Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Եկեղեցւոյ Տասներկու Սուրբ Վարդապետներուն տօնը, որոնք են՝
Ռէթէոս Աթենացի, Դիոնիսիոս Արիսպագացի, Սեղբեստրոս Հայրապետ (Հռոմի), Աթանաս Աղէքսանդրացի Հայրապետ, Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետ, Եփրեմ Խուրի Ասորի, Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետ, Գրիգոր Նիւսացի, Գրիգոր Աստուածաբան, Եպիփան Կիպրացի, Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ, Կիւրեղ Աղէքսանդրացի Հայրապետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիա՝ որպէս գլխաւոր խաղացող ի՞նչ կը փնտռէ, ինչի՞ կը յաւակնի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս, երբ ինքն ալ կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ:
Մոսկուա կանաչ լոյս վառած է Անգարա-Երեւան բնականոնացման համար, իսկ Թեհրան այս փուլին դժուար թէ զինեալ միջամտութիւն մը կատարէ Պաքուն զսպելու նպատակով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Օճախ» բառը իր բարոյական իմաստով կը նշանակէ՝ ջերմ, մտերիմ միջավայր, հոն՝ ուր մարդ ինքզինք ապահով կը զգայ, անվտանգ եւ վստահութիւն ներշնչող խաղաղ պատսպարան։ Եւ այն տունը, այն ընտանիքը, ուր կը տիրէ խաղաղութիւն, իրերհասկացողութիւն, փոխադարձ վստահութիւն եւ անդամները իրարու կապուած են ճշմարիտ եւ անկեղծ սիրով, «օճախ» կոչել սովորութիւն է դարձած։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ, դժբախտաբար, «ինչ որ ցանես՝ այն կը հնձես» խօսքը ճշմարտութիւն չէ, որովհետեւ բոլորս ալ մեր անձնական փորձով գիտենք, թէ շատ անգամ բարիքի փոխարէն չարիք, սիրոյ փոխարէն՝ ատելութիւն կրնանք հնձել, սակայն կը հաւատամ որ այս խօսքը ի զօրու է ծնողք-զաւակ յարաբերութեան մէջ:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ո՞վ ես դուն, որ ժայռը մինակ փորես
Եւ այս յաւիտենական դատարկութիւնը,
Այս յաւիտենական սպիտակութիւնը անցնիս.
Կեցցե՛ս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ քրիստոնէական նուիրապետութիւնը աստիճանաբար զարգացաւ։ Մինչեւ Գ. դարու սկիզբները միմիայն երեք աստիճան կարելի է տեսնել. «եպիսկոպոսութիւն», «երիցութիւն» եւ «սարկաւագութիւն». իսկ Գ. դարուն արդէն որոշակի յիշատակուած կը տեսնուի նուիրապետութեան (hiérarchie) միւս խոնարհագոյն աստիճաններն եւս, այն է՝ «կիսասարկաւագութիւն», «ջահընկալութիւն», «երդմնեցուցիչ», «ընթերցող» եւ «դռնպահ»՝ իւրաքանչիւրը իր որոշ պաշտօնավարութեամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բազմիցս ըսած եմ եւ հաւանաբար մինչեւ մահ պիտի շարունակեմ ըսել, որ հայերս ունեցած ենք հարուստ գրականութիւն մը, որ դժբախտաբար քիչ մը անծանօթ մնացած է աշխարհին:
Չեխ գրող ու ճանապարհորդ Քարել Հանսայի կողմէ հեղինակուած «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքը այս շրջանին հայերէնի թարգմանուած է՝ Փրակի «Օրեր» համաեւրոպական ամսագրի համահիմնադիր Աննա Կարապետեանի կողմէ։
Երեւանի Մատենադարանին մէջ այս օրերուն բացուած է «Ժամանակին ընդառաջ. վերականգնումը Հայաստանի մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ կ՚արժանանայ թէ՛ հետաքրքիրներու եւ թէ՛ մասնագիտական շրջանակներու ուշադրութեան։
Հայաստանի եւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարները արժեւորեցին տարածաշրջանի իրադրութիւնը:
Երեւան-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ ջանքեր կը գործադրուին՝ համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ դնելու համար:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի նիստը։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետները մասնակցեցան այս ժողովին, որու տանտէրն էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ մի առ մի ողջունեց բոլոր մասնակիցները՝ ներառեալ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը։
Արարատ Միրզոյեան երէկ հիւրընկալեց Ամիր Ապտուլլահիանը, որ պաշտօնական այց մը տուաւ Երեւան:
«Թուրքիա Հայաստանի հետ բնականոնացման գործընթացը պէտք է աւելի ու աւելի քիչ կապէ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին հետ։ Ընդհակառակն, պէտք է գիտակցիլ, որ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան յաջողութիւնը կրնայ դրական ազդեցութիւն գործել Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին վրայ»:
«Թուրքիա պատրաստ է ենթակառուծուաքներու բոլոր ծրագրերու պարագային ըլլալ Ատրպէյճանի կողքին»:
Էրտողան եւ Ալիեւ երէկ տեսակցեցան Ճեպրայիլի մէջ, մասնակցեցան զանազան բացումներու կամ հիմնարկէքներու:
Գահիրէի մերձակայ Անպա Պիշոյ վանքին մէջ ներկայ շաբթուան առաջին կէսին տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքի եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին հանդիպումը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթօ Արմանն ու գործակից ընկերները։ Հիւրերու շարքին էին թէ՛ այժմու թաղականներ եւ թէ՛ յառաջիկայ ընտրութիւններուն թաղականի թեկնածու առաջադրուած դէմքեր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ գաւառի մեր համայնքներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Մալաթիան ու Սեբաստիան։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանայ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
2004 թուականին բեմադրուած «Հոուլի թափառող դղեակը»ն ճաբոնցի հանրածանօթ բեմադրիչ Հայաօ Միյազաքիի գլուխգործոցներէն մին է։ Այս անիմէ-ժապաւէնը, որ մշակուած է բրիտանացի յայտնի հեղինակ Տիանա Ուին Ճոնսի համանուն վէպի հիման վրայ, հսկայական լսողական ու տեսողական շոու մըն է, անկասկած։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ամենաչար մարդն անգամ քնացած մանուկի մը քովէն անկարելի է, որ անտարբերութեամբ անցնի: Անպաճոյճ մանուկը կը ստիպէ արթննալ խոր քունի մատնուած անտարբերութիւնը եւ նուիրել անկեղծ ժպիտ մը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ի՞նչ է այս կենդանի թոյնը:
Մինչեւ 1883 թուականը մեծ գիտնականներէն ալ ոմանք նոյնիսկ չէին կրնար այս հարցումին պատասխանել, բայց այս տարուան ընթացքին գերմանացի նշանաւոր գիտնական՝ Կոխը, մեծցնող ապակիներու (մանրացոյցի) միջոցով խոլերայով հիւանդներու կղկղանքին մէջ գտաւ էակներ (սունկեր), որոնք առանց մանրացոյցի չեն երեւիր եւ որոնք խոլերայի իսկական պատճառներն են: