Արխիւ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակը կը տօնենք այսօր: Կը տօնենք, կ՚ըսեմ, քանի որ աշխարհի բոլոր երկիրներու պատմութեան մէջ «տօն» կը համարուի անկախութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինքնիշխան պետութիւնը կը շարունակէ մնալ երաշխիքը այն բոլոր արժէքներուն, որոնք աշխարհացրիւ ազգի համախմբման հասարակաց յայտարարը կը հանդիսանան:
21 Սեպտեմբերի մեծ ոգեւորութիւն:
Համազգային ցնծութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 35-ամեակի յոբելեանը ամբողջ հայութեան կողմէ կը նշուի՝ ապագայի նկատմամբ վառ յոյսերով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ամէն տարի, գրեթէ նոյն ժամանակաշրջանին, աշխարհը դարձեալ կը սպասէ նոյն ծիսական արարողութեան։ Նոր «iPhone» մը պիտի ներկայացուի։ Նոր մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եղանակները, կարծես կեանքի հանգրուաններուն կրկնօրինակներն են։ Գարունէն մինչեւ ձմեռ՝ կեանքին սկիզբը եւ վախճանը կը պատկերացնէ։ Այս իմաստով, աշունը ձմեռուան գուժկանն է, եւ այս իսկ պատճառով՝ աշունը ընդհանրապէս տխուր եւ մելամաղձոտ զգացուներու շրջան մըն է շատերու համար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատեր թող չկարծեն, թէ հրապարակախօսներ «նահանջ» բառը կը գործածեն «գործածելու սիրոյն»։ Գացէ՛ք սփիւռքի հայկական գաղութները եւ ամէ՛ն տեղ նոյն արտայայտութիւնը պիտի լսէք. «անցեալ տարի թիւով աւելի էինք». թէ՛ ակումբներուն, թէ՛ եկեղեցիներուն մէջ միշտ երէկ աւելի հայ կար՝ քան այսօր։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան մատոյց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Շաբաթավերջին, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը ձեռնարկեց 2026-2027 շրջանի աշխատանքներուն։ Նոր եղանակի բացման հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ դպրաց դասու նախագահն է։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանը։ Այսպէս, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Եւ այս տարի ալ մէկ-մէկ անցան եղանակները ու մենք մնացինք սպասող ամէն ինչին, որ կայ հոս ու հոն: Տիեզերքը ողջ է եւ կը փորձենք հասկնալ զինք՝ այս օրուայ ժամանակի կտրուածքով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը զգլխիչ արագութեամբ կ՚ընթանայ, մէկ օրէն միւսը հիացումով կը նշմարուին յեղաշրջումներ, փոփոխութիւններ՝ գաղափարներու եւ բարքերու, ապրելակերպերու մէջ՝ որոնք դժբախտաբար պատուոյ, խղճի եւ բարոյականութեան զգացումներ կը բթացնեն ընդհանրապէս մարդոց մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մտաւորական, խմբագիր, լրագրող, թարգմանիչ եւ դասախօս Հրանդ Թորոսեան, ծնած է 1886 թուականի օգոստոսի 29-ին, Խարբերդ նահանգի Ակն գաւառի Կամարակապ գիւղին մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունի փոքրամասնութիւն մը, որ կը հաւատայ հետեւեալին. ազգին մասին միշտ պէտք է դրական ու լաւատես արտայայտուիլ։
Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը ձեռնարկեց նոր եղանակի առաջին աշխատանքին:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստացաւ Հեսսէնի խաղաղութեան մրցանակը, զոր իրեն յանձնուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դատավարութիւնը շարունակուեցաւ՝ Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ «Ամրոց» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած միջազգային համաժողովի մասնակիցները:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ՝ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ կազմակերպուած ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը: Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու առկայ հիմնախնդիրներու պայմաններուն ներքեւ դատապարտելի համարուեցաւ իշխանութիւններու կողմէ սահմնադրական կարգավիճակի ոտնահարումը:
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, մեր այս պատմական սրբավայրը ընդգրկուած էր՝ Եւրոպայի ժամանգութեան օրերու ծրագրին մէջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վերջին օրերուն կարեւոր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առկայ հարցերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ս. Աթոռի յայտարարութիւնը։
Նախագահ Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց Ապտուլլահ Բ. թագաւորն ու նախագահ Աունը: Ֆրանսա կը ձգտի Մերձաւոր Արեւելքի դերակատարներուն հետ համագործակցութիւնը նոր հարթութեան վրայ դնել: