Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ. «Հպարտութիւնը, նկատի ունիմ ինքզինք տեսնելը, աւելի զօրաւոր է քան անմարմին զօրութիւնները, այսինքն՝ սատանան, մինչ խոնարհ հոգին եւ մարդուն գիտակցումը իր գործած մեղքերուն, այնպէս ըրին, որ աւազակը առաքեալներէն առաջ դրախտ հասնի»:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Արցախն ու արցախցին անկոտրուն են: Ձեր բոլոր ջանքերը ապարդիւն են: Արցախցին պատերազմի թոհ ու բոհի մէջէն անցած՝ լաւ մը թրծուած է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ապերախտութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ զանց ընել բարիք մը, օգտակարութիւն մը եւ մանաւանդ ցուցաբերուած անկեղծ եւ ճշմարիտ սէրը եւ մերժել ճանչնալ զանոնք եւ ուրանալ բոլոր անոնք, չփոխարինել այդ ամէնքը անոր՝ որ տուած է մեզի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ներկայ իրականութեան մէջ թիւով շա՜տ են անոնք՝ որոնք գրող դառնալու համար անհրաժեշտ կը նկատեն բառարաններու փոշիներէն դուրս հանել արդէն իսկ գործածութենէ դադրած բառեր եւ կը հաւատան, թէ անոնց գործածութեամբ է միայն որ մարդ կրնայ գրող դառնալ, որովհետեւ կայ այն համոզումը, որ գրող կը նշանակէ չնաշխարհիկ մայրենի մը ունենալ. մայրենի մը՝ որ թարմի փոխարէն պալարտ, իսկ ծեծի փոխարէն ձաղկը կը գործածէ, կազմելով «Արամը պալարտ ծաղիկները ձաղկեց» նախադասութիւնը...:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանը եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Սարգիս Աւագ Քահանայ Գույումճեան։
Էմրէ Էօքթէմ եւ Մեսուտ Եաշար Թուֆան կը ներկայացնեն «İstanbul՚da Çok Dilli Kitabeler» գիրքը:
Խայտաբղէտ համայնապատկեր:
Երկու հեղինակաւոր մտաւորականին կողմէ տարուած ծաւալուն աշխատանքին եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութեան արդիւնքը լոյս կը սփռէ քաղաքի բազմալեզու եւ բազմամշակոյթ վկայութիւններուն վրայ՝ հայկական վառ հետքերով հանդերձ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։ Արդէն շուրջ տասն օրէ ի վեր Ատրպէյճան փակ կը պահէ Լաչինի միջանցքը, ինչ որ ինքնին տագնապ մը կը նշանակէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որ այցելեց Հայաստան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, անցեալ կիրակի պատարագեց եւ քարոզեց Մենհեթթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ընթացքին վաղահաս նշուեցաւ նաեւ Ս. Ստեփանոսի յիշատակութեան տօնը։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ժամանակակից աշխարհը եւ հին աշխարհը երկու տարբեր ժամանակաշրջաններ են, որոնք ձեւաւորած են մարդկութեան պատմութեան ընթացքը: Ժամանակակից աշխարհը, որ նաեւ յայտնի է որպէս արդի աշխարհ, կը սահմանուի որպէս աշխարհի եւ անոր հասարակութիւններուն ամենաբաց վիճակով՝ ներառեալ անոնց մշակոյթներուն, տնտեսութիւններուն ու քաղաքական համակարգերուն փոխկապակցուածութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերադառնալով հօրս ընտանեկան պարագաներուն, ապա ըսեմ, որ անոնք բոլորովին այլ ընկալումի, մօտեցումի, կարգավիճակի մարդիկ էին։ Մեծ հաշուով հայախօս էին եւ մօրս ընտանիքին հետ համեմատած՝ ունէին աւելի բարւոք պայմաններ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:
ARA KOÇUNYAN
Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı'nın tasarrufundaki önemli kaynaklar kaçınılmaz olarak yönetim kuruluna toplumsal yaşamda belli bir önem yüklemekte. Aslında burada o kadar da yadırganacak bir durum olmayabilir ancak asıl mesele on yıllardan bu yana yönetim kurullarının o ağırlığı nasıl kullandığı. Baştan söylemekte belki yarar var, burada sorun tam olarak sadece kaynakların adil paylaşımı da değil.
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հին ժամանակ հայերը իւրայատուկ պատկերացումներ ունեցած են բնութեան երեւոյթներուն մասին: Հայ հին առասպելներուն, վէպերուն, ասքերուն եւ աւանդազրոյցներուն մէջ դրսեւորուած են այդ պատկերացումները, որոնք այսօրուան գիտութեան տեսակէտէն թէեւ մերժելի են, սակայն անոնց մէջ ազգագրագէտներ եւ բանագէտներ կը տեսնեն մեր ժողովուրդին բնաւորութեան եւ խառնուածքին բնորոշ գիծերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժողովուրդներ, ազգեր ունեցած են հանճարներ, հերոսներ՝ որոնք օգտակար են եղած իրենց ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան։
Եկեղեցին ալ ունեցած է հերոսները՝ սրբութեան եւ առաքինութեան տիպարները, որոնք իրենց կեանքով յեղաշրջած եւ մեծ ազդեցութիւն գործած են մարդկութեան ընդհանուր ընթացքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ՝ 1908 թուականին, գրեթէ մեր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան սկզբնաւորութիւններուն, հայ դերասան, գրող եւ արձակագիր Վահրամ Փափազեան կը գրէ «Թերթերու տարափ» անունով յօդուած մը, որուն մէջ կը քննադատէ նորաստեղծ հայկական թերթերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ծնողներուս մասին պատմելու ելայ։ Անոնց արմատներուն, անցեալին եւ այն մասին, թէ ինչպէս հասան իմ ծննդավայր՝ Լիբանան ու բոյն մը կազմեցին Մերձաւոր Արեւելքի երբեմնի Փարիզը համարուող Պէյրութի ափերուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ ոգեւորուած սիրով, մարդուս կու տայ գերբնական ազատութիւն մը։ Արդարեւ, մարդ այնքան ազատ է, որքան ան օրինապահ է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր հայկական իրականութենէն ներս գոյութիւն ունի ցաւալի երեւոյթ մը, որ յաճախ կը փորձենք արդարացնելու համար «դիւանագիտութիւն» անուանել, վստահ ըլլալով որ այդ մէկը սեփական շահերու ապահովութիւն տալէ բացի ուրիշ բանի չի ծառայեր: