Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ազ­գա­յին հե­տա­խու­զու­թեան ծա­ռա­յու­թեան տնօ­րէն Ճէյմս Քլա­փէր յայտ­նեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հե­ռան­կա­րը ա­ղօտ է։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ճէյմս Քլա­փէր նա­խըն­թաց օր ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ ԱՄՆ-ի Ծե­րա­կոյ­տի պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով յանձ­նա­ժո­ղո­վի լսում­նե­րուն շրջագ­ծով։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Շաբաթավերջին ապրուած ընդհարման հետեւանքով վեց հոգի վիրաւորուեցաւ։
Ռուսական ռազմախարիսխի պայմանագրային զինուոր Արթուր Աֆեանի դիակը գտնուած՝ կախուած վիճակով։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Սլո­վե­նիա։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Իս­րա­յէ­լի նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լին յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին պի­տի մաս­նակ­ցի 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րին մէջ Ապ­րի­լի 24-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կու­թեան ձօ­նուած ա­ղօթք մը 1915-ի դէպ­քե­րու 100-րդ տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Հանրապետութեան նախկին նախագահը մասնակցութիւն բերաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ վաւերագրական ժապաւէնին։
«Tarih Vakfı»ի եւ «Վերսուս Սթիւտիօ»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նկարահանումները կ՚ընթանան բարեյաջող։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

«Տու­տուկ Ա­նա­տո­լիա» հա­մեր­գը ե­րէկ ի­րի­կուն կա­յա­ցաւ Թաք­սի­մի «60m2» կո­չուած սրա­հին մէջ։ Ա­նուա­նի տու­տու­կա­հար Սու­րէն Ա­սատ­րեա­նի կող­քին բեմ ա­ռին հա­րուա­ծա­յին գոր­ծիք­նե­րու սի­րուած ա­նուն­նե­րէն Հեր­ման Ար­թուչ, դա­սա­կան կի­թա­ռի տա­ղան­դա­ւոր դէմ­քե­րէն Ռո­նի Ա­ռան Ա­տը­պել­լի եւ ճա­զա­յին կի­թա­ռի մաս­նա­գէտ Ճէմ Նա­սու­հօղ­լու։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ողջունելի ձեռնարկ մը:
Պատմութեան թանգարանի երդիքին տակ լիբանանահայ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի գործերը:

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ ձեռ­նարկուած սերն­դա­փո­խու­թեան ծրա­գի­րը յա­ռաջ կը տա­րուի թա­փով։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Մեծ պահ­քէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ «Ա­լա­ճա­ճեան» սրա­հին մէջ կազ­մա­կերպուած խրախ­ճանք մը բնո­րո­շած էր սոյն նա­խագ­ծին մեկ­նար­կը։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան նա­խօ­րեա­կին, Բան­կալ­թի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը սա­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մէն­ճեա­նի, այ­ցե­լե­ցին վի­պա­գիր ու հան­րա­յին գոր­ծիչ Սրբու­հի Տիւ­սա­բի (1841-1901) շի­րի­մը, որ կը գտնուի Բան­կալ­թիի Լա­տի­նաց գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­մու­լի հ՜ին է­ջե­րուն մէջ ճամ­բոր­դել, ան­ցեա­լի մէջ շրջա­գա­յիլ ան­մեկ­նե­լի հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռէ  մե­զի, եւ կար­ծես հոն կը գտնենք մենք զմեզ, կը նոյ­նա­նանք ան­ցեա­լին հետ եւ կը զգանք, որ կ՚ապ­րինք եւ մե՛նք ինք։

 

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

այ գրա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին գրա­գի­տու­հին ու կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան Սրբու­հի Տիւ­սաբ (1841-1901) ո­գե­կո­չուե­ցաւ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան առ­թիւ։ Այս առ­թիւ Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ա­ռա­քե­լա­կան կա­ռա­վա­րիչ Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէ­քիեան հո­գե­հանգս­տեան Ս․ Պա­տա­րագ մա­տոյց Բան­կալ­թըի Լա­տին կա­թո­ղի­կէ գե­րեզ­մա­նա­տան մատ­րան մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սը շա­բա­թա­վեր­ջին կորսն­ցուց իր ար­ժէ­քա­ւոր ան­դամ­նե­րէն մին։ Այս­պէս, ի Տէր հան­գաւ Ուք­րայ­նոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գո­րիս Արք. Բու­նիա­թեան։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն մին էր վախ­ճա­նեալ Սրբա­զան Հայ­րը, ո­րու ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տը յա­ռա­ջա­ցու­ցած է խոր ցաւ։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015

«Կա­լե­րի Պիր­զա­ման­լար»ի եւ «Նոսթալժի» մշա­կոյթի կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ կա­յա­ցաւ գրող-ըն­թեր­ցող հան­դի­պում մը՝ Տո­ղան Չե­թին­քա­յա­յի հետ։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015

Կար­ծես տրա­մադ­րու­թիւն ը­սո­ւա­ծը, սանկ, տե­սակ մը «բան» մըն է, որ շատ բա­րակ թե­լէ մը կա­խո­ւած կ՚ըլ­լայ, եւ որ ա­նա­խորժ լու­րով եւ կամ վի­ճա­բա­նու­թիւ­նէ մը ծնունդ ա­ռած ցնցու­մով մը կրնայ շու­տով փրթիլ ու իյ­նալ եւ պատ­ճառ դառ­նալ, որ դուն ըլ­լաս անտ­րա­մա­դիր, մտա­հոգ, ան­խօս, լուռ եւ՝ շրջա­պա­տէդ կա­մա­ւոր ձե­ւով ան­ջա­տո­ւած:

 

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015

Վարչապետը բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ:
Ահմէտ Տավուտօղլու Պան Քի Մունի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ կիպրական հարցին շուրջ:

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015

Ե­րե­ւա­նի նոր­ահաս­տատ Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նը ար­դէն ա­ռար­կայ կը դառ­նայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Թէեւ տա­կա­ւին շատ կարճ ժա­մա­նակ ան­ցած է այս թան­գա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մէն ի վեր, սա­կայն այն­տեղ ստեղ­ծուած է մեծ ե­ռու­զեռ։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին «անձ»ը պէտք ու­նի ըն­կե­րա­յին կեան­քին։ 

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Շի­րի­նօղ­լու ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ու­նե­ցած է ցա­ւա­լի եւ տխուր կո­րուստ մը։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015

Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­ր-ւան կա­պակ­ցու­թեամբ ձեռ­նարկ մը կա­յա­ցաւ Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն ներս։ Այս­պէս, ա­շա­կերտ­նե­րը նախ ներ­կա­յա­ցան մշա­կու­թա­յին յայ­տագ­րով մը, զոր պատ­րաս­տած էին ու­սու­ցիչ­ներ Թա­րա Տէ­միր­ճիօղ­լու, Սե­սիլ Քա­րա­հի­սա­րի­տիս, Ճա­նան Պուլ­կուր։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան նա­խն­թաց օր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Վա­գըֆ­նե­րու Իս­թան­պու­լի Բ. շրջա­նի տնօ­րէն Իպ­րա­հիմ Սաֆ­ֆէթ Էր­թիւր­քի հետ։

Էջեր