Ցաւալի ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա կ՚ապրի արտասովոր ժամանակներ։ Նման իրավիճակներու մէջ, աշխարհի ամէն կողմ, փոքրամասնական հաւաքականութիւնները բարոյահոգեբանական առումով կը դառնան գերզգայուն։ Անհասկնալի, արտասովոր ոչինչ կայ այստեղ։ Թրքահայութիւնն ալ նման հոգեվիճակի մը մէջ է ներկայիս, ապահովաբար մեր երկրի միւս փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն հետ։