Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ Սահմանադրական ատեանին կողմէ արձակուած վճիռը չափազանց նշանակութիւն ունի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Սա մէկ կողմէ իրաւունքի հարց մըն է, իսկ միւս կողմէ ունի նաեւ այլ չափումներ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Չկայ չարիք, առանց բարիքի:
Իրականութեան մէջ հակառակորդը անգիտակցաբար մեզի կ՚օգնէ:
Վերջը խնդացողը լաւ կը խնդայ:
Իրականութեան մէջ հակառակորդը ամենալաւ կամ լաւ ուսուցիչ մըն է՝ անխօս:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայագէտ, ազգագրագէտ եւ մեծ գիտնական, հայ բանագիտութեան նահապետ Սարգիս Յարութիւնեան (1928-2019թթ.) երկար տարիներ Հայաստանի զանազան համալսարաններու մէջ դասաւանդած է «Հայ ժողովրդական բանահիւսութիւն», «Հայ առասպելաբանութիւն» եւ «Հայ հին գրականութիւն» առարկաները։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս տարի կը լրանայ Վահէ Օշականի ծննդեան հարիւրամեակը:
Այս առթիւ, հայ մամուլը արդէն անդրադարձաւ 20-րդ դարու իւրայատուկ այս մտաւորական-գրող-գրաքննադատ-խմբագիր եւ դասախօսին մասին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
3. Ճահճոտ եւ մոծակաշատ տեղերուն մէջ պէտք է ցանցեր գործածել դռներուն եւ պատուահաններուն առջեւ: Այս ցանցերը պէտք է մարլիայէ կամ երկաթէ թելերէ շինուին եւ շրջանակի մէջ ամրացուցած, հագցուին պատուհաններէն ու դռներէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մխիթարական պարագայ մըն է, թէ աշխարհի ամենէն իմաստուններն անգամ երբեմն այնպիսի սխալներ կ՚ընեն, որոնք իրենցմէ նուազ եւ համեստ զարգացում ունեցողները ամօթահար պիտի ընէին։ Ըստ յայտնի առածին՝ «շատ բան գիտցողը շատ ալ կը սխալի»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեծ հաճոյքով կը շարունակեմ կարդալ մեր մոռցուած՝ սակայն իմաստուն մտաւորականներէն Վահան Մալէզեանի յուշերը, որոնք յուշագրութեան մը կողքին օգտակար ու դաստիարակիչ ամէ՛ն բան կը պարունակեն իրենց մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Խասգիւղի երբեմնի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չավուշեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ամանորի ընդառաջ վերջին օրերուն Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ զարդարուեցաւ Կաղանդի տօնածառը։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով՝ եկեղեցի այցելեցին թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի մատակարար մարմնի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Սպիտակ խումբի ներկայացուցիչները՝ Նաթալի Յովհաննէսեանը, Արսէն Գովանն ու Արտա Պաքլաճըօղլուն։
«Աբրահամ 1882» պատմական հաստատութիւնը երէկ մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց իր հիմնադրութեան 140-ամեակը:
Ալէն Թեքպըչաք, հիմնադրի հարազատները եւ «Yüzyıllık Markalar» միութեան ներկայացուցիչները մէկտեղուեցան տարեդարձի առթիւ:
Արցախը կը շարունակէ մնալ շրջափակուած։ Ատրպէյճան փակած է Լաչինի միջանցքը, որ յետպատերազմեան շրջանին Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր։ Այսպէսով վաղ 90-ականներու ծանր կացութիւնը վերստին վերականգնուած է Արցախի տեսակէտէ։
Իսթանպուլի կուսակալը երէկ երեկոյեան Չըրաղանի պալատին մէջ մօտալուտ Ամանորի առթիւ ընթրիք մը սարքեց ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդներուն, նաեւ դիւանագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներու համար, որոնց յղեց շնորհաւորութիւններ:
Ալի Երլիքայա ընդունելութեան ժամանակ մտերմիկ զրոյցի պահուն ակնարկեց համայնքային ընտրութիւններու ընթացքին՝ յայտնելով, որ կը բաժնէ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր մօտեցումները Պիւյիւքտէրէի եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդներու կազմերու վերանորոգութեան նպատակով նախատեսուած քուէարկութիւններու կազմակերպման շուրջ:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան անցեալ շաբաթավերջին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս պատարագեց Փրովիտընսի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Արդար կամ անարդար կշիռքներու մասին որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է Առակացին մէջ:
Պատասխան. Անշուշտ: 11-րդ գլուխին առաջին համարին մէջ կը կարդանք. «Նենգուած կշիռքը Տիրոջ առջեւ պիղծ է, բայց ուղիղ կշիռքի քարը Անոր հաճելի է»:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երջանկութիւնը հիւսուած է մանրաթելերով: Բաղադրատոմսի բաղկացուցիչ մասը կը կազմէ՝ ներդաշնակութիւնը, համերաշխութիւնը, փոխըմբռնումը, հանդուրժողութիւնը, համբերութիւնը, վստահութիւնը, գնահատանքը՝ համեմուած սիրով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արարչագործութիւնը հի՛մն է Աստուծոյ փրկչական բոլոր ծրագիրներուն. սկիզբը փրկութեան պատմութեան, որ իր բարձրակէտին կը հասնի Քրիստոսով։ Հակադարձաբար, Քրիստոսի խորհուրդը վճռական լո՛յսն է արարչագործութեան խորհուրդին. ան կը յայտնէ այն նպատակը, որուն հեռանկարով. «Աստուած ստեղծեց սկիզբէն երկինքը եւ երկիրը». (ԾՆՆԴ. Ա 1)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան իրականութիւններ, ինչ որ մեր սպասածին հակառակ, կրնան ամբողջութեամբ տարբեր ազդեցութիւն գործել մարդ արարածի կեանքին մէջ. անոնցմէ մէկն է բարկութիւնն ու ջղայնութիւնը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Արդէն հերթական Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը կը մօտենայ իր աւարտին: Այս մրցաշարքը կը համարուի աշխարհի ամենասպասուած, դիտուած եւ սիրելին շատ մը պատճառներով: