Արխիւ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենադպրուհի Տիանա Ալթուն կնքած է իր մահկանացուն։ Երէկ, բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ համայնքային շրջանակներէն ներս, որոնք բառին բուն իմաստով խոր սուգի մատնուեցան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Արմէն վրդ. Գալայճեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Ան Բերիոյ թեմի առաջնորդի օգնականն է։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Գորգի մը պատմութիւն» նախաձեռնութեան մասնակիցները։ Հիւրերու շարքին էին՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եագուպեան, ինչպէս նաեւ Հայորդեաց տուներու հոգեւոր տեսուչ Տ. Յարութիւն վրդ. Կիրակոսեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ Հայաստանի մէջ բացուած դատի իրադարձութիւնները կ՚ընթանան հետաքրքրական հունէ մը ներս։ Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց սրբազաններու դէմ գործը, ըստ էութեան, քննել չէ համաձայնած նշանակուած երրորդ դատաւորը՝ Վահագն Մելիքեան՝ պատճառաբանելով, որ այդ մէկը իր իրաւասութեան ներքեւ չէ։
Չինաստանի եւ Եգիտպոսի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 70-ամեակը:
Շի Ծինփինկ եւ Ապտիւլֆեթթահ էլ-Սիսի կը քննարկեն Փեքին-Գահիրէ առանցքի ապագայ ամրապնդման ջանքերը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ի տես մեր ներքին եւ արտաքին հարցերուն, կը հաւատամ, որ ինծի նման շատերն ալ, հայ միտքը սառեցնող միավանկ կամ բազմավանկ բառերով, առ որ անկ է շատ հարցումներ ունին հարցնելիք ու անհամբեր անոնց պատասխաններուն կը սպասեն:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գործարար աշխարհներու ներկայացուցիչներուն միջեւ հերթական քննարկումներ:
Փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու հնարաւորութիւններն ու առկայ խոչընդոտները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ:
Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ արարողութիւն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Պաքուի հայ գերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ վերադարձին համար հայց, հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ նահատակներու:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու վերաբերեալ քրէական գործը արդէն հասած է Երեւանի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարան։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թամի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին։
«Աւանդական» պարախումբը, որ կը գործէ պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի մականին ներքեւ, այս ամառ բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց՝ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերային ցանցերու վաճառքի էջերուն մէջ այսօր յաճախ կը հանդիպինք այսպիսի խորագրերով յայտարարութիւններու․ «Խորհրդային ժամանակներու իրեր կը վաճառուին», «Մեծ մամայիս սպասքէն մնացած է», «Չգործածուած օժիտի իրեր», «Հին բիւրեղապակի», «Տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող շքապահարան, պիւֆէ» եւ այլն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդիկ յաճախ արդարութեան մասին կը խօսին, արդարութեան մասին կը գրեն, արդարութեան մասին կը քարոզեն ու կը ճառախօսեն, բայց քիչերն են, որոնք կը փորձեն իսկապէս հասկնալ եւ ըմբռնել, թէ ի՞նչ է արդարութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան (շուրջ 347-407), տիեզերական եկեղեցւոյ ամենապայծառ դէմքերէն մին, կ՚ըսէ. «Սուրբ Հոգին մկրտութեան աւազանով վերստին ծնուածներուն իմաստութեան, թարգմանութեան շնորհները եւ կարողութիւնը կու տայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր օրերուն գիր գրականութեամբ զբաղողները «նախանձելի» ըլլալ կը թուին, որովհետեւ մարդկային միտքը բթացնող այս աշխարհին մէջ կամաց կամաց հասարակութիւնը կարիքը կը սկսի զգալ իմացականութեան։ Սակայն, այդ «նախանձ»ը գիտելիքի ու իմաստութեան ծարաւէն չի ծնիր։
Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) Պիշքէքի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովը վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծեց միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւս մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որու շրջանակներէն ներս երէկ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Պիշքէքի մէջ Փաշինեան-Փութին հանդիպում. Երեւան-Մոսկուա առանցքի լարուածութեան նոր դրսեւորումը:
«Ռուսաստան վաղն իսկ Կիւմրիէն դուրս կրնայ բերել իր ռազմախարիսխը, եթէ Հայաստան այդ մէկուն կարիքը չունի»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսայի Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան արդէն քաղաքիս մէջ է։ Իրեն կ՚ընկերանայ թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեան։
2026-2027 կրթական շրջանի վերամուտը արդէն հասած է։ Երէկ, Հայաստանի մէջ դպրոցները վերաբացուեցան եւ 1 Սեպտեմբերի՝ գիտելիքի օրուան առթիւ տեղի ունեցան աւանդական ձեռնարկներ։