Արխիւ
«Եոլճու» թատերախումբը երէկ Անգարայի հանդիսատեսին յաջողութեամբ ներկայացուց «Կոմիտաս»ը:
Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբին յաղթարշաւը կը շարունակուի:
Համաեւրոպական տօնավաճառին գծով կը ներկայացուին հայ վարպետներու ընտիր ձեռագործերը:
Հայաստան այս տարի առաջին անգամ կը մասնակցի Ս. Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած աւանդական ձեռնարկին:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր երէկ Պաքուի մէջ եռակողմանի բանակցութիւններու մասնակցեցաւ՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի հետ։
Իսրայէլ-Պաղեստին արիւնալի իրադարձութիւնները միջազգային օրակարգի թիւ մէկ նիւթը մնալ կը շարունակեն։ Իսրայէլի կառավարութեան եւ «Համաս»ի միջեւ հաստատուած քառօրեայ հրադադարը թէեւ այս առաւօտ պիտի աւարտէր, սակայն միջնորդ երկիրներու ջանքերուն շնորհիւ երկարաձգուեցաւ եւս երկու օր։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ պիտի դատուի քրէական ատեանի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան վերջերս բանտէն ազատ արձակուած էր, սակայն Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը անմիջապէս նոր մեղադրական մը պատրաստած էր անոր համար։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած «Զարմանազան» ծրագիրը կը շարունակուի յաջողութեամբ եւ յառաջիկայ տարի պիտի ընդլայնուի անոր աշխարհագրութիւնը։
Համայնքային շրջանակները երէկ Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Մատաղօրհնութեան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
«Մատենադարան. լուսանկարչական գանձերու յայտնութիւնը» նոր շունչ կու տայ տեսանիւթերուն:
Պատմական, աղբիւրագիտական, արուեստաբանական եւ ազգագրական առանձնայատուկ նշանակութեամբ նմոյշներ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի եւս կազմակերպեց իր հերթական նուիրահաւաքման արշաւը։ «Քեզ համար Հայաստան» կարգախօսով կազմակերպուած այս տարուան մարաթոնի արդիւնքով հանգանակուեցաւ 8 միլիոն 400 հազար ամերիկեան տոլար։
Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ թէեւ կը փորձեն Ռուսաստանը դուրս մղել Ղարաբաղէն, սակայն բացի անկէ ոչ ոք կրնայ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան նոյնպիսի երաշխաւոր մը ըլլալ։
Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ շաբաթավերջին պաշտօնապէս հաստատուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթավերջին երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուեցաւ համապատասխան արձանագրութիւն մը։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Երեւանի Շարժանկարի տան երդիքին տակ երէկ մեծարուեցաւ հայ երաժշտութեան երախտաշատ նուիրեալներէն մին:
Մաէսթրօ Չեքիճեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը փայլուն անցաւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1909 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ հրապարակախօս, բանասէր եւ դեղագործ Յակոբ Թէրզեանի գրած մէկ գիրքը՝ «Ատանայի կեանքը» խորագրով: Մինչ այդ Յակոբ Թէրզեան հրատարակած էր «Արուեստ լուսանկարչութեան» գրքոյկը, որուն մէջ սկսնակներու համար տեղեկութիւններ հաւաքած էր լուսանկարչութեան արուեստի մասին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Իմ կեանքը կը փոխուէր, եթէ ես բաց չթողէի այս կամ այն հնարաւորութիւնը»…
Կան հնարաւորութիւններ, որոնք կու գան մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, անոնցմէ ոմանք կը բռնենք, ոմանք կը փախցնենք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդու հայրութեան ակունքը Աստուծոյ հայրութի՛ւնն է, ան է հիմը ծնողներուն մատուցուած յարգանքին եւ պատիւին։ Անչափահաս թէ խելահաս, զաւակներուն յարգանքը իրենց հօր կամ մօր հանդէպ՝ կը սնանի բնական սէրէն, ծնած՝ զիրենք իրարու միացնող զօդէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բոլորս ալ գիտենք, որ մարդկային կեանքի մէջ շատ կարեւոր է առաջին տպաւորութիւնը. առաջին տպաւորութիւնը անձի մը մասին մեր կազմած կարծիքին մեծագոյն մասը կը կազմէ:
Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ Հայրապետը շաբաթավերջին յիշատակուեցաւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան: Ներկայ էին նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին նախագահեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան արարողութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան։
Պէյօղլուի ընտանիքը այս շրջանին կ՚ապրի «Նարեկեան» սրահի վերաբացման ուրախութիւնը։ Թաղային խորհուրդի հաշուետուութեան հաւաքոյթով ազդարարուեցաւ պատմական սրահին վերաբացումը՝ յետ բարեկարգման։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս արդարացումը կու գայ Աստուծոյ շնորհքէն։
Շնորհքը մասնայատուկ «բարիք»ն է. «ձրի օգնութիւն»ը՝ զոր Աստուած կու տայ մարդուս, որպէսզի պատասխանէ Իր կոչին. «ըլլալ որդիներ Աստուծոյ». (ՅՈՎՀ. Ա 12-18), «որդիներ». (ՀՌՈՄ. Ը 14-17), «մասնակիցներ աստուածային բնութեան». (Բ ՊԵՏ. Ա 3-4), եւ «յաւիտենական կեանքին». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3)։