Արխիւ
Տ. Արամ արք. Աթէշեան այսօր կէսօրուան ժամերուն մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Սրբազնութիւնը THY-ի Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով հասաւ Հայաստան։
Երէկ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան՝ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ օրուան պատգամը։ Խաչվերացի տօնին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ պատմական եկեղեցիէն ներս։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Տեղեր կան, որոնք յաւերժական երազային են եւ երազներ կը հիւսեն անդադար: Այդ հիւսուող երազները մեր անձի տեսակի, բջիջներու, ժառանգականութեան, յուշաքոտաւորման կողքին, զանազան գիտութիւններու առարկայ են կա՛մ նոյնինքն գիտութիւն կը ստեղծեն:
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Բարեւ ձեզ, հա՞յ էք»:
Օգոստոս 2026, Պուտվա, Մոնթենեկրօ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պատմաբան, լեզուաբան, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (մինչեւ 1856) եւ հայ քննական պատմագրութեան հիմնադիր Անտոն (Մատաթիա) Գարագաշեան ծնած է Պոլիս, 1818 թուականի փետրուարի 11-ին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին երեւելի դարձած է, որ Հիւրմիւզի նեղուցին մէջ խաղը կը փոխուի։ Մինչեւհիմա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ դիմակայութիւնը հիմնականօրէն կը զարգանարտնտեսական պատժամիջոցներու, ծովային շրջափակման, ռազմական խարիսխներու հարուածներու եւփոխադարձ սպառնալիքներու շրջանակին մէջ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանն ու գործակից ընկերները։
Երէկ, Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնապէս հիւրընկալեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն Թուրքիա ժամանած ուխտաւորներու խումբը՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
12 սեպտեմբերին՝ 47 տարի առաջ այսօրուան պէս, 1979-ին, պոլսահայութիւնը մասնաւորապէս, համայն հայութիւնը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, ցնցուեցաւ 20-րդ դարու հայազգի սակաւաթիւ լեզուագէտներէն, պատմաբաններէն ու առասպելական հոծութեամբ նշանաւորուող գիտնականներէն մէկուն՝ Յակոբ Մարթայեանի (Պոլիս, Պիւյիւքտէրէ, մանկութիւնը՝ Կէտիկփաշա թաղին մէջ անցուցած, 22 մայիս 1895 - Պոլիս, 12 սեպտեմբեր 1979, թուրք հասարակութեան կողմէ առաւելապէս ճանչցուած Ակոբ Տիլաչար, որ թարգմանի՝ «Լեզու-բացող) մահուան դառնակսկիծ բօթով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կենաց փայտովդ պահպանէ՛ զիս տխրական անուրջներէ. արիւնովդ սրսկէ՛ հանգստարանիս շրջակայքը. կենարար կողիդ կաթուածքովը գծագրէ՛ ելեւմուտիս հետքերը. տանիքիս պահպանարանը թող խաչիդ ձեւը ըլլայ…». (ՆԱՐԵԿ, Բան ՂԱ)։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Խաչվերացի սուրբ տօնը ամէն տարի մեզ դարձեալ կը բերէ Սուրբ եւ Կենարար Խաչին դիմաց՝ այն խորախորհուրդ սրբութեան առջեւ, ուր անճար լոյսով կը փայլի Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնն ու փրկագործ կամքը։ Քրիստոնեային համար խաչը սոսկ տառապանքի կամ մահուան խորհրդանիշ մը չէ. ան կեանքի ծառ է, յաղթանակի նշան եւ փրկութեան դրոշմ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի մօտիկ անցեալի պատմութեան ծանօթ իւրաքանչիւր հայորդի լաւապէս գիտէ մօտաւորապէս կէս դար առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ տեղի ունեցած ամօթալի իրադարձութիւնները՝ որոնք պատմութեան մէջ կը մնան ու պիտի մնան որպէս մեծ խարան:
Ցաւով տեղեկացանք, որ Իսթանպուլի մէջ դարմանման տակ կը գտնուի՝ Երեւանէն յայտնի վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեան։ Այս վերջինը քանի մը օրէ ի վեր կը գտնուէր Թուրքիոյ մէջ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունենալէ վերջ, Ռիչըրտ Կիրակոսեան անցած է Իսթանպուլ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ երէց սերունդի մտաւորական Գէորգ Պետիկեանը, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ իր կողակցին՝ Լիզա Պետիկեանի հետ։ Գէորգ եւ Լիզա Պետիկեան ամոլը յառաջիկայ օրերուն պիտի միանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն զբօսաշրջիկներու խումբի մը, որ շրջագայութիւն մը պիտի իրականացնեն դէպի Անատոլու՝ տեսնելու համար երբեմնի հայաբնակ գաւառները։
Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան այսօր երեկոյեան հրաժեշտ կ՚առնէ քաղաքէս:
Ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբը երէկ ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Երէկ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, տիեզերական հարցերուն ձօնուած միջազգային գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ Սուրիոյ եւ Իրաքի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Թոմ Պարաքը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդ արարածը թերեւս աշխարհ եկած առաջին իսկ օրէն սկսած է փնտռել։ Նախ՝ ապաստան մը մթութեան մէջ, կրակ մը ցուրտին դէմ, սնունդ մը սովը յագեցնելու համար։ Յետոյ՝ անուններ տուաւ զինք շրջապատող բաներուն, նայեցաւ երկինքին, հաշուեց աստղերը եւ սկսաւ հարցնել այն հարցումները, որոնց պատասխանները դեռ այսօր ալ ամբողջութեամբ չունինք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղօթքի ընթացքին սովորական դժուարութիւնը մեր մտացրումն է։ Ան կրնայ պատահիլ բառերուն եւ անոնց իմաստին շուրջ, ձայնիւ աղօթքին պահուն կամ աւելի խորապէս՝ մեր աղօթած Աստուծոյ մասին, ծիսական կամ անհատական, ձայնիւ աղօթքի պահուն, կամ մտածականի եւ հայեցողական, այսինքն մտաւոր նայուածքով կատարուած աղօթքի պահուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այն, ինչ որ այսօր վտանգաւոր կը նկատենք, անցեալին դրական ընկալում մը ունէր։ Հայ ժողովուրդը կարեւոր կը նկատէր ունենալ անհատներ, որոնք հայ ըլլալով հանդերձ կը յաջողին որպէս ֆրանսացի, որպէս ամերիկացի մտածել, որովհետեւ այդ մէկը թէ՛ առեւտուրի եւ թէ այլ ոլորտներու մէջ կրնար դրական արդիւնք տալ։