Օրակարգի նիւթերը

Հաւատալ ապագային

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​​Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին հեր­թա­կան ցնցու­մը ապ­րե­ցաւ՝ Կա­զիան­թէ­պէն հա­սած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման լու­րով։ Սահմռ­կե­ցու­ցիչ դէպ­քը ու­նե­ցաւ շատ ծանր հե­տե­ւանք­ներ. ա­ւե­լի քան յի­սուն զո­հեր։

Ինչպէ՞ս…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Իր աշ­խա­տակ­ցած թեր­թին մէջ զբա­ղե­ցու­ցած սիւ­նա­կը՝ եր­բեմ­նի սեւ պե­խե­րով ու քի­թով խորհր­դան­շած հրա­պա­րա­կա­գիր մը այս շաբ­թուան հեր­թա­կան յօ­դուա­ծին մէջ անդ­րա­դար­ձեր է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ լոյս տե­սած գրու­թեան մը։ Հե­ղի­նա­կը քննա­դա­տե­լի նկա­տեր է մեր թեր­թին մէջ լոյս տե­սած յօ­դուած­նե­րէն մէ­կուն բո­վան­դա­կու­թիւ­նը եւ իր հա­կա­փաս­տարկ­նե­րը թուար­կեր՝ այդ յօ­դուա­ծը ստո­րագ­րած մեր աշ­խա­տակ­ցին դէմ։ Մին­չեւ այս­տեղ ան­հասկ­նա­լի կամ ա­նըմբռ­նե­լի ո­չինչ կայ. բնա­կան ե­րե­ւոյթ։

Ցաւալի ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուր­քիա կ՚ապ­րի ար­տա­սո­վոր ժա­մա­նակ­ներ։ Նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ, աշ­խար­հի ա­մէն կողմ, փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ա­ռու­մով կը դառ­նան գերզ­գա­յուն։ Ան­հասկ­նա­լի, ա­րտա­սո­վոր ո­չինչ կայ այս­տեղ։ Թրքա­հա­յու­թիւնն ալ նման հո­գե­վի­ճա­կի մը մէջ է ներ­կա­յիս, ա­պա­հո­վա­բար մեր երկ­րի միւս փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։

Նիսի մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս ջուրերը դեռ չեն հանդարտիր…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մի Նի­սի ծու­խին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը Ս. Աս­տուա­ծած­նի տա­ղա­ւա­րին ըն­դա­ռաջ վերս­տին օ­րա­կար­գի վրայ են։ Օ­րի­նա­ւոր Ծխա­կան խոր­հուր­դը ար­դէն բո­լոր պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը տե­սած է տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ։ Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն տրա­մադ­րուած ֆրան­սա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Հանրահաւաք

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը կը շա­րու­նա­կէ մնալ Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գին թիւ մէկ նիւ­թը։ Ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի բա­ցա­յայտ­ման գոր­ծըն­թա­ցը, ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծի լայ­նա­ծա­ւալ հե­տաքն­նու­թիւ­նը քա­նի մը շա­բա­թէ ի վեր կը գտնուին հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին։

Ընդունակութիւն

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուր­քիա շուրջ տա­սը օ­րէ ի վեր ցնցիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու շա­րան մը կ­­՚ապ­րի։ Պե­տա­կան հա­րուա­ծի ձա­խող փոր­ձը ե­կած է հիմ­նո­վին փո­խել երկ­րի կլի­ման։ Ա­ռա­ջին օ­րե­րուն խու­ճա­պի եւ տագ­նա­պի տպա­ւո­րու­թիւ­նը, զգա­ցու­մը գե­րակ­շիռ էր։ Երբ ան­ցան օ­րե­րը, բա­ւա­կան կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին սկսաւ գե­րակշ­ռել այն հա­մո­զու­մը, թէ երկ­րին կեան­քը պէտք է փու­թով վե­րա­դառ­նայ իր բնա­կա­նոն հու­նը։

Միջազգային գործօններ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուր­քիոյ մէջ պա­տա­հած զի­նեալ յե­ղաշր­ջման ձա­խող փոր­ձը լայն ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ։ Բնա­կա­նա­բար հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջին հեր­թին ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կեդ­րո­նա­ցած է ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին վրայ, սա­կայն այս խնդի­րը Թուր­քիոյ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ եւս մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը բե­րէ իր հետ։

Գերադաս արժէքներ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուր­քիա ճա­կա­տագ­րա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու բո­վով կ՚անց­նի։ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նին ստեղ­ծուած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բո­լոր նա­խըն­թաց­նե­րը ար­դէն փոր­ձա­քա­րի մը դէմ յան­դի­ման մնա­ցած են։ Սուր եր­կընտ­րանք­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը ձգուած է երկ­րին առ­ջեւ։

Երաշխիք

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը վար­չա­ձեւ մըն է, որ ա­նընդ­հատ կը վե­րա­նո­րո­գուի, կը թար­մա­նայ։ Մարդ­կա­յին մտքին մէջ որ­քան որ տա­րա­ծուին, ընդ­լայ­նուին ա­զա­տու­թեան սահ­ման­նե­րը՝ այն­քան նաեւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը հա­սուն­նայ զու­գա­հե­ռա­բար։

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի Հայաստան կատարած այցելութեան լոյսին տակ նոր հեռանկարներ ու վարկածներ (Բ.)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կրօ­նը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի լուրջ գոր­ծօն մը կը դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ճիշդ է, որ ա­ռար­կա­յա­կան շա­հե­րու գնա­հատ­ման տե­սան­կիւ­նէն կրօ­նակ­ցու­թեան մղու­մով ա­ռաջ­նոր­դուի­լը չի տե­ղա­ւո­րուիր մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մտայ­նու­թեան մէջ, սա­կայն ընդ­հան­րա­պէս կրօ­նի գոր­ծօ­նը տա­կաւ կը շեշ­տուի զա­նա­զան հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ։

Էջեր