ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբուի տաղաւարի ընդունելութեան եւ VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին յստակեցան թրքահայ համայնքի 2017 թուականի առաջնահերթութիւնները:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս շրջանին կը փոխանցեն դրական պատգամներ, ինչ որ կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ ապագայ իրադարձութիւններու պարագային համախոհութիւն մը կամ փոխըմբռնում մը գոյացած է անոնց միջեւ: