Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող շաբթուան ընթացքին Հայաստան ժամանեց Տուպայիի հարուստ ընտանիքներէն մէկուն զաւակը, որուն հետ բարեկամանալու առիթը ունեցած եմ նախապէս։ Տակաւին քսանմէկամեայ երիտասարդը առաջին անգամ կ՚այցելէր Հայաստան եւ նկատի ունենալով լեզուական դժուարութիւնները՝ խնդրեց, որ հինգ օրուան այցելութեան ընթացքին փորձեմ իրենց հետ ըլլալ։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր նկարագրած հիւանդութիւնը մալարիայի կամ դողէրոցքի հասարակ ձեւն է, որ բոլորը լաւ կը ճանչնան:
Բայց կան նաեւ ուրիշ տեսակներ, որոնց մասին նոյնպէս պէտք է տեղեկութիւն ունենանք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոյսը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է՝ որով մարդ կը բաղձայ իբր իր երանութիւնը ունենալ՝ երանաւէտ եւ հաճոյալի կեանք մը. «Պահե՛նք անսասան մեր դաւանութիւնը յոյսին հանդէպ, որովհետեւ ան որ խոստացաւ՝ հաւատարիմ է». (ԵԲՐ. Ժ 23)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բոլորս ալ բան մը կ՚ուզենք... սակայն շատ անգամ այդ «բան»ին ինչ ըլլալը ինքներս ալ չեն գիտնար եւ մարդկութեան մը ամբողջ կեանքը կ՚անցնի ուզելով եւ անվերջ ուզելով՝ մինչեւ մահուան օրը, ուր դարձեալ ուզելու բան մը կ՚ունենանք:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած այցելութեան օրակարգին շուրջ։
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ անվտանգային մարտահրաւէրները չեն նուազած»:
Փոխ-վարչապետներու գլխաւորած եռակողմանի աշխատանքային խումբի վերջին ժողովին որեւէ զարգացում չէ արձանագրուած:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կան մարդիկ, որոնք ամբողջ կեանք մը տուած են յանուն պայծառ եւ բարի նպատակներու։ Անոնք յաճախ մոռցած են իրենց նեղանձնական խնդիրները եւ իրենց ասպարէզին ընդմէջէն ալ հաստատ քայլեր նետելով ծառայած են այդ նպատակ-գաղափարներուն։
Կեանքի մէջ հիմնականը միշտ առարկայական ճշմարտութիւնն է, բայց քանի կայ մարդը՝ միթէ կարելի՞ է բացառել հոգեբանականը…
Բարեկամ,
Նայէ՛ արեւին, նայէ՛ հողին, նայէ՛ ջուրին, նայէ՛ ամպին, բայց ետեւդ մի՛ նայիր… Կարեւոր չէ, թէ ո՛վ կու գայ կամ ո՛վ չի գար…
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Պունտեսթակի «Միջազգային խորհրդարանական կրթաթոշակ» ծրագրի պատուիրակութիւնը, որու գլուխը կը գտնուէր երեսփոխան Քրիստիան Հաասէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
«Գիտցի՛ր, ողորմութիւն տալը արուեստ մըն է: Եւ բոլոր արուեստներէն գերազանց, որ փրկելով դժոխքէն, կը պարգեւէ արքայութիւն» (Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վարդահոտ մը կ՚ուղեկցէր ինծի Պոլիս գտնուելու վերջին օրերուն: Սենեակը, ուր կը մնայինք, վարդեր չկային, սրճագոյն, երկար ցօղունով տարաշխարհիկ հաստ բոյս մը կար միայն, նոյն սենեակին մէջ օդափոխիչ հոտաւէտ ցողացիրներ նոյնպէս չկային, որոնցմէ վարդի կամ ուրիշ ծաղկահոտ բուրէր:
Առանձին ընտրական մարմիններու ինքնագլուխ քայլերը կը վիրաւորեն ամբողջ համայնքին խիղճը:
Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններուն ընդառաջ ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան հետեւանքով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նամակ մը ուղարկեց Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան:
Պելժիոյ մէջ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Լիէժի հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ տեղւոյն Ասորի եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսաւոր արարողութեան եւ յաջորդած պաշտօնական ճաշկերոյթին։
Արեւմտեան թեմի Խաչատուրեան դ. դաս-երգչ.ի տարեդարձը բնորոշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ:
Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Լոս Անճելըսէն անցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, իսկ այս կիրակի պիտի պատարագէ Փրովիտընսի մէջ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեր տունը պրպտած ատեն կարելի է զանազան անկիւններէ գտնել թուղթեր: Թուղթեր՝ ոչ թէ հասարակ, այլ յոյժ կարեւոր: Տարբեր թուականներու պատկանող այդ թուղթի կտորներու վրայ ես կազմած եմ նիւթական օգնութեան ցուցակներ:
ՎԻԳԷՆ Լ. ԱԴԴԱՐԵԱՆ
Սիրելի դասընկերներ,
Իսկապէս սրտի մեծագոյն կսկիծով այս շաբաթավերջին ստացայ Ժիրայր Դանիէլեանի մահուան գոյժը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Սէր եւ ատելութիւն. այս երկուքը կարծէք անբաժան ընկերակիցներն են մարդոց, միշտ ներկայ են անոնց առօրեային մէջ: Առակաց գիրքին մէջ սիրոյ եւ ատելութեան մասին գրուա՞ծ է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առանց պատճառի արդիւնք չ՚ըլլա՛ր. ասիկա անժխտելի ճշմարտութի՛ւն մըն է։ Եւ որովհետեւ մարդուս մէջ կը հաստատուի ուժերու, կարողութիւններու գոյութիւնը, որոնք նիւթեղէն-մարմնային չեն կրնար նկատուիլ, անոնց պատճառը բացատրելու համար անհրաժեշտ է դիմել տարբեր աղբիւրի մը, տարբեր պատճառի մը, ահաւասիկ ա՛յդ աղբիւրը կը կոչուի «հոգի»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Լոնտոնի մէջ խումբ մը «անգործ» բուսակերներ վիրաւորուած ու վնասուած կովերուն եւ ոչխարներուն հասնող «ցեղասպանութիւն»ներէն մուտք գործած են թուրք յայտնի խոհարար Նուսրեթի ճաշարանը եւ բարձրաձայնած են «բոյսերով ապահովուած ապագայ» լոզունգը: