Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Համաշխարհային հայկական առաջին գագաթաժողովը, որուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանած էր վեց հարիւր հոգի՝ աշխարհի աւելի քան յիսուն երկիրներէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցական իրաւունքը, կամ իրաւագիտութիւնը այդ խնդիրները մշակելու համար կրնայ գործածել եւ գործադրել զանազան միջոցներ, որոնք կը գործածուին եւս միւս գիտութիւններու մշակման մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայր մը վերջերս կը դիմէ իր աղջկան եւ կը խնդրէ, որ խանութէն վերադարձին օրուան թերթը բերէ, որպէսզի աչք մը անցընէ։ Երիտասարդ աղջիկը անտարբերութեամբ կը դիմէ հօրը. «21-րդ դար ենք… ի՞նչ թերթ։ Վերցուր Ipad-ս համացանցէն հետեւիր»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սկսած եմ նախանձով նայիլ այն մարդոց, որոնք առանց մտածելու եւ երկմտելու հաստատակամ ձեւով ոչ կ՚ըսեն իրենց ուղղուած խնդրանքներուն։ Որոշ ժամանակ անմարդկութիւն կը թուէր այդ մէկը, սակայն կեանքը փաստեց, որ գոյատեւելու միակ միջոցը աշխարհի մէջ ոչ թէ մարդկութեամբ, այլ անմարդկութեամբ ապրիլն է։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները միշտ կը շարունակուին։ Երէկ գիշեր պատահած են նոր դէպքեր։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները քննարկեցին Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութեան վերաբերեալ օրակարգային հարցեր։
«Պա այնքան պարտութիւն կրես ու յաղթել չսովորե՞ս»: Որքա՜ն հրետորական կը հնչէ հարցումը՝ մանաւանդ Հրանդ Մաթեւոսեանի բանաձեւումով։
Կեանքի մէջ ամէն ինչ կարելի է պատկերացնել հաշուի առնելով նաեւ հակապատկերը։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան ողջ տեւողութեան ընդլայնուած կազմով նստաշրջան մը իրականացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը ծաւալուած աշխատանքի լոյսին տակ հրապարակեց եզրափակիչ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման ու գահակալութեան 23-րդ տարեդարձը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան արեւշատութեան մաղթանքներ յղեց Վեհափառ Հայրապետին:
Մալաթիացի հայերու հայրենակցական միութիւնը՝ «Մալաթիա Հայտեր» շաբաթավերջին ընթրիք մը կազմակերպեց Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեզուն ապրեցնողը միայն հայու ոգին չէ։ Լեզուն նախ եւ առաջ նիւթական է, կոպիտ ասած՝ դրամը։ Այս պատճառով է նաեւ, որ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներուն մէջ արեւմտահայ լեզուի «ոսկերիչներ»էն շատ-շատերը հրապարակէն խոյս տալով կը հեռանան ու աւելիով կը նօսրացնեն ամենատարբեր պատճառներու հետեւանքով հայագիտութեան դրօշը բարձր պահողներուն շարքերը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գրին ու մշակոյթին նուիրեալ վաստակաշատ խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան լրագրական ասպարէզ նետուած է 16 տարեկանին՝ «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեան մէջ: Անոր հրապարակագրական ինքնահաստատումը սակայն կը սկսի 1908 թուականին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կարելի է ըսել, որ երջանիկ ըլլալու ձգտումը համարժէք է քնանալ փորձելու։ Որքան շատ կը փորձէք քնանալ, այնքան շատ կը կորսնցնէք ձեր քունը: Նմանապէս, որքան շատ կը փորձէք երջանիկ ըլլալ, այնքան աւելի տխուր կը դառնաք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրաւաբանական գիտութիւններու ընդարձակ ծաւալը կարելի է բաժնել երկու մեծ եւ գլխաւոր ճիւղի՝ պետական, քաղաքացիական, որոնց ստորոգելիներն են միւս մասնաւոր բաժանմունքները։ Ընդհանրապէս, եկեղեցական իրաւունքը կը ստորադասուի պետական օրէնքին՝ նայելով եկեղեցւոյ վրայ իբրեւ հասարակական ընկերակցութիւն, որուն իրաւունքը կազմուած է «հանրական իրաւունք»ի մէկ մասը։
Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին որոշած է պարգեւատրել Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Փութինի որոշումով Վեհափառ Հայրապետին պիտի շնորհուի Ռուսաստանի Պատուոյ շքանշանը։
ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին մասին:
«Մարտահրաւէրներու յաղթահարումը կենսական է ու գոյաբանական եւ կը պահանջէ անմնացորդ զոհողութիւն իշխանութիւններէն, Եկեղեցիէն, ազգային կառոյցներէն եւ համայն հայ ժողովուրդէն»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Գանատայի վարիչ մարմնի անդամներէն Արթօ Մանուկեանի կարծիքը շօշափեցինք հայաշխարհի հրատապ հարցերուն շուրջ։ Սփիւռքի մէջ օրակարգային կը շարունակէ մնալ հայապահպանութեան հիմնահարցը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 24.1-12:
Պօղոս առաքեալին Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն 5.15-33:
Ղուկասի Աւետարանէն 8.49-56:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խօսքեր կան՝ որոնք մոգական զօրութիւն մ՚ունին իրենց մէջ, նախադասութիւններ, որոնք իրենց պարզութեան մէջ անհուն խորհուրդներ կը ծածկեն։ Սրտին լեզուն բանալին է այդ ամէնուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծխող մը չեմ, սակայն եթէ ըլլայի թող շիրիմիս վրայ գրէին... ծխելէն չմեռաւ, որովհետեւ աշխարհի վրայ մեռնելու այնքա՜ն պատճառ կայ՝ որ սիկառէթին առիթ չի՛ հասնիր: Սիկառէթը մարդը կրնա՞յ սպաննել. չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ ուրիշներ, որոնց մահացու ուժին հանդէպ վստահ կրնանք ըլլալ: