Օրակարգի նիւթերը

Մարտի 8

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Այսօր համայն աշխարհի մէջ կը նշուի Մարտի 8-ը։ Համաշխարհային կանանց օրն է։ Աւանդաբար այս օրը հաստատուած է հասարակութեան կեանքէն ներս վաստակ ներդնող, ֆիզիքական ուժով աշխատող կանանց համար, սակայն շուտով շատ աւելի համապարփակ նշանակութիւն մը ստացած է։

Զօրակցութիւն Րաֆֆի Տուտագլեանին

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Վերջին օրերուն Պէյրութի մէջ պատահած է տհաճ դէպք մը։ Յարձակման ենթարկուած է յայտնի մտաւորական ու հասարակական գործիչ Րաֆֆի Տուտագլեան։ Գանատայէն Հայաստան հաստատուած ըլլալով՝ ան վերջին տարիներուն կը ծաւալէր բեղուն գործունէութիւն։ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի տեղւոյն մասնաճիւղի պատասխանատուն ըլլալու առընթեր, Րաֆֆի Տուտագլեան հրապարակագրութեան կալուածին մէջ կատարած արտադրանքով առանձնացած է՝ բառին բուն իմաստով։

1 Մարտի դէպքերու տասներորդ տարելիցը

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի 1 Մարտ 2008 թուականի դէպքերուն տարելիցը։ Ցաւալի ու ողբերգական իրադարձութիւններէն տասն տարի անց հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան կը հետեւի տարելիցին եւ այդ առթիւ փոխանցուած պատգամներուն։

ՉՊԱՌԱԿՏՈՒԻ՛ՆՔ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Ս. Պատարագի ընթացքին պատահած ցաւալի դէպքը հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ մեր համայնքէն ներս բեւեռացումներէ խուսափելու եւ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Հաւաքական կեանքի բոլոր հարցերու լուծման բանալին է՝ իրարու նկատմամբ յամառօրէն սէրն ու յարգանքը:

Գործի լծուիլ…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կրօնական ժողովի երէկուան զեկոյցը Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի որպէս պատմական տուեալ։ Մեր Աթոռի տարեգրութեանց մէջ այդ զեկոյցը միշտ ուշադրութեան առարկայ պիտի մնայ։ Պատմական տուեալները միշտ չէ, որ միանշանակ բնոյթ կը կրեն՝ լաւ կամ վատ ըլլալու առումով։ Կան այդպիսիներ, որոնք միանշանակ լաւ կամ վատ կը համարուին։

Այլեւս յաղթահարել…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ 

Իսթանպուլի կուսակալութենէն Գումգաբու հասած վերջին ծանօթ պաշտօնագիրը կը շարունակէ բնորոշել մեր համայնքին օրակարգը։ Այս գրութիւնը մէկ կողմէ կը յստակացնէ պետութեան վերաբերմունքը, իսկ միւս կողմէ կարգ մը նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ մեր համայնքին տեսակէտէ։

Սպասուած պատասխանը եւ հնազանդութիւն

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Եւ ահա՛, ի վերջոյ եկաւ պետութենէն սպասուած պատասխանը։ Պատրիարքական ընտրութեան տագնապը արդէն թեւակոխած է նոր փուլ մը։ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ երէկ Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնական նամակը ունի շատ կարեւոր բնոյթ։

Գումգաբուէն կը հասնին պառակտման լուրեր

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երբ պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը մատնուած է բորովին անորոշ կացութեան մը, առկայ փակուղիի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն համայնքային շրջանակներէ ներս կարգ մը լսումներ մտած են շրջանառութեան մէջ։ Այսպէս, ըստ այդ անպաշտօն լսումներուն, Նախաձեռնարկ մարմինը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ դատ բացած է պետութեան դէմ։

CCAF-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Hôtel du Collectioneur»ի շքեղ սրահներուն մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը:
Պատուոյ հիւրն էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, որ հաւասարակշռուած մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի վերաբերեալ զանազան հարցերու շուրջ քաղաքապետ Անն Իտալկօ մետայլով մը պարգեւատրեց երեսփոխան Կարօ Փայլանը: Փարիզէ ներս յառաջիկային պիտի բացուի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար:
Փորձագիտութիւններու կեդրոնի մասնաճիւղը՝ ներշնչուած Երեւանի օրինակէն:
Ֆրանսահայ համայնքի ընտրանին ընդգծեց զգայնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։

 

Էջեր