Արխիւ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Խումբին մաս կը կազմէին թէ՛ այժմու վարչայիններ եւ թէ՛ թեկնածուներ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը։ Այս վերջինը Նորին Ամենապատուութեան ներկայացաւ՝ թաղային խորհուրդի թէ՛ կարգ մը այժմու անդամներուն եւ թէ՛ նոր թեկնածուներուն հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանը։ Այս վերջինը այժմու թաղային խորհուրդի կարգ մը անդամներուն եւ նոր անուններու հետ թեկնածութիւն առաջադրած է, որպէսզի յառաջիկայ շրջանին ալ ստանձնէ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդունեց համայնքային նախակրթարաններու տնօրէնները:
Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնուեցան կրթական մշակներու անբաւարար վարձատրութեան վերաբերեալ հարցեր:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Միթէ կեանքի ամենամեծ հնարքներէն մէկը ընդունիլ սորվիլը չէ՞։ Կորուստ, ցաւ, տխրութիւն, լքուածութիւն… Հիմա փորձէ նայիլ դէմքիդ, հաշտուէ դուն քեզի հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Գիրքը կը բռնէ երկիւղածութեամբ մը, կողքին պատկերը կը դիտէ պահ մը (Charles Landelle (1821-1909) - An Armenian Woman), ապա պարունակը զգուշօրէն թերթելով ցոյց կու տայ էջերուն մէջ կարգ մը տողեր, ուր երբեմն շեղ գիրերով տպուած գրութիւններ կան.

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքը միշտ «յղի» է անակնկալ դէպքերու, եւ ուրեմն կեանքը անվերջ երկունք մըն է։ Երկունք, քանի որ կեանքը ցաւի, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, անգութ ուժերու եւ մահուան դէմ պայքար մըն է։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջին տասնամեակին, մանաւանդ շատ մը երիտասարդներու մօտ յատուկ սէր մը ծնունդ առած է քննադատութեան հանդէպ, սխալ այն ըմբռնումով, որ քննադատող անձը կրնայ հանրութեան կողմէ որպէս «գիտուն» կամ «իմաստուն» դիտուիլ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

ARA KOÇUNYAN

Türkiye Ermeni toplumu bu hafta sonunda, İstanbul'daki cemaat vakıflarının önemli bir bölümünün yeni yönetim kurullarını belirlemek için seçime gidiyor. Cemaat üyeleri uzun zaman sonra sandık başına giderek vakıflar için oy kullanacak.

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան երկրորդ տարելիցին (…) պատահական չէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը կը մեկնի բռնագրաւուած Շուշի եւ այնտեղէն յոխորտանքներ կը հնչեցնէ: Եթէ շրջանցենք ներքին լսարանին ուղղուած բաժինը, կը կեդրոնանանք հայկական կողմին եւ միջազգային հանրութեան վերաբերող ուղերձներուն վրայ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծաղիկներ խոնարհեց շաբաթավերջի ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին առջեւ:
Պատրիարքական Աթոռը մասնակցեցաւ նաեւ Պէյօղլուի քաղաքապետութեան կազմակերպած միասնականութեան երթին:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ՝ պոլսահայ կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Սոյն հաւաքը այս տարի նախաճաշի ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր՝ Գուրուչէշմէի «Հուքքա» զբօսարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային իրադարձութիւնները միշտ կ՚ընթանան թափով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

Լոս Անճելըսի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղը այսօր եւ վաղը» խորագրեալ համաժողով մը, որ կազմակերպուած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի աջակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին վերանորոգման աւարտը մօտ է. 2023 թուականին, երբ կը լրանայ Մայր Տաճարին հիմնադրման 1720-ամեակը եւ եթէ ամէն ինչ նախատեսուածին պէս ընթանայ, ապա համայն հայութեան հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ Մայր Տաճարը կրկին կը բանայ իր դռները:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Բօտկինի կաթիլներ:
2. Ինոզեմցեվի կաթիլներ:
3. Վալերիանի կաթիլներ:
4. Հոֆֆմանի կաթիլներ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայաստանի մէջ կայ խումբ մը, որ կը կարծէ, թէ սփիւռքահայերը թշնամութիւն եւ ատելութիւն ունի Մայր Հայրենիքի նկատմամբ։ Սակայն ցաւալին այն է, որ սփիւռքահայերուն կողքին շատ մը տեղացի հայեր եւս այդ ախտէն կը տառապին եւ Հայաստանը կը դիտեն որպէս «յետամնաց» երկիր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս ընդունեց Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ենթակայ Ֆոքոլարէ շարժման անդամուհիները։ Սոյն խումբի անդամուհիներէն Տանիէլա Տեկասփերի յայտնեց, թէ Իսթանպուլէն պիտի բաժնուի, իբր այդ փափաքած է հրաժեշտ առնել Նորին Ամենապատուութենէն։

Էջեր