Արխիւ
«Նոր Զարթօնք», որ մաս կը կազմէ ՀՏՓ-ի մականին տակ գործող կազմակերպութիւններուն, Հայկական մշակոյթի եւ զօրակցութեան կեդրոնին մէջ երէկ հանրութեան ծանօթացուց ՀՏՓ-ի ցուցակով երեսփոխանական թեկնածու ներկայանալ փափաքող գործիչները՝ Մուրատ Մըխճըն, Ֆիլոր Ուլուքն ու Տիրէն Ճեւահիր Շէնը։
Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ երէկ երեկոյեան կայացաւ շահեկան հանդիպում մը՝ «Թուրքիոյ մէջ հայեր.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միշտ խորհուրդ մը կ՚արթնցնէ զանգակը, երբ կը ղօղանջէ։
Զանգակին ղօղանջիւնը խորհրդաւոր է, քանի որ ան մարդս կը փոխադրէ բոլորովին տարբեր աշխարհ՝ մտածումներու եւ հոգեւոր ապրումներու միջավայր մը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1970 թուականին հիմնուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը անցեալ քառասունհինգ տարիներուն ծաւալած է բեղուն գործունէութիւն։
Վաղը՝ Մարտի 20-ին պիտի նշուի Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրը, մինչ երկրագունդի վրայ ֆրանսախօսներուն թիւը կը հասնի 550 միլիոնի ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ Գանատայի դեսպան Ճոն Ռոլանտ Քիւրիի հետ։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը յառաջիկայ աշնան պիտի այցելէ ՄԱԿ-ի կեդրոնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ անխուսափելի են դժուարութիւններ, նեղութիւններ, խոչընդոտներ, ցաւեր ու վիշտեր՝ որոնք վերցնելու, տանելու բաւական ուժ կրնայ չունենալ մարդ։ Ուստի երբ մարդուս դէմը կ՚ելլէ որեւէ արգելք՝ որուն վրայ մագլցելու անկարող է, կը համակերպի, կը տարուի ան հոն՝ ուր կ՚առաջնորդէ եւ կամ կը պարտադրէ այդ արգելքը։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային Խորհուրդը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան։
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Հայաստան-Եւրոմիութիւն առանցքին վրայ շփումները վերստին աշխուժացած են՝ ապագայ համագործակցութեան շրջագիծը յստակացնելու առաջադրութեամբ։
Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով յանձնակատարը Երեւանի մէջ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան վաղը պիտի այցելէ Պրիւքսէլ։
Կարսի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ TANAP-ի հիմնարկէքը՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի նախագահներուն ներկայութեամբ։
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի համոզմամբ, բնական կազի հարաւային հոսքի խողովակաշարի աւարտին ամուր կապ մը պիտի գոյանայ Եւրոպայի եւ Կասպից աւազանին միջեւ, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի ամբողջ Եւրոասիոյ տարածքաշրջանի կարիքներու դիմագրաւման տեսանկիւնէն։
TANAP ծրագրի շինարարութիւնը սկիզբ կ՚առնէ այսօրուան հանդիսաւոր արարողութիւնով:
Հանրապետութեան նախագահը կը հիւրընկալէ իր վրացի եւ ազէրի պաշտօնակիցները՝ Կիորկի Մարկվելաշվիլին եւ Իլհամ Ալիեւը - Էրտողան Մարտի 20-ին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Ուքրայնա:
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան շաբաթավերջին այցելեց Եշիլգիւղի Մոր Էֆրէմ ասորի համայնքի մանկապարտէզը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի աշխարհի մէջ դրական որակով մը ընկալումը պայմանաւորելիք գործօնները միշտ առկայ անմիջական ուշադրութեան։
«Խոշոր երկիրները վիթխարի գումարներ կը ներդնեն զիրենք միջազգային մակարդակով ապահովելու համար, հսկայական միջոցներ ուղղելով գովազդին»։
Կեդրոնական վարժարանի յարակից խանէն նոր յարկաբաժին մը կցուեցաւ կրթօճախին։ 250 քառակուսի մեթր ընդարձակութեամբ տարածքը վարժարանին նուիրաբերած է Ճանէլ ընտանիքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս կ՚ըսուի՝ թէ չար օրինակը «օրինակ» չի՛ կրնար ըլլալ։ Շատեր այսպէս կը խորհին։ Սակայն կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ չար օրինակ մըն ալ կրնայ լաւ օրինակի մը ուղեցոյցը ըլլալ եւ չարէն բարիք քաղել։
Համայնքային վագըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի բացատրութիւններով, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը ծրագրէ պատրիարքական ընտրութեան համար գործի լծուիլ Ապրիլի 24-էն վերջ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին երկար քննարկումներ ծաւալուեցան, թէ ինչ պէտք է ընէ մեր համայնքը յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին։ Կանխաւ պէտք է ըսել, որ մեր աշխարհական վարիչները շատ յապաղած են այս նիւթին վրայ ծանրանալու համար։ Ետ մնացած են մեր հասարակական գործիչներէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սէրը զօրութի՛ւն մըն է՝ արժէքը եւ ազդեցութիւնը անվիճելի ո՛ւժ մը։ Երբ Քրիստոս մարդկային բնութիւնը զգեցաւ, մարդեղացաւ՝ մարդկութիւնը Իրեն կապեց սիրոյ այնպիսի կապով մը, որ որեւէ զօրութեամբ չի խորտակուիր եթէ ո՛չ մարդուն ի՛ր իսկ կամքովը։
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ դաշնակահարը Երեւանի մէջ ողջունուեցաւ ծափահարութիւններու տարափով:
Ռիշար Քլայտէրման հայ ունկնդիրներու համար մեկնաբանեց Արամ Խաչատուրեանի գործերը: