Յիշելով երախտաշատ վարպետը. Հերպերթ Պաղտասարեան 80 տարեկան…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայկական զանգուածային լրատուական աշխարհը այս շաբաթավերջին կը վերյիշէ երախտաշատ անուն մը՝ հանգուցեալ Հերպերթ Պաղտասարեանը։ Երէկ իր ծննդեան տարեդարձն էր. պիտի դառնար 80 տարեկան։ Հերպերթ Պաղտասարեանի 80-ամեակը յետ մահու հատուցուած երախտագիտութեան տուրք մը չէ, այլ արդի բարոյական պարտք մը։