Արխիւ
Երէկ սկսաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ուղեւորութիւնը դէպի Երուսաղէմ, ուր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօրուընէ սկսեալ կը նշէ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը՝ ըստ Հին տոմարի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար Առակագիրը կը գրէ. «Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է» (Առ 12.1):
Պատասխան. Ճշմարտութեան եւ ուղղութեան մէջ քալողներուն համար խրատը համազօր է հարստութեան կամ թանկարժէք գոհարեղէնի, որովհետեւ խրատը կը դիտարկեն որպէս առաւել հզօրացման եւ ճշմարտութեան ու ուղղութեան մէջ ամրանալու միջոց, որով նաեւ իրենց գիտութիւնը կ՚աւելցնեն եւ զայն կը ծառայեցնեն յանուն իրենց շրջապատի օգուտին ու բարիքին, եւ միաժամանակ՝ Աստուծոյ փառքին համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սահակեան. «Կոյր պէտք է ըլլալ՝ այս բոլորին մէջ չտեսնելու համար Ռուսաստանի առնուազն անկարողութիւնը, եթէ չըսենք յանցաւոր անգործութիւնը։ Երեւան ինչի՞ պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները երաշխաւորելու համար։ Արցախը զոհաբերելով անկարելի է ապագայ ունենալ»:
«Ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւնը կառուցուած է հակակշիռներու հիման վրայ։ Հայաստան կրնայ այդ ճարտարապետութեան մաս դառնալ ու ո՛չ թէ անպիտան գոյութիւն աշխարհի վրայ»:
Ներքին քաղաքական ազդակները կը նուազեցնեն երկրի պաշտպանունակութիւնը։ 44-օրեայ պատերազմը կանգնած է այստեղ, ուր բոլոր իտէալ պայմանները կան յաջորդին համար:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ան ամէն անգամ ծածուկ կը բանայ գաղտնարանը: Սեւ արկղի մը մէջ պահած է իր բոլոր բացթողումները: Ոմանց համար ակնյայտ, շատերու համար անհաւատալի:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սպառազինութիւնը հաւաքականնութիւններու եւ մեծ երկիրներու կատարած զինուելու գործողութիւնն է: Այն ունի երկու հասկացողական շերտ.
Առաջինը՝ զէնքի եւ զինամթերքի արտադրողներ են:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դատարկութիւնը միշտ անորոշութիւն եւ անհամապատասխան միտք մը կը ստեղծէ», կ՚ըսէ Titus Lucretius Carus (Ն.Ք. 98-55), «De Rerum Natura»ին մէջ։
Արդարեւ, ծուլութիւնը՝ դատարկութիւն կը ստեղծէ, իսկ դատարկութիւնը՝ անորոշութիւն եւ անվստահութի՛ւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է իր անգիր օրէնքներն ու համոզումները՝ որոշելու համար, թէ որո՞նք են տղայ մը կամ աղջիկ մը «լաւ» ու «աղէկ» փեսացու կամ հարսնացու դարձնելու եւ այդ յատկութիւններու փնտռտուքն է, որ անձ մը կը զատորոշէ ուրիշներէ:
CRR-ի երդիքին տակ, Հարպիյէ, կիրակի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Թրքական երաժշտութեան մէջ հայ յօրինողներ» խորագրեալ հերթական համերգը։ Երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուին նմանաբնոյթ համերգներ, որոնք միշտ ալ կ՚արժանանան հետաքրքրութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Աթոռներու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ յատկանշական փուլ. գահակալներու անդրանիկ ժամադրութիւն Սուրբ Ծնունդի առթիւ:
Մարդկային կապերու գծով ճկունութեամբ Սահակ Պատրիարք կրնայ դեր խաղալ եւ Նուրհան Պատրիարքը երկխօսութեան առաջնորդել այն կողմերուն հետ, որոնք տարակարծիք են անոր հետ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը առաջնահերթօրէն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապին մանրամասնութիւնները՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով։
Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգին կուտակուած բարդ խնդիրներուն շուրջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկման հնարաւորութիւն:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Էնթընի Պլինքըն կ՚անդրադառնան՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բազմաբնոյթ նիւթերու:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեներգիչներ Սիպիլն ու Անտրէն։ Վաղուան համերգին ընդառաջ անոնք փափաքած էին մեզի այցելել եւ տեղեկացնել, որ բոլոր երաժշտասէրներուն կը խոստանան հաճելի ժամանց։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընտրական մարմինը երէկ երեկոյեան գումարեց իր հերթական ժողովը։ Ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու կապակցութեամբ ընտրական մարմնի մամլոյ բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլին տեղեկացուց մանրամասնութիւններ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այտա Ազնաւուր՝ Շարլ Ազնաւուրին քոյրը, Ժորժ Կառվարենցի այրին, օրերս բոլորեց 100-ամեակը: Յատկանշական այս յոբելեանը հայուհին նշած է իր առանձնատան մէջ, ուր կը բնակի միայնակ՝ օգնական-խնամակալին հետ, քովը միշտ սիրելի շունն է՝ ծերութեան իր հաւատարիմ ուղեկիցը:
Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շրջափակուած Արցախէ ներս մարդասիրական աղէտը տակաւ կը հասնի մտահոգիչ համեմատութիւններու։ Կարմիր խաչի ջանքերով շաբաթավերջին 9 հիւանդ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան փոխադրուեցաւ բուժման համար։
Համաշխարհային դրամատունը այս տարուան տեղեկագրին մէջ կը կանխատեսէ բազում դժուարութիւններ:
Երեք մեծ տնտեսութիւններու՝ ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի եւ Չինաստանի պարագային կը նախատեսուի աճի նոյնաժամանակ դանդաղեցում:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպման հաւանականութիւնը կը շարունակէ օրակարգի վրայ մնալ՝ հնարաւոր ժամկէտներու արծարծումով հանդերձ։ Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս առանցքին վրայ դիւանագիտական երթեւեկը այս շրջանին աշխուժացած է էականօրէն։
Անգարայի աղբիւրները՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մասին:
Յառաջիկային օրակարագի վրայ կրնայ գալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուրի վերսկսման նիւթը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս թուայնացուցած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի «Քառասնամեայ յիշատակարան»ը։ Այս մէկը 1948 թուականին հրատարակուած էր, թերթիս հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելենական շրջանին՝ բանասէր Թորոս Ազատեանի ծաւալուն ուսումնասիրութեան հիման վրայ։