Արխիւ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Այսպէսով հայ մշակոյթին ձօնուած հոկտեմբեր ամիսը եզրափակուեցաւ՝ Թարգմանչաց տօնի եւ Թարգմանչաց շարժման արժեւորումով։
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ կը փափաքիմ կիսուիլ սուրիացի բազմահմուտ դերասաններէն մէկուն՝ Էյման Զիտանի մտածումներով: Սուրիահայերէն շատերուն ծանօթ է յիշեալ դերասանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը միշտ գեղեցիկ է, քանի որ ան ստեղծուած է «բարի» եւ «գեղեցիկ»։ Արդէն ամէն ինչ որ բնական է՝ իր պարզութեան մէջ գեղեցիկ է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Լսուած խօսք է որ ծնողքի մը պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը զաւակը առաջնորդել է, սակայն մեր հայկական իրականութեան մէջ շատ մը ծնողներ այդ առաջնորդելը կը շփոթեն իշխելու եւ կամ հարազատ զաւակին կեանքը բռնակալելու հետ, առանց գիտակցելու վնասելու զաւակին կեանքը՝ ի հեճուկս իր երազներու իրականացման:
Մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն. Վ. Փաշինեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ. Ալիեւ եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահ Վ. Վ. Փութին 2022 թուականի հոկտեմբերի 31-ին հանդիպեցանք Սոչիի մէջ եւ քննարկեցինք 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի, 2021 թուականի յունուարի 11-ի եւ նոյեմբերի 26-ի եռակողմանի յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Թեհրան։ Սոչիի երէկուան եռակողմանի գագաթաժողովէն անմիջապէս վերջ ան ուղղուեցաւ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։
Սոչիի մէջ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմանի գագաթաժողովին առընթեր, երէկ բանակցութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Միրզոյեանի, Լաւրովի եւ Պայրամովի միջեւ:
Ըստ Քրեմլինի, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքը կը շարունակուի:
«Չհամաձայնեցուած հարցերը շատ նուրբ եւ զգայուն են Երեւանի եւ Պաքուի տեսակէտէ։ Հայաստան-Ատրպէյճան ապագայ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ըլլայ փոխադարձ զիջման արդիւնք»:
Հանրապետութեան նախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, նաեւ Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարարութեան նպաստով Իսթանպուլի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուեցաւ ջրային մարզաձեւերու կարեւոր մրցաշարք մը։ Իսթանպուլի կուսակալութեան համագործակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։
Շիշլի մարզակումբի ներկայացուցիչները մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Հանրապետութեան բաժակին։ Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Աթագիւղի մարմնամարզի համալիրէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մայրավանքի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Ռուբէն Ռուբինեանը, որ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ութսուն տարի առաջ այս օրերուն, երբ տակաւին կ՚ընթանար Բ. Համաշխարհային պատերազմը, բեմադրուեցաւ հայկական առաջին ազգային պալէն: Մեծանուն հայ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեան վերամշակեց 1939 թուականին իր բեմադրած «Երջանկութիւն» պալէն եւ զայն իբրեւ հայկական ազգային առաջին պալէ, 1942 թուականին «Գայիանէ» խորագրով բեմադրուեցաւ ռուսական Պերմ քաղաքին մէջ՝ Լենինկրատի օփերայի եւ թատրոնի ուժերով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Միշտ շրջանառուած նիւթ է լոպիինկը եւ անոր դրսեւորմներով կայացած կամ վարուող քաղաքականութիւնները: Յարաբերաբար արդի հասկացողութիւն համարուած լոպիինկը կրնանք ներկայ աշխարհի պրիսմակով ու ընթացքով կապել՝ շուկայական մեծ գովազդային ու քարոզչական մեքենային եւ անոր փոքր ու մեծ ճիւղաւորումներուն հետ:
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձը։ Ակումբի դասընթացքներուն մասնակից՝ զանազան սերունդներէ մարզիկները համակուած էին տօնական ուրախութեամբ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, շաբաթավերջին ուխտի այցելութիւն մը տուաւ Կոտայքի թեմ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Քարամեանի կողմէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն ընդունեց «Գթութեան խոհանոց»ի կառավարման կոմիտէի ղեկավար Քլաուս Փաւելի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ «Գթութեան խոհանոց»ը կը գործէ Գերմանիոյ մէջ եւ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր բարեգործական ծրագիրներ կ՚իրականացնէ Հայաստանի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երիտասարդաց մարմնի՝ ՀԵՄ-ի ատենապետ Վիգէն Չերչեանի հետ ունեցանք մտերմիկ զրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«To do list». Ժամանակակից այս արտայայտութիւնը յաճախ կը լսենք եւ կը գործածենք: Ասիկա գերծանրաբեռնուած մեր օրը, օրուայ մեր հեւքը կառավարելու անհրաժեշտ գործիքն է, առանց որու մենք կը վերածուինք քաոսային եւ նեարդային արարածի մը… Բոլորս ունինք ընելիքներու ցուցակ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մինչ Արթիւր Շոփենհաուըր կը ձեւաւորէր իր միտքերը, անոր վրայ ազդած էին իր ժամանակաշրջանի բացասական պայմանները եւ անոր ստեղծագործութիւններու մէջ կը գերիշխէր յոռետեսութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն անոնք, որոնք բնական տեսարաններու գեղեցկութիւններէն ազդուելու ընդունակ հոգի մը ունին եւ անոնք կը միացնեն իրենց յիշատակներուն հետ, վստահ ենք որ «Գնալը կղզիի բարձունքը» իրենց համար մեծ արժէք մը կը ներկայացնէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Համաշխարհային պատերազմներէն որոշ ժամանակ ետք մարդոց մէջ սկսաւ ծնունդ առնել մտահոգութիւն մը. ոմանք ապրելու եւ գոյատեւելու համար անհրաժեշտ նկատեցին միջազգայնացումը (internationalism), իսկ ուրիշներ ազգայնականութիւնը (nationalism): Այս երկու ծայրայեղութիւններուն կողքին կար երրորդ խումբ մը՝ երկուքը իրար խառնել եւ միջին մը ստեղծել ուզողները: