Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մեծանուն լեզուաբան ու հայագէտ Հրաչեայ Աճառեանի «Հայ գաղթականութեան պատմութիւն» աշխատութենէն դուրս հանած ենք պետական բարձր դիրքերու հասած հայերու, յաջողակ գործիչներու, գիւտարարներու տուեալները, որոնք Աճառեան հաւաքած է անցեալ դարու սկզբին՝ ըստ հայկական գաղթօճախներու։

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Տարօրինակ չէ՞. երբ մէկը մատնացոյց կ՚ընէք եւ կը մեղադրէք, ձեր ցուցամատը դիմացինը ցոյց կու տայ, իսկ միւս երեք մատները՝ ձեզ»։
Այս խօսքը յաճախ կը վերագրուի Սիկմունտ Ֆրէօյտին։ Թէեւ այս խօսքի իսկական աղբիւրը յստակ չէ, սակայն, գաղափարը խորապէս կը համընկնի Ֆրէօյտի հոգեվերլուծութեան հիմնական սկզբունքներուն։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յարութիւն Սվաճեան կնոջ ունեցած դերին կարեւորութեան մասին խօսելով հանդերձ յաճախ կը քննադատէր նաեւ ժամանակուան իգական սեռի ներկայացուցիչները եւ այդ քննադատութիւններուն հիմնական պատճառը կը բացատրէր հետեւեալ տողերով.

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2026

Վաղամեռիկ ատամնաբոյժ Նարօտ Ալճանի անժամանակ ու ցնցիչ կորուստին ցաւը սուգով համակեց համայնքային շրջանակները:
Փառաշուք յուղարկաւորութիւն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ. Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակից:

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2026

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով նշեց Պայծառակերպութեան տօնը։ Վարդավառի առթիւ Երեւանի մէջ ստեղծուեցաւ անբացատրելիօրէն խանդավառ մթնոլորտ մը։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2026

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Մասաչուսեց նահանգի Ուստրի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ծուխէն ուխտաւորներ մեկնած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ գլխաւորութեամբ Տ. Թադէոս քհնյ. Բարսեղեանի։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2026

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Վարդավառը միայն ժողովրդական ուրախութեան, ջուրի ցօղման կամ ամառնային տօնախմբութեան օր մը չէ, այլ ան նախ եւ առաջ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Պայծառակերպութեան յիշատակութիւնն է՝ այն հրաշալի պահուն, երբ Թաբոր լերան վրայ Քրիստոս իր աստուածային փառքը յայտնեց իր աշակերտներուն՝ Պետրոսին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2026

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս հասած ենք տարւոյն երրորդ տաղաւարին, որ ծանօթ է իրեն ընծայուած երեք կոչումով. Այլակերպութիւն Տեառն, Պայծառակերպութիւն Տեառն եւ ժողովրդական կոչումով՝ Վարդավառ։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ֆութպոլը այն իւրայատուկ մարզաձեւերէն մին է, որու ընթացքին կը խտացուի հաւաքական ոգին իր ազնուագոյն եւ արդարացի դրսեւորումներով, քանի մարմնամարզութիւնը ինքնին մանկական մաքրութիւն մը ունի իր մէջ, իսկ այդ մէկը մարդուս մշտարթուն տենչանքն է, որուն կ՚ուզէ հասնիլ:

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջին տարիներուն յաճախ կը խօսուի մեր պատմութեան խեղաթիւրումի մասին, յաճախ կը մատնանշուի, թէ գործող իշխանութիւնները ո՛չ մէկ ջանք կը խնայեն մեր պատմութիւնը այլասերելու:

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատեր կը կարծէին, որ գրականութիւնը կը ծառայէ լոկ լեզուն մշակելու, սակայն, իրականութեան մէջ շատ աւելին է՝ քան լեզուի ու ոճի զարգացումը։ Հայ գրականութիւնը կարեւոր է այնքանով, որ ո՛չ միայն հայ լեզուի եւ լեզուամտածողութեան զարգացումը կարելի է հասկնալ, այլ նաեւ կարելի է կշռել հայ միտքը՝ անոր ընկերային ու բարոյական բոլոր հարցերով: 

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Այլակերպութիւն՝ որ Պայծառակերպութիւն կոչումով կը տօնուի, Քրիստոսի քարոզութիւններու երրորդ տարիի ամրան տեղի ունեցած անօրինական դէպքի մը յիշատակութիւնն է։ Հայ Եկեղեցին՝ աւանդաբար Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի վերագրուած կարգադրութեամբ՝ նախապէս կը տօնէր Հայոց տոմարի տարեգլուխին, այսինքն Նաւասարդ ամսու առաջին օրը՝ որ կը զուգադիպէր օգոստոս 11-ին։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ կը շարունակուին սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները։ Բաց աստի, Ատրպէյճան աւարտած է խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական համաձայնեցման իր բաժինը։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

«Սահմանադրութեան փոփոխութեան օրակարգը ներառուած է մեր նախընտրական ծրագրին»:
Ըստ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի՝ սա կառավարութեան տեսակէտէ քաղաքական պատասխանատուութիւն կը համարուի:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

Երէկ, Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ ցաւալի դէպք մը պատահած է Սկիւտարի գերեզմանատան Սուրբ Կարապետ թաղամասէն ներս։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

Հայազգի երիտասարդ գիտնականի մը փայլուն նուաճման ուղին Գերմանիոյ մէջ բժշկական ոլորտէն ներս:
Տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազ արժանացաւ 2026 թուականի Heinz Maier-Leibnitz պատուաբեր մրցանակին:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհի մէջ կան ցաւեր, որոնք կը ճչան եւ կան ցաւեր, որոնք լուռ կը մնան։ Կան զգացումներ, որոնք դիւրութեամբ կը վերածուին բառերու, բայց կան նաեւ յոյզեր, որոնք այնքան խորն են, այնքան խճճուած ու ծանր, որ լեզուն անզօր կը դառնայ զանոնք արտայայտելու։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Անոր իմաստութի՛ւնն է, որ կ՚իշխէ արարչագործութեան կարգ եւ կանոնին եւ աշխարհի կառավարումին վրայ։ Աստուած, որ առանձին ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը։ Արդարեւ, Ի՛նք միայն կրնայ տալ ամէն արարածի ճշմարիտ ճանաչումը՝ Իրեն հետ անոր ունեցած առնչութեան գծով։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նուպար Կիւլպէնկեանի գիրքը կարդալով՝ շատ յստակ ձեւով կը նկատենք, որ ձանձրացած հօրը հսկողութենէն, կ՚ուզէ ինքնուրոյն ապրիլ, ինքնուրոյն որոշել, անոր բառերով. «Կան բաներ, որոնք մարդ կը նախընտրէ ինքնուրոյն կազմակերպել»։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

Գարակէօզեան տան ընտանիքը վերջերս մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներու հրաժեշտի հանդէսին առթիւ։

Էջեր