժում­ներ են, ո­րոնք ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քէ շե­ղած վար­դա­պե­տու­թիւն կը մշա­կեն, ոչ-ուղ­ղա­փառ տար­բեր ու­սու­ցու­մով վար­դա­պե­տու­թիւն կը քա­րո­զեն։ Թէեւ ե­րեքն ալ «շե­ղում» են ուղ­ղա­փառ վար­դա­պե­տու­թե­նէ եւ դա­ւա­նան­քէ, բայց իւ­րա­քան­չիւ­րին բնոյ­թը տար­բեր է՝ թէ՛ ծագ­ման, թէ՛ զար­գաց­ման եւ թէ տա­րած­ման տե­սա­կէ­տէ։

ԱՇ­ԽԱ­ՏԱ­ՍԻ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը աս­տուա­ծա­յին պա­տուի­րան մըն է՝ մար­դուս ա­ռա­ջին ան­մեղ վի­ճա­կին մէջ իսկ տրուած Աս­տու­ծոյ կող­մէ՝ մարդ ա­րա­րա­ծին. «Եւ չոր­րորդ գե­տը Եփ­րատ է։ Եւ Տէր Աս­տուած ա­ռաւ մար­դը ու Ե­դե­մի պար­տէ­զին մէջ դրաւ, որ­պէս­զի զա­նի­կա մշա­կէ ու պա­հէ» (ԾՆՆԴ. Բ 15)։ Ու­րեմն, կը տես­նուի, որ աշ­խա­տան­քը եր­բեք պա­տիժ մը չէ՛ մար­դուն, այլ՝ կո­չում մը, ա­րար­չու­թեան պատ­ճառ եւ հե­տե­ւանք­նե­րէն մի՛ն։

ԿԵԱՆՔԻ ԱՄԵՆԱԼԱՒ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տա­րի­քի մա­սին հար­ցե­րը չեն վեր­ջա­նար։ Ա­հա­ւա­սիկ տա­րի­քի մա­սին հարց մը եւս, թէ՝ ո­րո՞նք են կեան­քի ա­մե­նա­լաւ տա­րի­նե­րը։ Ան­շուշտ հարց մը՝ ո­րուն տրուած պա­տաս­խա­նը կը փո­խուի ա­մէն մէկ ան­ձի նկատ­մամբ՝ իր ապ­րած կեան­քին հա­մե­մատ։

ՀԱՑԻ ԲԱԶՄԱՑԱՆ ՀՐԱՇՔԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ի­րենք պէտք չու­նին եր­թա­լու։ Դո՛ւք տուէք ա­նոնց ու­տե­լի­քը» (ՄԱՏԹ. ԺԴ 16)։ Այս­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս, երբ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռա­ջար­կե­ցին Յի­սու­սի՝ որ­պէս­զի ար­ձա­կէ ժո­ղո­վուր­դը՝ շրջա­կայ գիւ­ղե­րը եր­թան եւ ի­րենց հա­մար ու­տե­լիք հաց ա­պա­հո­վեն։

ՃՇՄԱՐ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԱ­ՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Պի­ղա­տոս հար­ցուց.- Ի՞նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը» (ՅՈՎՀ. ԺԸ 38)։ Ի­րա­պէս խորհր­դա­ւոր հար­ցում մըն է սա, քա­նի որ ընդ­հան­րա­պէս կա­րե­լի չէ՛ յստակ պա­տաս­խան մը գտնել այդ հար­ցու­մին, թէ՝ ի՛նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը։ Չա­փա­զան­ցած կ՚ըլ­լա՞նք, երբ ը­սենք, թէ ա­մէն մարդ ու­նի իր ճշմար­տու­թեան ըմբռ­նու­մը։

ԿԻՐՔԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յայտ­նի ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ՝ կիր­քե­րը ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն մար­դուս ա­ռող­ջու­թեան վրայ։ Երբ կ՚ըն­դու­նինք կիր­քե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը ա­ռող­ջու­թեան վրայ, ա­պա ու­րեմն ի՞նչ է «կիրք»ը։ Ա­մե­նա­պարզ բա­ցատ­րու­թեամբ՝ կիր­քը հո­գիին զօ­րեղ շար­ժո­ղու­թիւնն է։ Եւ երբ ո­րե­ւէ տպա­ւո­րու­թիւն, մար­դուս մէջ սաս­տիկ կեր­պով կ՚արթնց­նէ հա­մա­պա­տաս­խան զգաց­մունք­ներ՝ ո­րոնք մտքի ըն­թաց­քը յան­կար­ծա­կի կեր­պով կը փո­խեն, այդ ժա­մա­նակ նկա­տե­լի կ՚ըլ­լայ՝ «հո­գե­կան յու­զում», այ­սինքն՝ կի՛րք. (Կիրք=emotion, affect)։

ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՑԱՒԱՌԻԹ ԱԽՏԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­տե­լու­թիւ­նը մո­լու­թիւն մըն է՝ որ մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ու­րիշ մո­լու­թիւն­նե­րու, զոր օ­րի­նակ՝ խա­բէու­թեան, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­կա­խօ­սը. «Ա­տո­ղը իր շրթունք­նե­րը կը կեղ­ծէ ու սրտին մէջ նեն­գու­թիւն կը պա­հէ։ Ա­նոր գե­ղե­ցիկ խօս­քե­րուն մի՛ հա­ւա­տար, քա­նի որ ա­նոր սրտին մէջ եօ­թը զզուե­լի բան կայ։ Ան որ իր ա­տե­լու­թիւ­նը նեն­գու­թեամբ կը ծած­կէ, ա­նոր չա­րու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին մէջ պի­տի յայտ­նուի։

ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ըն­տա­նի­քը, ըն­կե­րու­թեան կո­րիզն է, ա­ռանց ո­րու կա­րե­լի չ՚ըլ­լար ա­ռողջ ըն­կե­րա­յին կեանք մը հաս­տա­տել եւ մշա­կել, ու զար­գաց­նել զայն։ Եւ քա­նի որ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը կա­յա­նան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ ի­րա­ւուն­քի վրայ, ու­րեմն ըն­տա­նի­քն կազ­մող ան­դամ­նե­րուն ալ կը վե­րա­բե­րի պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ եւ ի­րա­ւունք, ո­րոնց ներ­դաշ­նա­կու­թեան վրայ կը բարձ­րա­նայ ըն­տա­նի­քի «շէնք»ը՝ բարձ­րաց­նե­լով նաեւ ըն­կե­րու­թեան մե՜ծ շէն­քը։

Էջեր