Նուրբ կէտեր
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ընտրութիւններու խնդիրը կը շարունակէ մնալ թրքահայ համայնքային օրակարգի հիմնական հարցերէն մին։ Մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնը առկախեալ վիճակի մէջ է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ընտրութիւններու խնդիրը կը շարունակէ մնալ թրքահայ համայնքային օրակարգի հիմնական հարցերէն մին։ Մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնը առկախեալ վիճակի մէջ է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Քանի մը տարի առաջ Պատրիարքարանի մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր քեզի համար։ Հերթական պարգեւներէդ մին պիտի ստանայիր։ Տրամադրութիւնդ բարձր էր։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ամբողջ հայութիւնը, որոշ փուլէ մը սկսեալ նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը ամիսներէ ի վեր կը հետեւի Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութեան։ Շուրջ հինգ ամիսէ ի վեր ան կը վարէ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը, ստանձնած է հայոց պետականութեան ղեկը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է այսօր։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով կը նշէ այս մէկը։ Թէեւ կրօնական տօն մըն է, բայց սա տարբեր է, որովհետեւ ունի ազգային երեսակ, տարբեր է համաքրիստոնէական միւս տօներէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ստորագրութեամբ համայնքային մամուլին մէջ երէկ լոյս տեսաւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը, որ կը կրէր «Շնորհակալիք» խորագիրը։ Բովանդակութիւնը պարզ շնորհակալութենէ մը շատ աւելին էր անշուշտ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Համայնքապատկան կալուածներու խնդիրը անպակաս է թրքահայութեան օրակարգէն։ Կար ժամանակ մը, մօտաւոր անցեալին, երբ մեր համայնքը միշտ կը գանգատէր կալուածներու պարագային կատարուած անարդարութիւններէ, իրաւունքի ոտնձգութիւններէ եւ անոնց արժեւորման համար դրուած արգելքներէ։ Ժամանակները փոխուեցան, պետութիւնը տարբեր վերաբերմունք որդեգրեց եւ փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներու ծիրին մէջ համայնքապատկան կալուածներու արժեւորման առջեւ նոր հորիզոն մը բացուեցաւ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Շարլ Ազնաւուրի կորուստին հետ դէմ յանդիման, մեր խոնարհումը կը բերենք՝ իր մարմնաւորած կերպարին եւ վիթխարի վաստակին առջեւ։
Ազնաւուր ֆրանսական շանսոնի արքան էր եւ հայոց ազգային հերոսը։ Իր մահէն վերջ կը նշուի, որ ան աշխարհի ամենայայտնի ֆրանսացի արուեստագէտն էր եւ աշխարհի ամենայայտնի հայը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ կեանքի ներկայ իրավիճակին կապակցութեամբ խորհրդածութիւններ՝ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած ատենապետներու ժողովի լոյսին տակ:
Առկախեալ ընտրութիւններու հետեւանքով մեր վարչայինները մէկ կողմէ թէեւ գերյոգնած վիճակի մէջ են, իսկ միւս կողմէ պարտաւոր են դիմագրաւելու վիթխարի նիւթական մարտահրաւէրներ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ վարժարաններու ցանցը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ։ Համայնքի օրակարգը ներկայիս ծանրաբեռնուած է համապատասխան խնդիրներով։ Տարիներէ ի վեր մեր համայնքը մեծ զոհողութիւններով կը պահէ թէ՛ դպրոցները եւ թէ միւս հաստատութիւնները։ Այդ կառոյցներու ցանցը ստեղծուած է այնպիսի ժամանակներուն, երբ այս քաղաքին մէջ ո՛չ միայն շատ բարձր թիւով հայեր կ՚ապրէին, այլեւ՝ քաղաքի ընդհանուր բնակչութեան մէջ հայերը կը կազմէին լուրջ համեմատութիւն ու բոլոր բնագաւառներու մէջ ունէին ստուար ներկայութիւն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2018-2019 կրթական շրջանի վերամուտին զուգահեռ թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս հակասական երեւոյթները իրարու կը յաջորդեն մեր վարժարաններու առկայ խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Ամրան ամիսներէն սկսեալ համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտան «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» կոչուած նախաձեռնութեան վերաբերեալ լուրերը։