Արխիւ
«Սիվիլնեթ» կայքէջին վրայ «Զարկերակ» ծրագրի հեղինակ Առէն Քերթեշեան զրուցեց Արա Գօչունեանի հետ. «Հիմա արդէն անցած ենք ճգնաժամային դրութեան»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգը լայն արձագանգ կը ստեղծէ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէց Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանը, Նարեկացի դպրաց դասու դպրապետ Արման Սրկ. Մարաշլեանը եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հայազատ Կազէրօղլուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Գարակէօզեանի ընտանիքը երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանը եւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինը։ Ուսուցչաց օրուան առիթով կազմակերպուած այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Մուամմէր Քեսքինին ընկերացան Շիշլիի քաղաքապետութենէն շարք մը պատասխանատուներ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձեալ տեղի ունեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները թիրախաւորեցին Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւորներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան արդէն մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ կատարելագործելու համար իր ուսումը։ Մայրավանքէ ներս ան արդէն հաստատուած է եւ աստիճանաբար կը ներգրաւուի աշխատանքային ծրագրին։
Երուսաղէմը աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններու եւ քաղաքական առեւտուրի ամենաթէժ հանգոյցներէն մէկն է երկրագունդի վրայ եւ այնտեղ ուժեղ ներկայութիւն ունենալը, ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային իրաւունքներ պաշտպանելը մեր կարեւորագոյն եւ հազուագիւտ լծակներէն մէկը կրնար ըլլալ:
Անցեալ տասնամեակներուն ու անոնցմէ ալ առաջ, նմանօրինակ գործարքներ շատ եղած են: Պատրիարքն ու Սրբոց Յակոբեանց ողջ միաբանութիւնը պէտք է դուրս գան հաշուետուողականութեան տեսակէտէ իրենց ձեռնտու ինքնամեկուսացումէն։ Թափանցիկ ու կանխատեսելի դարձնեն իրենց գործունէութիւնը, ինչ որ միակ ճանապարհն է վստահութեան դրամագլուխ ունենալու:
Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի քահանայից դասու անդամներուն հաւաքը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, մեր քահանայից դասու անդամները հաւաքուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն, որուն կ՚ընկերանային իր լծակից ընկերներէն Մինաս Քափուսուզն ու Ռաֆֆի Եազմաճըն։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական նուիրահաւաքը՝ խնամակալութեան ներկայացուցիչները խմբագրատունս այցելեցին, ըստ ընկալեալ սովորութեան։
Հայկական սփիւռքի խորհրդանշական դէմքերէն մին է Կիրակոս Գույումճեան, որ բազմակողմանի գործունէութիւն կը ծաւալէ, հանդէս գալով նաեւ մտաւոր արտադրութեամբ։ Վերջերս իր մասին Ահարոն Շխրտմեանի ստորագրութեամբ, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ յօդուած մը, որ որոշ յապաւումներով կը ներկայացնենք ստորեւ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Զատիկի տօնի նախօրեակին, Յիսուս գիտնալով թէ հասած է Իր ժամը» (Յհ 13.1):
Մեկնութիւն. միւս աւետարանիչները Բաղարջակերացի օրէն առաջ կ՚ըսեն, իսկ ասիկա Զատիկէն առաջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկեան TIME ամսագիրը արհեստական բանականութեամբ բանող հայկական Ռոպին մարդամեքենան 2021-ի լաւագոյն նորարարութեաններէն մէկը նկատած է: Ամսագիրը հայ երիտասարդ գիտնականներուն ստեղծած այս մարդամեքենան կոչած է «հոգատար ընկեր»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի երեսին, ցաւ ի սիրտ, հայերը այնքան հետաքրքրուած չեն հայկական արժէքներով ու աւանդութիւններով՝ ինչքան օտարները, որովհետեւ մեր ազգային հիւանդութիւններէն մէկն է մեր սեփականը չգնահատելը: Բոլորս ալ առաւել կամ նուազ չափով սիրահարութեամբ կը նայինք օտարին ունեցած արժէքներուն, որոնք շատ անգամ մերիններուն դիմաց թոյլ ու խախուտ են:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Զայրոյթը դարձած է այնպիսի զգացում մը, որ կը սնուցէ քաղաքականութիւնն ու մշակոյթները։ Արդեօք կարելի՞ է դուրս գալ այս յորձանուտէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւասարութիւնը խորհրդանշող արձաններուն եւ նկարներուն կշիռքները որքան ալ հաւասար ու համաչափ ըլլան, անհաւասար իրականութենէն բան չեն փոխեր, որովհետեւ հաւասարութիւն քարոզող սահմանադրական օրէնքներու մէջ նոյնիսկ գոյութիւն ունի անհաւասարութիւն մը՝ օրէնսդիրի եւ օրէնքը գործադրողի անհաւասարութեամբ պայմանաւորուած:
Զուիցերացի յայտնի դաշնակահար Ժոզէֆ Մորիս Վետէր շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ ան։
Փաշինեան եւ Փութին վերջին շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ զրուցեցին հեռաձայնի վրայ:
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ միշտ կը քննարկուի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային կայունութիւնը:
«Լը Ֆիկարօ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պատասխանեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցումի մը։
«Մենք մշտապէս յայտարարած ենք, որ պատրաստ ենք կարգաւորել մեր յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու՝ հակառակ Արցախի դէմ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին ցուցաբերուած հսկայական աջակցութեան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Հայ Եկեղեցւոյ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան երէկ պատարագեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քաղաքս եկած էր՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քաղաքս եկած էր՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց կիրակնամուտքին եւ խօսեցաւ քարոզ մը:
Նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հրաժեշտի բոլոր փուլերը կատարուեցան ամենայն պատշաճութեամբ: