ԳԵՐՅՈՒԶԱԿԱՆ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ տեսակ տեսակ բնաւորութեան եւ նկարագրի տէր մարդոց հետ կը դիմաւորուինք։ Մարդ զգայուն եւ յուզական խառնուածք ունեցող էակ մըն է եւ այդ պատճառով, ուզէ կամ չուզէ կ՚ազդուի եւ կը տպաւորուի իր շուրջը գտնուած մարդոցմէ եւ պատահած դէպքերէ։