Արխիւ
Մեծ Պահոց Միջինքին առթիւ Թագսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, զոր մատոյց Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Գերապայծառը։
Թոփգաբուի Ս․ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի յատուկ ներկայացուցիչ Զօրավար Ճոն Էլըն ներկայիս Եւրոպայի մէջ շրջայց մը իրականացնել կը պատրաստուի։
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Քուէյթի մէջ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի այդ երկրի ղեկավարութեան կողմէ։
Երէկ, «Carrefour» ֆրանսական հսկայ հանրախանութներու աշխարհացրիւ ցանցին Հայաստանի մասնաճիւղը պաշտօնապէս բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Վիեննայի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին ընթացքին։
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան.«Ատրպէյճան մեր համատեղ որոշումները պատանդ կը դարձնէ՝ փորձելով պարտադրել իր նեղ նպատակները»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցին՝ իր բառական իմաստովը խորհրդանիշ մըն է միաբանութեան։ Այս «միաբանութիւն»ը, մէկ կողմէ՝ Աստուծոյ եւ իր որդիներուն միջեւ, իսկ միւս կողմէ՝ որդիներուն, այսինքն մարդոց միջեւ հաստատուած է։
Այսօր, Չորեքշաբթի, մեր օրացոյցին համաձայն Միջինք է։
Ի՞նչ է Միջինքը եւ ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել։
Բուն Բարեկենդանէն, աւելի ճիշդ Փակեալ խորանէն սկսեալ մինչեւ Աւագ Շաբաթ օր (նկատի ունենալով, որ եկեղեցական օրէնքով Աւագ շաբթուան օրերն ալ պահքի օրեր են), քառասունութ օրերու վրայ երկարող պահքի շրջան մըն է, որուն երբեմն կ՚անգիտանանք, կարծելով, որ երբ Մեծ պահք կ՚ըսենք, այդ Մած պահքը քառասուն օրեր են միայն, այսինքն Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ծաղկազարդ։
«Orient-Institut»ի Իսթանպուլի մասնաճիւղին մէջ ցուցադրուեցաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» ժապաւէնը:
Տքթ. Այլին Գօչունեան բանախօսեց փաստավաւերագրական գործի ներկայացման առընթեր:
Մեծ պահքը կիսող Միջինքը այս տարի կը նշուի այսօր: Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն՝ Միջինքին հայ տանտիկինները կը թխեն բաղարջ, որուն մեջ կը դնեն մետաղադրամ: Որուն բաժին կը հասնի այդ դրամը, այդ տարի յաջողութիւն կ՚ունենայ:
Պատրիարքական Աթոռը ներկայիս լոյս ընծայած է «Մեծ պահոց կիրակիներու ոսկի շղթան» խորագրեալ գիրքը, որու հեղինակն է Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան։
Հայաստան մասնակցութիւն պիտի բերէ Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպական առաջին խաղերուն
Փարիզի մէջ, Մարտի 25-28-ին տեղի պիտի ունենայ հայկական հարցին վերաբերեալ գիտաժողով մը՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հովանաւորութեան ներքեւ։ «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ. 1915-2015 հետազօտութեան հարիւր տարի» խորագրուած է այս գիտաժողովը, որու շրջագծով նախատեսուած աշխատանքը պիտի տեւէ չորս օր։
Ներկայ տարուան տուեալներով՝ Հայաստանի տնտեսութեան տեսանկիւնէն կացութիւնը կը համարուի էապէս մտահոգիչ:
Ռուսաստանի շուկայէն ներս աւանդաբար տարածում գտած հայկական ապրանքներու վաճառքը նուազած է՝ ռուբլիի արժեզրկման պատճառով:
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Քուէյթ։ Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ Քուէյթի պետութեան Էմիր Սապահ Էլ Ահմէտ Էլ Ճապէր Էլ Սապահի, Խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Էլ Ղանինի, Վարչապետ Ճապէր Էլ Մուպարէք Էլ Համիտ Էլ Սապահի հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ շփումներ ունեցաւ Լիուպլիանայի մէջ։ Սլովենիոյ ղեկավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Եդուարդ Նալպանտեան, որ քննարկեց բազմաբնոյթ հարցեր։
Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Ռեժինա Ըլկարօղլու ուղեւորուեցաւ յաւիտենական հանգիստի:
Ռուսաստանի Ազգագրութեան թանգարանի տնօրէն Վլատիմիր Կրուսմանի շփումները՝ Երեւանի մէջ:
Մինչեւ ամառնամուտ Մոսկուայի եւ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի կազմակերպուի երկու կարեւոր ձեռնարկ:
Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը 2019 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Երէկուան ստորագրման արարողութիւնը բնորոշեց WCIT-ի նախապատրաստական աշխատանքներուն մեկնարկը:
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդին նիստը։ Պէշթէփէի մէջ, Նախագահական պալատի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ժողովը, որ տեւեց ինն ժամ։ Կը հաղորդուի, որ քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառի հարցերը, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան ընթացքը։