Արխիւ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հայոց վանքին մէջ ընդունեց Սուրբ Երկրի ասորիներու առաջնորդը՝ Անթիմոս Ժագ Եագուբ եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանային երկու միաբաններ։ Հիւր սրբազանը Նորին Ամենապատուութեան յանձնեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքին կողմէ շնորհակալութեան պաշտօնական գրութիւն մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները աշխուժացած է լրջօրէն։ Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի փակ բանակցութիւնները պէտք է դիտարկել՝ որպէս նոր սկիզբ մը այն գործընթացին համար, որ աւելի վերջ շարունակուեցաւ Մոսկուայի մէջ, այս անգամ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքէն 4.7-15:
Միքիայի մարագարէութենէն 7.7-10:
Գործք Առաքելոց 20.22-32:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 10.11-16:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մանուկը դաստիարակել արուեստի տրուած բծախնդրութիւն կը պահանջէ։ Ան կարեւոր «արուե՛ստ» մըն է, կենսական արուեստ մը, քանի որ մանուկի դաստիարակութիւնը՝ ապագան կազմաւորել կը նշանակէ։
Պատրիարքարանի մէջ խորհրդակցութիւն աւելի քան 3.5 ժամ. հիմնական երեք առանցքի շուրջ քննարկումներ:
Համայնքային վարիչները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին թէ՛ մասնագիտական եւ թէ ելմտակազմակերպչական նիւթերու վրայ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Զոհուրին։ Այս վերջինը Հայաստանի մէջ աւարտելու վրայ է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը եւ այս առթիւ հրաժեշտի այցելութիւն մը տուած է Վեհափառ Հայրապետին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է, թէ Ուիլիամ Շէյքսփիր ունի բազմաթիւ համակիրներ, բայց անոր աշխատանքը համընդհանուր գնահատականի չ՚արժանանար: Աւելի՛ն, կան նոյնքան յայտնի գրողներ, որոնք մարտահրաւէր ուղղած են կամ տակաւին կ՚ուղղեն անոր։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ առաւօտ, պր. Սուրէնն ու տիկ. Լուսինը ճիշդ որոշուած ժամուն արդէն բժիշկի շէնքի մուտքին էին: Շուտով մտան գրասենեակ ու մօտեցան սպասման սենեակին անկիւնը գտնուող փոքր պատուհանին, ուրկէ պաշտօնեայ աղջիկ մը իր սեղանին ետեւէն նախ լայն ժպիտով մը զիրենք դիմաւորեց:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը». (Բ ՏԻՄ. Դ 7-8)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ Յիսուս Քրիստոսի մասին մեզի հասած պատմութիւնները կրնան սուտ եւ մարդու երեւակայութեան ծնունդ եղած ըլլալ. եթէ այո, ապա կրնաք վստահ ըլլալ որ առանձին չէք, որովհետեւ դարեր շարունակ հաւատացողներուն կողքին մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած են չհաւատացողները, որոնք տարբեր փաստերով ու մանաւանդ գիտութիւնը որպէս վահան ունենալով փորձած են փաստել այդ ստախօսութիւնները:
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ «TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ կարգ մը արտաքին քաղաքական հարցերու։ Այսպէս, ան խօսեցաւ Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ:
Քաղաքակրթութեան հոլովոյթի մեխերէն մին է՝ մարդուն բնութեան հետ հեռաւորութիւն պահելու ձգտումը։ Միտք ու սիրտ է մարդը՝ մէկ կողմէ զգացում, միւս կողմէ մտածում։ Զգացումները կը յագենան բնութեան մէջ, իսկ մտածումները կը խմորուին՝ անկէ հնարաւորինս հեռանալով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը վաղը երեկոյեան հանդէս պիտի գայ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։ Այսպէս, CRR-ի սեմֆոնիք նուագախումբը վաղը ներկայ եղանակին բացումը պիտի կատարէ՝ Մուրատ Ճեմ Օրհանի մականին ներքեւ։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ լիսէի ընթացաւարտներու հրաժեշտի հանդէսը։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան։
Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի շրջանաւարտութեան օրուան հանդէսին առթիւ։ 54-րդ շրջանի վկայեալները այս առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցան Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչներուն եւ իրենց դասընկերներուն կողմէ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէս, որուն ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը այս տարի ունի 35 շրջանաւարտ։ Դպրոցի 2022-2023 տարեշրջանի հունձքը նախընթաց օր հրաժեշտ առաւ խանդավառ հանդիսութիւնով մը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2022-2023 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ շարք մը փառատօներով։ Այսպէս, տարեվերջի հանդէսներէն անդին այս ծրագիրը առանձնայատուկ նշանակութիւն մը ունեցաւ տղոց համար։
SEV-ի նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ ժողովը եւ ձեւաւորեց դիւանը:
Հիմնարկը փորձառու անձնաւորութիւններու մականին ներքեւ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը: