Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ նոր եկեղեցի մը կառուցուեցաւ:
Նախագահ Էրտողան ողջունուեցաւ Ասորի ուղղափառ համայնքին եւ Թուրքիոյ քրիստոնեաներուն կողմէ:

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում։ Թէեւ համազգային ցնցումի ընդհանուր մթնոլորտը անխուսափելիօրէն ազդած է ամէն ինչի վրայ, սակայն, Մայրավանքի համալիրէն ներս յամենայնդէպս ստեղծուեցաւ արտասովոր մթնոլորտ։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վսեմ հովանիին ներքեւ անոր շրջապատի նուիրական մթնոլորտին մէջ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը համալրուեցաւ հինգ նոր արժանաւոր անդամով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Արցախը ամբողջութեամբ կորսնցնելէ ետք, կը վերադառնանք մեր ամենօրեայ մտահոգութեան՝ մեր ազգութիւնը չկորստնցնելու կարեւորագոյն խնդիրին, որ թէեւ ոչ շօշափելի, հողի կուորստին չափ եւ աւելի ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2023

Ռուսաստան Կապանի մէջ հիւպատոսարան մը բանալու ուղղեալ աշխատանքները արդէն գործնական դաշտ կը տեղափոխէ։ Նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան հաստատման յառաջապահ խումբի ղեկավարին եւ Մեղրիի քաղաքապետին հանդիպումը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հոկտեմբերի 18-ին, Սթրազպուրկի մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս մասին տեղեկացուց Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլա, որ վերջին օրերուն Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյց մը ունեցաւ Կրանատայի մէջ կազմակերպուած՝ Եւրոպական քաղաքացիական համայնքի անպաշտօն գագաթաժողովի ծիրէն ներս։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2023

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Զանազան երկիրներու մէջ անմարդկային պատերազմները, այլ աղէտներու շարքին, խլած են նաեւ ոմանց տեսողութիւնը: Բարեբախտաբար միշտ կը գտնուին օգնութեան ձեռք երկարողներ, որոնք մասամբ կը փորձեն դիւրացնել անոնց ծանր առօրեան:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Եթէ ներքին ճակատին վրայ ստեղծուած առկայ պառակտումը շարունակուի, ապա հեռու պիտի չըլլայ այն օրը, երբ յաջորդ հարուածը պիտի իջնէ Սիւնիքի գլխուն:
Հարցը միայն Ռուսաստանի պարագային միամտութիւնը չէր, այլ իրավիճակներուն ճիշդ գնահատական տալու քաջութեան պակասը, իսկ հետեւանքները տակաւին երկար պիտի կրեն Հայաստանն ու հայութիւնը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 17.7-14:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 13.5-13:
Մարկոսի Աւետարանէն 11.27-33:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ճշմարտութիւնը գեղեցիկ գետ մըն է որ ո՛չ մէկը կրնայ ցամքեցնել», կ՚ըսէ Victor Hugo (1802-1885)։
Ճշմարտութիւնը այն առաքինութիւնը եւ արժէքն է, որ կը կայանայ ուղիղին ձգտելու եւ ճիշդը տեսնելու մէջ՝ զգուշանալով երկդիմութենէն, ձեւացումէն, սուտէն եւ մա՛նաւանդ կեղծաւորութենէն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր ու հետաքրքրական գիրք մը, որ կը կոչուի «Dersaadet»։ Միքայէլ Աստերիսի հեղինակած այս գործը գերմաներէնէ թրքերէնի թարգմանուած է Զէյնեփ Թաշքընի կողմէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը պաշտօնապէս տեղեկացուց եպիսկոպոս ձեռնադրուելիք միաբաններուն անունները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Նորին Սրբազնութիւն Ճասթին Ուէլպին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

Մայրաքաղաքի ահաբեկչական վերջին դէպքը բաժակը յորդեցուց. Անգարայէն վճռական քայլեր:
Թուրքիա ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի Սուրիոյ կառոյցները ոչնչացուց անօդաչու թռչող սարքերով կազմակերպուած գործողութեամբ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ լուսահոգի Արա Կիւլէրի թողած ժառանգութիւնը այնքան մեծ է, որ զանազան առիթներով կը շարունակէ ներշնչանքի դուռ բանալ, նաեւ մերօրեայ հասարակութեան աչքին վերակենդանացնել զանազան կերպարներ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ կառուցած է՝ 19 նոր զօրամաս եւ 140 մարտական կէտ:
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ ամսավերջին պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

...Եւ Արցախը կրկին դարձաւ Ղարաբաղ...
Իրողութիւն մը.-
վշտալի եւ անհաւատալի, նոյնքան ալ՝ հաւատալի եւ իրական:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

19-րդ դարու ամենահեղինակաւոր ռուս գրողներէն Ֆիոտոր Տոսթոյեւսքին մոսկուացի բժիշկի մը որդին էր։ Ան հասակ առած էր հոգեբուժարանի մը մէջ եւ կը տառապէր լուսնոտութենէ, նաեւ խաղամոլ էր։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ամենահին ժողովուրդներ եւ ազգեր, մինչեւ իսկ մտաւոր եւ բարոյական զարգացման ամենաստոր աստիճանի վրայ գտնուող ժողովուրդներ եւ վայրենաբարոյ ցեղեր, ամուսնութիւնը միշտ համարած են իբրեւ սուրբ, բարոյական կապ երկու ամուսինի՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատ յստակ ձեւով տարբերութիւն մը կայ 2019 թուականի եւ 2023 թուականի Հայաստանի միջեւ։ Այդ յստակ փոփոխութիւնը իր դրականին կողքին ունին նաեւ իր ժխտական կողմերը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Էջեր