Ժամանակ մսխելու ռիսքերը
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Պատրիարքարանի մէջ սարքած երէկուան մամլոյ ասուլիսը մէկ կողմէ եկաւ վերահաստատել հին մտահոգութիւնները, իսկ միւս կողմէ ծնունդ տուաւ նոր հարցականներու։ Մեր տպաւորութիւնը այն է, որ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ փակուղին կը խորանայ։