Օրակարգի նիւթերը

Սպասման օրեր

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին շուրջ ստեղ­ծուած փա­կու­ղին կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել հա­մայն­քա­յին օ­րա­կար­գը։ Այս օ­րե­րուն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ու­շի ու­շով կը հե­տե­ւին վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Կանաչ լոյս

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան եր­կա­րա­շունչ գոր­ծըն­թա­ցը վեր­ջին ինն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին միշտ զու­գոր­դուե­ցաւ յուսա­խա­բու­թիւն­նե­րով, տհաճ ա­նակն­կալ­նե­րով եւ ի­րե­րա­մերժ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով։ Մեր հա­մայն­քը պրկուե­ցաւ, յոգ­նե­ցաւ ու ջլա­տուե­ցաւ։ Յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը հա­մա­կեց թրքա­հա­յոց ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը։

ՆԱԽԱԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ընտրեալ-տեղապահը երէկ գիշեր Իսթանպուլէն անցնելով այս առաւօտ հասաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
ԳՀԽ-ի Մոսկուայի մօտալուտ ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին ընդառաջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Վեհափառ Հայրապետին մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապին վերջին իրադարձութիւնները:

ՆԵՐԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուրկէ ալ պիտի ուղեւորուի դէպի Մոսկուա՝ մասնակցելու համար ԳՀԽ-ի ժողովին:
Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահը երէկ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին միջոցաւ հերքեց իր հրաժարականին վերաբերեալ լուրերը, որոնք շրջանառութեան մէջ մտան Հայաստանի կարգ մը կայքէջերու հաղորդումներով: Նորին Սրբազնութիւնը դրական կը նկատէ 24 Ապրիլի պատգամին ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ ընտրութեան հարցին կատարուած անդրադարձը:

ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակուած պատգամին մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին կատարուած անդրադարձը նոր յոյսերու եւ լաւատես ակնկալութիւններու ծնունդ տուաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ վերջին օրերուն ծիլ տուած է թարմ երկխօսութիւն մը՝ աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապի յաղթահարման համար: Երկու սրբազանները թէեւ ունին տարբեր մօտեցումներ, սակայն հակուած չեն հարցերը անձնականացնելու ու պատրաստակամ են լուծման համար համատեղ աշխատանքի:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան քաղաքէս բաժնուած է զգացականութեամբ, Գերմանիոյ մէջ կը սպասէ լաւ լուրերու եւ իր Իսթանպուլ գալու թուականը առայժմ անստոյգ 

Դուրս գալ նեղ շրջանակէն

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը կը շա­րու­նա­կէ մնալ փա­կու­ղիի մէջ։ Ս. Զատ­կի տօ­նի եւ հան­րա­քուէի ա­ւար­տին, թրքա­հայ  ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս հրա­տապ օ­րա­կար­գը վե­րա­կանգ­նուած է՝ բո­լոր բարդ ե­րե­սակ­նե­րով։

ԵՐԹԵՒԵԿԸ Կ՚ԱՇԽՈՒԺԱՆԱՅ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած փակուղին տօնական շրջանի եւ հանրաքուէի աւարտին միշտ կը բնորոշէ համայնքին օրակարգը:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ խորհրդակցութիւն մը կ՚ունենան VADİP-ի համակարգման խորհուրդի անդամներուն հետ՝ քննարկելով առկայ ծանր խնդիրներն ու լուծման հեռանկարները:

ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՀՈՒՆ ՁԱԽՈՂՈՒՄ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ընտրեալ-տեղապահն ու ընդհանուր փոխանորդը երէկ որոշ չափով զարգացուցին իրենց երկխօսութիւնը, սակայն չկրցան հասնիլ վերջնական արդիւնքի:
Առաւօտուն Պատրիարքարանի մէջ քննարկումները շարունակուեցան մինչեւ կէսօրուան ժամերը: Շօշափելի տեղաշարժի մը բացակայութիւնը օրակարգէ դուրս թողուց Իսթանպուլի կուսակալութեան հետ նոր շփումի մը պարագան: Յետմիջօրէին Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր տեսակցեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ: Նորին Սրբազնութիւնը վաղը պիտի մեկնի Մարսէյլ, ուրկէ պիտի վերադառնայ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին եւ այդ փուլին դարձեալ պիտի վերակենդանանայ գործընթացը:

Ճկուն եւ արդար լուծում

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի մի­ջեւ ե­րէկ սկսաւ կա­րե­ւոր երկ­խօ­սու­թիւն մը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րէն ի վեր ան­ցած ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին տե­ղի ու­նե­ցան բազ­մա­թիւ բարդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, յայ­տա­րա­րուե­ցան ի­րե­րա­մերժ դիր­քեր ու կա­տա­րուե­ցան հա­կա­դիր յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։

Էջեր