Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ բարեկամներ. «ծեր»ը եւ «տարիքոտ»ը տարբեր ըմբռնումներ չե՞ն։ Արդարեւ, տարիներու ընթացքը կասեցնել անկարելի է՝ բնութեան օրէնքին հակառա՛կ, բայց կարելի է ծերութեան արգելք ըլլալ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի վրայ մարդոց բոլոր խօսքերուն հաւատալը ինչքանով խոհեմութիւն է չեմ գիտեր, սակայն կասկածէ վեր է մարդուն խօսքերն ու բառերը ինչքան ալ ստեն ու խաբեն, աչքերը չե՛ն կրնար ստել:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Բանասէր, պատմաբան Գէորգ Բամպուքճեան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիւանի վարիչ (1967-1977թթ.) եւ աւագ քարտուղար (1977-1982թթ.) աշխատած տարիներուն Պատրիարքարանի դիւանատան մէջ, խառն նամակներու դասաւորման ընթացքին, հանդիպած է պոլսահայ վիպագիր եւ հրապարակագիր Զապէլ Եսայեանի նորայայտ չորս նամակներուն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Սիրոյ մասին պատմութիւնները օրինակներ կու տան, թէ ինչպէս կրնանք մեր կեանքը նուիրել այլ մարդու մը։ Իսկ ընկերութեան մասին պատմագրութիւնները յաճախ կը խօսին այն մասին, թէ ինչպէս կրնանք նուիրուիլ մեր կեանքին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան ճաշու Աւետարանի ընթերցումը առնուած է Մարկոսի Աւետարանէն, ուր Աւետարանիչը կը ներկայացնէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կատարած մէկ հրաշքը՝ խուլ եւ համր մարդու մը բժշկութիւնը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հարց պէտք է տալ, թէ կարդալը, ուսումը կը փոխէ՞ մարդուս նկարագիրը, բնաւորութիւնը։ Խնդրական է…։
Մարդ կրնայ կարդալ ու կարդալ, ուսանիլ եւ մինչեւ իսկ համալսարանէ մը ակադեմական աստիճան մը ընդունիլ եւ տակաւին «հին մարդ» մնալ։ Եւ «հին մարդ»ու գլուխով, յետադէմ եւ յետամնաց պտտիլ բոլորովին զուրկ որեւէ տաղանդէ եւ ստեղծագործական կարողութենէ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ երբ կը կարդամ նախնիներու գրութիւնները, կը նկատեմ, որ անոնք ընդհանրապէս գրած են սիրոյ, հաւատքի, ապաշխարութեան, հայրենիքի եւ հայրենասիրութեան մասին։ Գրած են այս բոլորին մասին, որովհետեւ մարդոց մտահոգութիւնները ընդհանրապէս եղած են այդ բոլորը, սակայն մեր օրերուն մտահոգութիւնները ամբողջութեամբ ուրիշ են։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

«Խաղաղապահ ուժեր, ո՞ւր է ձեր խոստացած խաղաղութիւնը», կոչերով արցախցիները յանդգնած են բողոքի ցոյց կազմակերպել Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022

Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 31-րդ տարեդարձին առթիւ երէկ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ։ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը այս առթիւ այցելեց Նահատակաց յուշարձանը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Անոնք անդրադարձան Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Վանի մէջ, ուր վաղը պիտի նախագահէ տարեկան Ս. Պատարագին:
Պատարագիչն է Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան: Երգեցողութիւնները կը կատարուին Սահակեան դ. դաս-երգչախումբին կողմէ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Միջազգային լրատուամիջոցներ վերջերս անդրադարձան մարդոց կեանքերը փրկած 10-ամեայ, 16-ամեայ եւ օդանաւով թռիչքի համաշխարհային մրցանակ հաստատած 17-ամեայ երեք պատանիներու, որոնք դրական գործունէութեամբ օրինակ կը ծառայեն իրենց տարեկիցներուն եւ յոյս կը ներշնչեն չափահասներուն:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Աւելի քան յստակ կը դառնայ, որ օրեր առաջ Պրիւքսելի մէջ կայացած եւ իր տեսակին մէջ այս տարուան երրորդը համարուող Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը պարզապէս միտում մը ունէր՝ երկարաձգելու այսօրուան դրութիւնը։ Այլ խօսքով, ոչ մէկ յառաջխաղացք Հայաստանի գերիներու հարցով, սահմանազատան հարցով կամ նոյնիսկ՝ Հայաստանի համար ամենաբարդ օրակարգը համարուող խաղաղութեան վերջնական պայմանագրի խմբագրման հարցով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022

Յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ, գործարար ու բարերար Ռուբէն Վարդանեան երէկ տեղեկացուց, որ որոշած է հրաժարիլ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան քաղաքացիութենէն եւ հաստատուիլ Արցախ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022

Հայաստանի Արարատի մարզի Վետի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է տհաճ դէպք մը, ինչ որ ուշագրաւ դարձած է լրահոսին վրայ։ Երէկ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն տեղեկացուց, որ այդ դէպքի մասնակիցները եղած են Թուրքիոյ քաղաքացի ամուսիններ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022

Պորել. «Կարեւոր է աշխատանքը շարունակել խաղաղութեան պայմանագիրը յառաջ մղելու համար։ ԵՄ կ՚աջակցի խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասին»:
Պրիւքսելի հանդիպումէն վերջ «Քոմերսանթ»ի մէջ վերլուծութիւն. «Հայաստան օրէ օր աւելի ու աւելի կը համարկի՝ Ատրպէյճանի կողմէ իրեն պարտադրուած պատկերին»:
«Անտեղի են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հանգուցալուծուած ըլլալու մասին յայտարարութիւնները, որովհետեւ տակաւին հասցէագրուած չեն Արցախի հայութեան անվտանգութեան խնդիրները»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան դասընթացքները արդէն եզրափակուած են։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցան այս դասընթացքները, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին թէ՛ մեր նոր սերունդի համախմբման եւ թէ՛ արձակուրդի շրջանին եռուզեռ մը, ընկերային շարժում մը ապահովելու առումով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երկու նորաօծ անդամները՝ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան վերջին օրերուն իրենց անդրանիկ սուրբ պատարագները մատուցին՝ աւարտած ըլլալով ձեռնադրութեան յաջորդած ապաշխարութեան շրջանը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համաժողովը ընթացքի մէջ է Քառլսռուէի մէջ, Գերմանիա։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները աշխուժօրէն ներգրաւուած են էքիւմենիք այս կարեւոր հարթակի քննարկումներուն, որոնք կը վերաբերին համաքրիստոնէական աշխարհի առկայ մարտահրաւէրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ժողովրդավարական հասարակութիւններու կամ պետութիւններու մօտ հնարաւոր չէ հրաժարիլ մամուլէն եւ մտքի ազատութենէն։ Սակայն, ինչպէս բոլոր տեսակի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, մամուլի ազատութիւնն ալ անսահմանափակ չէ։

Էջեր