Արխիւ
Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը ձեռնարկեց նոր եղանակի առաջին աշխատանքին:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստացաւ Հեսսէնի խաղաղութեան մրցանակը, զոր իրեն յանձնուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դատավարութիւնը շարունակուեցաւ՝ Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ «Ամրոց» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած միջազգային համաժողովի մասնակիցները:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ՝ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ կազմակերպուած ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը: Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու առկայ հիմնախնդիրներու պայմաններուն ներքեւ դատապարտելի համարուեցաւ իշխանութիւններու կողմէ սահմնադրական կարգավիճակի ոտնահարումը:
Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Գերմանիա։ Այսպէս, Վիսպատէնի մէջ, Հեսսէնի տեղական խորհրդարանէն ներս հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանին կը շնորհուի Հեսսէի խաղաղութեան մրցանակը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան մէջ կարելի է տեսնել Աստուծոյ մեծութիւնը։ Զոր օրինակ, բուսական աշխարհին մէջ Աստուծոյ ճաշակը եւ վայելչութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կան ժապաւէններ, որոնք կը դիտենք, կը խնդանք եւ վերջաւորութեան կը մոռնանք։ Կան նաեւ ժապաւէններ, որոնք առաջին հայեացքով թեթեւ, չափազանցուած ու անհեթեթ կը թուին, բայց տարիներ անց, երբ իրական կեանքը սկսի անոնց տեսարաններուն որոշ չափով նմանիլ, կը հասկնանք, թէ որքան անհանգստացնող բան մը դիտած ենք։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տակաւին երիտասարդ ես ու կը կարծես, թէ դիւրին պիտի ըլլայ աշխարհը նուաճելը, սակայն, ժամանակը պիտի սորվեցնէ, որ աշխարհը նուաճելու համար բաւարար չէ երազներ ունենալը։
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, մեր այս պատմական սրբավայրը ընդգրկուած էր՝ Եւրոպայի ժամանգութեան օրերու ծրագրին մէջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վերջին օրերուն կարեւոր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առկայ հարցերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ս. Աթոռի յայտարարութիւնը։
Նախագահ Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց Ապտուլլահ Բ. թագաւորն ու նախագահ Աունը: Ֆրանսա կը ձգտի Մերձաւոր Արեւելքի դերակատարներուն հետ համագործակցութիւնը նոր հարթութեան վրայ դնել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած ինքզինք կը յայտնէ որպէս Սէ՛ր։ Աստուած, «Որ Էն», ինքզինք յայտնեց իբրեւ Ան՝ որ «հարուստ է շնորհքով եւ հաւատարմութեամբ». (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։ Ուստի, Աստուած, իր բոլոր գործերուն մէջ, ցոյց կու տայ իր բարեհաճութիւնը, իր բարութիւնը, իր շնորհքը, իր իմաստութիւնը, իր ՍԷՐը, բայց, նաեւ իր հաստատամտութիւնը, իր ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր առաջին անգամ ըլլալով կը մեկնիս օտարութեան եւ որոշ ժամանակ ամէն բան պիտի ըլլայ նոր ու անծանօթ. դէմքերը նո՛ր, բարեւը նո՛ր, հացին ու ջուրին համը անգամ նոր։ Ժամանակ մը ետք պիտի դադրին օտար ըլլալէ.
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամրան, շուրջ երկու ամիս, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս կազմակերպուած էր «Հայաստան. բաց դուռ» խորագիրով ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Մեծ Հայրենադարձութեան 80-ամեակին (1946-1949)։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական ոսկերչութեան պատմութիւնը՝ պատմութիւն է սերունդներու կողմէ պահպանուած վարպետութեան, մանրամասնութեան հանդէպ անզիջում վերաբերմունքի եւ ստեղծագործական այն ոգիին, որ հայ վարպետները իրենց հետ տարած են աշխարհի տարբեր ծայրերը։
«Նազովրեցի» միջազգային բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութեան այցը՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպման ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Երեւանի մէջ գեղարուեստական կեանքը կը շարունակէ մնալ աշխոյժ։ Վերջին օրերուն թատերասէրներուն տեսակէտէ մեծ վայելք մը դարձաւ՝ «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ. Տեժավիւ» խաղին հետեւիլը։
Երէկ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ին եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հանդիպում մը ունեցան Փեքինի մէջ։ Միջազգային լրահոսին մէջ լայն ուշադրութեան արժանացաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկումներ ծաւալուեցան Փեքին-Թեհրան օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ։
Վարչապետ. «Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխը կենսական նշանակութիւն չունի Հայաստանի համար»: Փաշինեան-Փութին հաւանական հանդիպման ընդառաջ, Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ միշտ լարուածութիւն: