ՅԱՆՑԱՆՔԸ ՄԻԱՆԳԱՄ ՊԱՏԻԺԸ՝ ՄՇՏՆՋԵՆԱԿԱ՛Ն
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ սխալներ, վրիպումներ եւ յանցանքներ անխուսափելի են։ Բայց կան այնպիսի սխալներ, այնպիսի յանցանքներ՝ որոնք կրնան փոխել ամբողջ կեանքին ընթացքը, ո՛չ միայն յանցաւորին, այլ նաեւ՝ ընտանիքի մը եւ կամ ժողովուրդի մը ամբողջ։