Արխիւ
Հայաստան-Ատրպէյճան կը նախատեսուի բանակցութիւններու նոր փուլ մը. վայրն ու ժամկէտը անորոշ:
Փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան. «Ռուսաստան ճանապարհներու վրայ պիտի ունենայ դիտարկման եւ ո՛չ թէ վերահսկողութեան գործառոյթ»:
Երեւան-Մոսկուա տարաձայնութիւնները ջուրի երես կ՚ելլեն նաեւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ:
Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել հայերէնի իմացութիւնը արհեստական բանականութեան գործիքներուն մէջ:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ԹՈՒՄՕ-ի հետ կը գործակցի՝ աջակցելու լեզուի եւ թեքնաբանութեան նախաձեռնութիւններուն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի Ոսկերիչներու պալատի վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուսթաֆա Աթայըքի։ Ներկայ էին նաեւ Ուֆուք Կիւնէշ եւ մեր համայնքէն՝ Մինաս Ասլան եւ Կարպիս Կէտիկօղլու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարպիս Գալայճեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Զուիցերիոյ Անկախութեան օրուան առթիւ Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Ժիւլիէն Թհէօնիի սարքած ընդունելութեան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամուսնութիւնը ըստ Հայոց Եկեղեցական իրաւաբանութեան եւ անշո՛ւշտ ընդհանուր իրաւաբանական կարգերու՝ սեռը կարեւոր դեր մը կը կատարէ։ Աներկբայելի, անտարակոյս, ամուսնութիւնը կարելի է կատարուի միայն երկու տարբեր, այսինքն՝ արական եւ իգական սեռի մէջ, այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ, քանի որ ամուսնութեան գլխաւոր խորհուրդն է որդեծնութիւնը. իսկ այդ կարելի է արուի եւ էգի, կամ մարդու եւ կնոջ յարաբերութեամբ։
Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքին։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է լաւապէս հասկնալ, որ քաղաքական գործիչները ամենակարող մարդիկ չեն. երեւոյթը այնպէս մը չէ, որ քաղաքական գործիչ կը դառնայ ան, որ իրապէս կարող ու գիտուն է. մարդկային տրամաբանութեամբ կը կարծենք, թէ կարող են անոնք, որոնք պաշտօններու վրայ կը գտնուին, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է նոր գիրք մը, որ հերթական նուէրը կը համարուի պատանի ընթերցասէրներուն համար։ Հրատարակչատան այս նոր գիրքը կը կոչուի «Կիրակոսը»։
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Շատ բնական է կարծել, որ ամէն հայ իրաւունք ունի բողոքելու, թէ ի՛նչ ըսել է մէկ ազգ, բայց երկու լեզու, եւ ամէն հայ իրաւունք ունի պատկերացնելու մէկ ընդհանուր լեզու, որ իրողապէս չկայ, բայց ոմանց միտքին մէջ կրնայ ծագիլ․ մէկը կ՚ըսէ գրաբարը վերակենդանացնենք․ միւսը կ՚ըսէ թող ատիկա արեւելահայերէնը ըլլայ, երրորդը կ՚ըսէ շինենք նոր լեզու, ասկէ պատառ մը արեւմտահայերէն, անկէ պատառ մը արեւելահայերէն կը կցենք, կը մոռնանք «ծառիցն» ու «ծովիցը», կ՚որդեգրենք «ծառէն», «ծովէն» բարեհունչ հոլովաձեւը, կ՚որդեգրենք «գրում եմ» ձեւը, ա՛լ կարիք չի մնար «կը գրեմ կոր» ըսելու մեղքը գործել․․․ Եւ այսպէս շարք մը․․․ վերջացաւ գնաց, եղաւ միասնական հայերէն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի կեանքին անծանօթ դրուագները հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցուին: Իր կեանքը հայոց լեզուին եւ հայագիտութեան նուիրած մեծ գիտնականին ամէն մէկ օրը եղած է հետաքրքրական ու յագեցած:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երրորդ հանգրուան. 1970-ականենէն մինչեւ 2011 թուականի ժամանակահատուածը կը բնորոշուի իբրեւ ոսկէ հանգրուան Սուրիոյ մէջ հայ ժողովուրդի ներկայութեան, այս ժամանակաշրջանին բարգաւաճեցաւ թէ՛ սուրիահայ հաւաքական եւ թէ անհատական կեանքը բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Սուրիոյ յարաբերական անդորրութիւնը առիթ ընծայեց այս վերելքին ու ստեղծուած իրավիճակը խթանեց սուրիահայ զանգուածին մեծ դերակատարութիւն ունենալու թէ՛ Սուրիոյ կերտումին եւ թէ հայ իրականութեան մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է ղեկավարեն թագաւորները:
Պատասխան. Առակաց 16-րդ գլուխին 10-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Թագաւորի շրթունքներուն մարգարէական պատգամ կայ, եւ անոր բերանը դատաստանի ժամանակ չի՛ սխալիր»:
Աշխարհահռչակ հայազգի երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան վերջերս յատկանշական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նախաձեռնութեամբ։ Այս տարի երաժշտական աշխարհը կը տօնախմբէ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակը։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կատարեց տնօրինութիւն մը, որու հիման վրայ երկրի Դիմադրութեան հերոսներէն Միսաք Մանուշեանի աճիւնը պիտի փոխադրուի Փարիզի Պանթէոնը։
Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը արժանացաւ «FIFA Forward Awards» ծրագրի մրցանակին։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ այդ մրցանակը հանդիսաւորապէս յանձնուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանին։
Չինաստանի վարչապետ Լի Ցիանկ այս օրերուն շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Եւրոպա։ Սա չինացի վարչապետին առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ պաշտօնի կոչուելէ վերջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան ներկայիս կը գլխաւորէ ընդդիմադիր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ կ՚անդամակցի ԵԺԿ-ին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի նախագահական խմորումներուն մասին արդէն ուրուագծուած են քանի մը կարեւոր երեւոյթներ։ Խօսքը, անշուշտ, նախագահական ընտրութեան մասին է, որ բոլոր առումներով անդամալուծած էր երկիրը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սէրը այնպիսի ակնոցներ կը կրէ, որոնց միջոցով պղինձն ալ ոսկի կ՚երեւի». MIGUEL DE CERVANTES (1547-1616)
Մտահոգութիւնը (=inquiétude) մարդուս բնական եւ մարդկային կեանքին անբաժան հոգեվիճակն է։