Օրակարգի նիւթերը

Անշեղ առանցք

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Հրանդ Տինք» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ այս օրերուն կազմակերպուած քննարկումները ունին շատ հետաքրքրական բնոյթ։ Հայկական մշակութային արժէքները կը գտնուին աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ։

Շիրինօղլուի գործօնը

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համայնքային կեանքի առկայ անորոշութեան մթնոլորտին մէջ, Պետրոս Շիրինօղլու վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ։ Անցեալ տարուան սկիզբին, Յունուարին, Շիրինօղլու դարձեալ ընդունուած էր Պեշթեփէի մէջ։

Նոր օրացոյց, նոր հանելուկ…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Օրացոյցի վերջին թերթիկն է մեր հայեացքին առջեւ. այլեւս չկայ յաջորդ մը։ Յաջորդը ուղղակի նո՛ր օրացոյց մըն է, յաջորդ թերթիկը իր հետ կը բերէ նո՛ր տարի մը։ Հիմա մեր աչքին առջեւ վերստին յայտնուած է՝ հնարաւոր առաւելագոյն հաստութեամբ օրացոյց մը։

Այսօր պէտք է գումարուէր Ազգային պատգամաւորական ժողովը՝ ընտրելու համար Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը. մեր համայնքին առջեւ դրժուած խոստում

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ըստ 17 Օ­գոս­տոս 2017 թուա­կա­նին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյ­ցին, Թուր­քիոյ հա­յոց 85-րդ պատ­րիար­քը ընտ­րե­լու հա­մար այ­սօր իսկ պէտք է գու­մա­րուէր Ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը։
Ա­ւե­լի՛ն, տա­կա­ւին ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ ընտ­րուած պէտք է ըլ­լա­յին ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, իսկ ան­ցեալ Կի­րա­կի մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը քուէա­տու­փի մօտ փու­թա­ցած պէտք է ըլ­լա­յին՝ ընտ­րե­լու հա­մար աշ­խար­հա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը։

ՇՆՉԱՍՊԱՌ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մանրամասնութիւններ՝ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) 2017-2018 շրջանի առաջին ժողովէն, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Առկախեալ ընտրութիւնները այնպիսի հետեւանքներ կ՚ունենան, որ մեր հաւաքական կեանքէն ներս մշուշապատ վիճակի մը պայմաններուն ներքեւ օրէ օր կը կուտակուին նոր հարցականներ:

Ապագայի համար նշաններ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ներքին ու արտաքին գործօններով պայմանաւորուած բազմաթիւ ազդեցութիւններու լոյսին տակ Թուրքիոյ մէջ նոր շրջան մը կը ձեւաւորուի։ Քաղաքական իրադրութիւնը էապէս կը տարբերի մօտաւոր անցեալէն։ Հաշուի առնելով երկրի առջեւ ծառացած դժուարութիւններն ու մօտաւոր անցեալին յաղթահարուած փորձութիւնները՝ հանրային կարծիքին մօտ զգալի է ընդհանուր վերապահութիւն մը։

Մամլոյ մասին գանգատներ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երէկ երեկոյեան առիթն ունեցանք հեռաձայնի վրայ զրուցելու տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց մեր զրոյցը։ Երբ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ դարձեալ կուտակուած են հարցականները՝ այս զրոյցը անգնահատելի հնարաւորութիւն մըն էր մեզի համար։

ԴԷՊԻ ԱՆԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի ծաւալած գործունէութիւնը հասած է կաթուածահար ըլլալու եզրին:
Ատենապետը երէկ հրաժարեցաւ:
Առանց մինչեւ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վերադարձը համբերելու՝ Սարգիս Քիւլէկէչը ներառեալ հինգ հոգի դուրս եկաւ կազմէն: Միւս անուններն են՝ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, Անդրանիկ Քէօսէտաղ, Խաչիկ Ճանէլ եւ Դաւիթ Տամլա: Համայնքային շրջանակները անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին զարգացումներուն ու կը սպասեն յառաջիկայ իրադարձութիւններուն:

ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի առկայ վիճակին շուրջ բազմակողմանի խորհրդակցութիւն մը՝ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պետրոս Շիրինօղլու եւ Սարգիս Քիւլեկէչ երէկ յետմիջօրէին ընդունուեցան Վասիփ Շահինի կողմէ: Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ պետական մարմինները լուծման հեռանկարը կը տեսնեն թրքահպատակ երկու սրբազաններու համագործակցութեան ուղղութեամբ: Կուսակալը յանուն իշխանութիւններուն հերթական անգամ պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ նոր հոգեւոր պետի մը ընտրութեան նպաստելու մասին, ըստ կարգ ու կանոնաց եւ աւանդական ձեւով:
Համայնքային պատուիրակութիւնը նահանգապետարանէն հրաժեշտ առնելէ վերջ ուղղակի անցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ծաւալուեցան երկար քննարկումներ: Կրօնական ժողովի ատենապետը իսկոյն հեռաձայնով տեղեակ պահեց տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը: Նախաձեռնարկ մարմինը այսօր ժողով մը կը գումարէ Գումգաբուի մէջ: Իրադարձութիւններու ընթացքը հետզհետէ կը թեւակոխէ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ շաբաթներէ ի վեր մատնանշուած հունը:

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի յայտարարութիւններու լոյսին տակ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական Աթոռի սրբազաններէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենայ բանավէճ մը։ Առճակատում մը չէ այս մէկը, այլ՝ կարծիքներու հրապարակային փոխանակում մը։ Նման ծանր իրավիճակներու մէջ թէեւ մամլոյ միջոցաւ կամ հրապարակաւ տեսակէտներու փոխանակումը շատ յաճախ կրնայ այդքան ալ նպատակայարմար չըլլալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս պարագային կայ բացառութիւն մը։

Էջեր