Արխիւ
այ գրականութեան առաջին գրագիտուհին ու կանանց իրաւունքներու պաշտպան Սրբուհի Տիւսաբ (1841-1901) ոգեկոչուեցաւ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ։ Այս առթիւ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաքելական կառավարիչ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան հոգեհանգստեան Ս․ Պատարագ մատոյց Բանկալթըի Լատին կաթողիկէ գերեզմանատան մատրան մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը շաբաթավերջին կորսնցուց իր արժէքաւոր անդամներէն մին։ Այսպէս, ի Տէր հանգաւ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն մին էր վախճանեալ Սրբազան Հայրը, որու անժամանակ կորուստը յառաջացուցած է խոր ցաւ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքանին շնորհուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան «Օրմանեան» շքանշանը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Ճէյմս Քլափէր յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարը աղօտ է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ճէյմս Քլափէր նախընթաց օր ելոյթ մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի լսումներուն շրջագծով։
Շաբաթավերջին ապրուած ընդհարման հետեւանքով վեց հոգի վիրաւորուեցաւ։
Ռուսական ռազմախարիսխի պայմանագրային զինուոր Արթուր Աֆեանի դիակը գտնուած՝ կախուած վիճակով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Սլովենիա։
Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին պիտի մասնակցի 2015-ի ոգեկոչումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ապրիլի 24-ին տեղի պիտի ունենայ հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակութեան ձօնուած աղօթք մը 1915-ի դէպքերու 100-րդ տարելիցին շրջագծով։
Հանրապետութեան նախկին նախագահը մասնակցութիւն բերաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ վաւերագրական ժապաւէնին։
«Tarih Vakfı»ի եւ «Վերսուս Սթիւտիօ»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նկարահանումները կ՚ընթանան բարեյաջող։
«Տուտուկ Անատոլիա» համերգը երէկ իրիկուն կայացաւ Թաքսիմի «60m2» կոչուած սրահին մէջ։ Անուանի տուտուկահար Սուրէն Ասատրեանի կողքին բեմ առին հարուածային գործիքներու սիրուած անուններէն Հերման Արթուչ, դասական կիթառի տաղանդաւոր դէմքերէն Ռոնի Առան Ատըպելլի եւ ճազային կիթառի մասնագէտ Ճէմ Նասուհօղլու։
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան նախնթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Վագըֆներու Իսթանպուլի Բ. շրջանի տնօրէն Իպրահիմ Սաֆֆէթ Էրթիւրքի հետ։
Բազմավաստակ լրագրող Ժան Տեվլեթօղլու, որու կենսագրութեան մաս կը կազմէ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, հրատարակեց յուշագրական հատոր մը՝ «İyi Kötü Ermeni» խորագրով։ Ան յետադարձ հայեացք մը կը նետէ իր անցեալին ու կը պատմէ մանկութենէն մինչեւ այսօր ինքնութեան փնտռտուքը՝ Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ մէջ։
Կալաթասարայ մարզակումբին պատկանող Գուրուչէշմէի կղզիի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ ներկայիս կ՚ապրուի վէճ մը, որու բերումով կատարուած է նաեւ դատական դիմում մը։
Թրքական պատմութեան հաստատութեան (TTK) նորանշանակ նախագահը պատրաստ է գործի ձեռնարկելու:
Փրոֆ. Ռեֆիք Թուրան բացատրեց, թէ ինչ ենթադրութիւններ ունի հայկական հարցի վերաբերեալ ծրագիրներուն շուրջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սլովաքիոյ նորանշանակ դեսպան Փեթէր Փրիփութէնը, որու մշտական նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։
«Կալերի Պիրզամանլար»ի եւ «Նոսթալժի» մշակոյթի կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ կայացաւ գրող-ընթերցող հանդիպում մը՝ Տողան Չեթինքայայի հետ։
Կարծես տրամադրութիւն ըսուածը, սանկ, տեսակ մը «բան» մըն է, որ շատ բարակ թելէ մը կախուած կ՚ըլլայ, եւ որ անախորժ լուրով եւ կամ վիճաբանութիւնէ մը ծնունդ առած ցնցումով մը կրնայ շուտով փրթիլ ու իյնալ եւ պատճառ դառնալ, որ դուն ըլլաս անտրամադիր, մտահոգ, անխօս, լուռ եւ՝ շրջապատէդ կամաւոր ձեւով անջատուած:
Վարչապետը բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ:
Ահմէտ Տավուտօղլու Պան Քի Մունի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ կիպրական հարցին շուրջ:
Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարանը արդէն առարկայ կը դառնայ գեղարուեստասէրներու եւ ստեղծագործական շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Թէեւ տակաւին շատ կարճ ժամանակ անցած է այս թանգարանի պաշտօնական բացումէն ի վեր, սակայն այնտեղ ստեղծուած է մեծ եռուզեռ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային «անձ»ը պէտք ունի ընկերային կեանքին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Շիրինօղլու ընտանիքը երէկ ունեցած է ցաւալի եւ տխուր կորուստ մը։