Արխիւ
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երիտասարդական փայլուն համերգ մը։ Սա «Մենք երգ ենք» համերգաշարի հերթական փուլն էր, որ բացառիկ իմաստ ստացաւ՝ զուգադիպած ըլլալով տարեմուտին։
Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Եշիլգիւղի վրայ։ Այսպէս, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Երաժշտասէրները արդէն անհամբերութեամբ կը սպասեն այս չորեքշաբթի երեկոյեան՝ Հարպիյէի CRR համերգասրահին մէջ նախատեսուած Սիպիլի մեծ համերգին։ Երկար ժամանակ վերջ համակրելի մեներգչուհին Իսթանպուլի մէջ հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լուսանկարին մէջ երեւցող գեղեցուհիին անունը Սթեֆանի Սալիպա է։ Լիբանանցի քրիստոնեայ յայտնի դերասանուհի Սթեֆանին դեկտեմբերի 10-ին Պէյրութ կը վերադառնար ու կը ձերբակալուէր։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աւելի քան 100 տարի առաջ՝ 1922 թուականին Պոլսոյ մէջ կը տպագրուի արժէքաւոր գիրք մը՝ գերմանացի աշխարհահռչակ երգահան, խմբավար, երաժշտական քննադատ եւ մանկավարժ Ռոպերթ Շումանի (1810-1856թթ.) խորհուրդները երիտասարդ երաժիշտներուն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Քու վարդի հետ անցուցած ժամանակն է, որ աւելի կարեւոր կը դարձնէ զայն՝ քան միւսները», ըսաւ Փոքրիկ իշխանը:
«Մարդիկ մոռցած են այս ամենակարեւոր ճշմարտութիւնը։ Բայց դուն պէտք չէ մոռնաս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ կը քալեն ճամբու մը վրայ, որ «կեանք» կը կոչեն։ Ճամբու մասին անոնք որքան ալ որոշումներ տան, որքան ալ ծրագիրներ ծրագրեն՝ ո՛չ մարդիկ կը փոխուին եւ ո՛չ ալ ճամբաները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջին տասնամեակին մարդկութիւնը թերթերու գոյութիւնը ապահովելու եւ անոնց կաղացող ընթացքին գոյութիւն տալու համար որդեգրեց հիասքանչ լուծում մը, որ ըստ երեւոյթին բաւականի՜ն երկար ժամանակ մեր հասարակութեան կողմէ պիտի շարունակուի ի գործ դրուիլ եւ ինչո՞ւ չէ, հաւանաբար ժամանակ մը ետք նոյն այդ նպատակին համար է, որ թերթերը պիտի շարունակեն հրատարակուիլ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 1908 թուականին վերացաւ գրաքննութիւնը եւ մարդիկ գրական գետնի վրայ որոշ անկախութիւն մը ունենալ կարծեցին եւ սկսան այդ թուականը յիշել՝ որպէս «Մամուլի ազատութեան տարի», սակայն իրական գետնի վրայ այդ բոլորը լոկ վերացական համոզումներ էին, իրականութենէ կտրուած:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ անցեալ տարեվերջին թողարկուած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17-գրապատում» առցանց նոր գիրքը։ 65 տարիներու վրայ տարածուած՝ հեղինակին կողմէ ստորագրուած յօդուածներու ժողովածոն է այս մէկը, որ կեդրոնացած է գիրքերու վրայ։
Արդէն ամիսէ մը աւելի պաշարուած Լեռնային Ղարաբաղէն միշտ կը հասնին հրատապ լուրեր, որոնք կը ցոլացնեն մարդասիրական ծանր տագնապի հասած համեմատութիւնները։ Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ յայտարարեց, որ ուժանիւթի մատակարարման հարցով բարդ իրավիճակ մը ստեղծուած է։
Ռամիի պատմական զօրանոցը արդէն ընդարձակ գրադարանի մը վերածուած է՝ ինն տարուան վերանորոգութենէ մը վերջ։ Օսմանեան շրջանի այս հսկայական զօրանոցը այժմ վերածուած է Թուրքիոյ մեծագոյն գրադարանին։
Քաղաքակրթութիւններու խորհրդանշան դարձած աշխարհի մեծ քաղաքները կը բնորոշուին նաեւ իրենց կոթողային շէնքերով։ Պետական կառոյցներ, համալսարաններ, դատարաններ, սակարաններ, վարժարաններ, եւ այլն… Ճիշդ է, որ անոնք կը պայմանաւորեն մարդոց վստահութիւնը հանրային դրութեան նկատմամբ, նաեւ հասարակութեան ընդհանուր համակարգին հանդէպ վերաբերմունքը կը ձեւաւորեն։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն երէկ հասան ուշագրաւ լուրեր, որոնք կը վերաբերին կալուածոց նոր տեսուչի մը նշանակման։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ՝ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան ազատուած է Ս. Աթոռի կալուածոց տեսուչի պաշտօնէն։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աշխարհի մէջ կարծէք կեանքը պահ մը կանգ առաւ 2022 թուականի վերջին օրերուն: Ժողովուրդներու ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Քաթարի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյենութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նոր աշխարհակարգի ուրուականը. «միջազգային հանրութիւն» կոչուածը պարզ բառակապակցութիւն մըն է:
Արցախի պաշարումը ոչինչով կը տարբերի՝ Հիթլերի Լենինկրատը շրջափակելէն, սակայն աշխարհին համար հետաքրքրական չէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 54.1-13:
Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած առաջին նամակէն 1.1-11:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 2.1-11:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ պատանի էի, յաճախ հիացումով կը դիտէի հօրս ճոխ գրադարանը՝ ուր կային նաեւ մեծ հօրս գիրքերը։
Օր մը երբ կը դիտէի գիրքերը, ուշադրութիւնս գրաւեց գորշ, մոխրագոյն կողքով գիրք մը, որուն վերտառութիւնն էր, ինծի բոլորովին անծանօթ բառ մը. «L'ATHEISM»։
Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ այցելեց Երեւան, ուր այսօր շփումներ կ՚ունենայ Եայէլ Պրաուն-Փիվէ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ փոխըմբռնում կայ անվտանգային եւ քաղաքական հարցերու շուրջ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շատ-շատեր գրած են, թէ Ռուբէն Վարդանեան, որ հայկական աշխարհը գրաւած է իր բարեսիրական-մարդասիրական ծրագիրներով, ընդամէնը Ռուսաստանի ծրագիր մըն է. նոր օրերու ծրագիր, որ աւելի յստակ ձեւով ջուրի երես ելաւ այն պահէն ի վեր, երբ Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի պատժամիջոցները սաստկացան։