Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները արդէն անցեալի էջերուն կը պատկանին։
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը մասնակցեցաւ այս ընտրութիւններուն՝ կատարելով իր սահմանադրական իրաւունքն ու քաղաքացիական պարտականութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկայի հայկական թանգարանը արուեստասէրին վերադարձուցած է կարծես թէ մոռցուած, բայց իրականութեան մէջ, առասպելական անուն մը՝ ուտահար Ճոն Պէրպէրեանը, որ ուտը հանրահռչակ դարձուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ շնորհիւ Անատոլուէն ներգաղթեալներու միջոցով ամերիկեան ափեր հասած երաժշտութեան։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը միայն մէկ անգամ չէ, որ «Հիզպուլլահ»ի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու մասին յայտարարութիւն մը կը կատարէ: Վերջինը հետեւեալն է. «Իսրայէլէն յուսախաբուած եմ, որ առանց Լիբանանի մէջ շէնքեր քանդելու՝ չի կրնար բան մը ընել, «Հիզպուլլահ»ի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարային ուժ տալու կը մօտենամ»:
Փոքրամասնութիւններու միջավայրին մէջ կրթութեան կազմակերպման հարցերն ու թրքահայ օրակարգը:
Եւրոպական Միութեան հովանաւորած, Գերմանիա-Դանիա սահմանին կեանքի կոչուած «Սանքելմարք» ակադեմիայի հաւաքին մասնակից պոլսահայ կրթական մշակները արտասահմանէ վերադարձին Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ իրենց տպաւորութիւններն ու խորհրդածութիւնները բաժնեցին համայնքային վարժարաններու պատասխանատուներուն հետ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեանը։ Ներկայ էր նաեւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեան։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Միջազգային աղբիւրներու հրապարակումներով՝ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի ընկերակցելիք պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի գտնուի՝ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով յանձնակատար Մարթա Քոս։
Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը եւ ընկերակիցները հիւրընկալուեցան Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Անգարայի մէջ ընդունեց Եփրեմ Բ.-ի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը:
Եւրոմիութեան նախաձեռնած «Կապակցուածութեան օրակարգի հարթակ»ի հաւաքը՝ Պրիւքսէլի մէջ:
Փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան կանգ առաւ հարեւան երկիրներու հետ երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ:
ԱՍՊԵՏ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ
Այն հմտաշատ, բանիմաց, հոգիի անփակ աչքերով ժամանակախոյզ եւ անաչառ պատմաբանը, որ 19-րդ դարու 90-ականներուն գրական հրապարակ իջաւ Իրապաշտ եւ Արուեստագէտ սերունդներու հոյլին հետ ու արեւմտահայ գրականութեան մէջ իր պատուաբեր տեղը գրաւեց 20-րդ դարու աւելի քան կէս դարու հասակն ի վեր, մեզի կը ներկայանայ Արշակ Աստուածատուրի Ալպօյաճեան անունով՝ պատմաբանասիրական բազմաթիւ մեծարժէք երկերու հեղինակ իբրեւ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս տարուան յուլիսի 4-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի տօնէ իր ծննդեան 250-ամեակը: Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն: Արդէն, այս առթիւ զանազան եւ տեսակաւոր ու պատշաճ յայտագրերով, երկիրը կը պատրաստուի տօնախմբելու յոբելենական իր մեծ թուականը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միսաք Մեծարենցի կեանքը՝ իր գործն իսկ է։ Իր կեանքը պէտք է ուսումնասիրել իր գործին մէջէն, լրջօրէն որոնելու է այն ազդակները, որոնք գերագոյն կատարելութեան մը հասցուցին իր քնարերգութիւնը։ Ադամանդաշող իր լեզուն աննմա՛ն է մեր բովանդակ աշխարհիկ գրականութեան մէջ։
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ կ՚աշխատէի գիւղերուն մէջ… Այդ օրերուն կարեւոր չէր, որ երաժշտութեան ուսուցիչը երաժշտութենէն հասկնար… Ան միայն պէտք էր մի քանի երգեր երգէր տղոց առջեւ եւ ապա պէտք էր հսկէր, որ տղաքը միանուագ երգէին՝ միայն երգելու սկսէին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շա՜տ նուրբ, սակայն, յստակ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի երգիծագրութեան, երգիծանկարին եւ ծաղրանքին ու հեգնանքին միջեւ։ Երգիծանքը գոյութիւն ունեցող արուեստներու մէջ դժուարագոյնն է, որովհետեւ մարդոց տխրութիւն պատճառելը, ազդելն ու լացնելը շատ աւելի դիւրին է՝ քան լիաբերան խնդացնելն ու զուարճացնելը:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Տղաքը յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց ելոյթներով։
Կեդրոնական վարժարանի մեծ ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին կազմակերպեց իր աւանդական պտոյտը։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած այս պտոյտը տարիներէ ի վեր առիթ կը դառնայ մեծ խանդավառութեան։
Պէզճեան Մայր վարժարանը նախընթաց օր հիւրընկալեց STEM մրցոյթը, որու նպատակն է աշակերտներուն ուղեկից դառնալ զանազան հարցերու լուծման ճանապարհին ընդունակութիւններ ձեռք բերելու առումով։
Դիլիջանը, որ Հայաստանի զբօսաշրջութեան առանցքային քաղաքներէն մին է, այս շրջանին նոր ոստումի մը փուլին մէջ է։ Արդարեւ, քաղաքէն ներս կեանքի կոչուած են շարք մը ենթակառուցուածքային նախագծեր, որոնք զբօսաշրջութեան ներուժը կ՚աւելցնեն։
Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Միեւնոյն ժամանակ, ան լքեց Բանուորական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը։
Եւրոմիութեան եւ Ղազախիստանի միջեւ կը ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր:
Պրիւքսէլ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ դէպի Կեդրոնական Ասիա հասանելիութեան համար:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ հեռախօսազրոյցները տեղի ունեցան երէկ երեկոյեան ժամերուն։