Արխիւ
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հոգեւոր հրճուանքով նշեց 2023 թուականի առաջին տաղաւարը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Հայրապետական Ս. Պատարագին ընթացքին փոխանցեց տօնական աւետիսը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր այս սիւնակով մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Փայասլեան Կաթողիկոսին Փրկիչին ծնունդին առիթով 1960-ին ուղղած Հայրապետական պատգամը, որ այնքան այժմէական եւ խօսուն է մեր ապրած այս ծանր ու դժուարին օրերուն համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քննադատութիւնը ըստ էութեան օգտակար արարք մըն է, քանի որ անոր միջոցով անհատը եւ ընկերութիւնը կրնայ յառաջանալ, կրնայ հետզհետէ զարգանալ եւ կատարելագործուիլ։ Եթէ քննադատութիւն չըլլայ՝ հաւանական սխալներ չեն սրբագրուիր եւ բնական յառաջդիմութեան ընթացքը արգելքներու կրնայ հանդիպիլ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկայնօրէն յաճախ մենք մեր լսածէն աւելի կը հաւատանք մեր տեսածներուն, կարծելով որ տեսնուած երեւոյթը չի կրնար խաբել, մինչ լսուածը կրնայ երեւոյթի մը ամբողջութեամբ աղաւաղուած մէկ տարբերակը ըլլալ: Իրականութեան մէջ սակայն երեւոյթը եւս իր մէջ ունի խաբուսիկ ու ոչ վստահելի մաս մը, որ յաճախ լսուած շա՜տ աւելի աղաւաղուած կրնայ ըլլալ:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս երէկ հասած լուրերը եկան սահմանել նոր փուլ մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կը սկսին օդային ուղիղ բեռնափոխադրումները։
Վատիկանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ երջանկայիշատակ Պենետիքտոս ԺԶ. Պատուաւոր Պապի յուղարկաւորութիւնը։ Արարողութեան կը մասնակցի նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Կրկին անգամ հասած է Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը եւ եկեղեցւոյ զանգակները կրկին անգամ կը սկսին ղօղանջել ամենաբարձր մակարդակով՝ աւետելու համար, թէ Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ։
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Մարդկային պատմութեան մեծագոյն դէպքն է անկասկած Աստուծոյ մարմնացումը Բեթղեհէմի մէջ՝ մեծագոյն «խորհուրդ խորին»ը տիեզերքին:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցէն ներս Ամանորի շրջանին մասնաւոր խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնած «500 ծիծղուն աչք» ծրագիրը, որ այս տարի հերթական անգամ կեանքի կոչուեցաւ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամանորը լաւ առիթ կը նկատուի, աւելի ճիշդ պէտք է նկատուի անդրադառնալու, թէ Աստուած՝ շնորհաց պարգեւողը մեզի պարգեւած է տարի մը եւս ապրած ըլլալու շնորհը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչի եւ քրիստոնէական աւանդութեան մանրամասն ուսումնասիրութիւնը ակնյայտ դարձուց Յիսուս Քրիստոսով սկսող նոր պատկերացումը «մարդ»ու մասին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Վաղը Սուրբ Ծնունդ է: Քրիստոնեայ աշխարհը իւրօրինակ կը պատրաստուի Ամանորին եւ Սուրբ Ծնունդին: Ամանորին սրտատրոփ կը սպասեն ո՛չ միայն քրիստոնեաները, այլեւ մարդկութեան զգալի մասը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարի մը եւս անցաւ եւ դարձեալ կը գտնուինք Յիսուս Մանուկի Ծնունդը նշելու նախօրեային: Անցնող տարուան ընթացքին շա՜տ իրադարձութիւններ կատարուեցան, բազմաթիւ դէպքեր պատահեցան, բազմաթիւ փոփոխութիւններ կատարուեցան թէ՛ անհատական եւ թէ՛ ալ հաւաքական գետիններու վրայ, սակայն կարծէք մէկ բան չփոխուեցաւ՝ մեր ուտել խմելուն հետ ունեցածսէրը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ղուկաս Աւետարանիչը կը գրէ, թէ Հրէաստանի դաշտերուն մէջ Տիրոջ հրեշտակը հովիւներուն երեւնալով, անոնց յայտնեց աշխարհի Փրկիչին ծնունդին մասին: Մինչ ան տակաւին կը խօսէր անոնց հետ, երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը կը միանայ անոր, որոնք զԱստուած կ՚օրհնաբանէին, ըսելով.
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն՝ ընկերակցութեամբ Ելիզ Էօղրէթի եւ Քոզէթ Աւանուսի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ողորմած եւ անողորմ մարդոց ունենալիք վարձատրութեան:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ, բայց անողորմ մարդը իր մարմինին նեղութիւն կու տայ» (Առ 11.17):
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երբեմն կ՚ուզես միտքերդ ի մի բերել, սակայն չես յաջողիր: Ցիրուցան են եւ անհնազանդ, ո՛չ մէկ կերպով կ՚ուզեն ենթարկուիլ քեզի: Մէյ մըն ալ յանկարծ, անսպասելի՝ ուրիշի մը քով կը գտնես այն, ինչ որ դուն ըսել կ՚ուզես:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Չար» եւ «չարիք»ը անբաժան են մարդուս կեանքէն. հոն ուր մարդ կայ, կան նաեւ չարը եւ չարիքը։ Արդարեւ, մարդուս բնութեան, մարդկային կեանքի թէ՛ պատճառը եւ թէ՛ արդիւնքն է չարը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բոլորս ալ գէթ մէկ անգամ, կամայ թէ ակամայ, տեսած ենք այն անկեալները, որոնք փողոցի մը մութ անկիւնը կեցած, իրենց յատուկ ճօճանքով ու լպիրշ ընթացքով, սիրոյ շինծու խօսք մը իրենց շրթունքներուն վրայ իրենց հաւանական յաճախորդները կը փնտռեն: