Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 17, 2021

Գերմանիոյ յայտնի «Bild» թերթը օրերս անդրադարձաւ Պաքուի մէջ բացուած «Ռազմաւարի պուրակ»ին։ Ինչպէս ծանօթ է, Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ այդ ցուցահանդէսը բացուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ՝ ցասում յառաջացնելով հայկական հանրային կարծիքին մօտ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գալֆայեան Տան սաներէն Արաս Էօզքայա փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ վերջերս կազմակերպուած Թուրքիոյ Միջվարժարանային մտախաղերու առաջնութեան եզրափակիչ փուլին։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան եւ «TÜBİTAK»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021

Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու հարցին շուրջ։ Ան պոլսահայ մամուլին տեղեկացուց, որ իր գլխաւորած խնամակալութեան առընթեր, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութիւնը, Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը եւ Գալֆայեան Տան խնամակալութիւնը համատեղ որոշում ընդունած են՝ պատկան իշխանութիւններուն մօտ դիմում կատարելու համար ընտրութեան ձեռնարկելու պահանջով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն շուրջ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ NTV-էն։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ այն հաւանականութեան, թէ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն յառաջիկայ 24 Ապրիլի պատգամին մէջ կրնա՞յ օգտագործել ցեղասպանութիւն բառը կամ ոչ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021

Չավուշօղլու բուռն ձեւով մերժեց Տենտիասի կողմէ անակնկալօրէն կատարուած մեղադրանքները:
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարներու երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ բանավէճ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021

Նիկոլ Փաշինեան. «Յարձակում Հայաստանի վրայ կը նշանակէ՝ յարձակում Ռուսաստանի վրայ»:
Վարչապետը յայտնեց, որ կը քննարկուի երկրի ռուսական ռազմախարիսխի հնարաւորութիւններու հարստացման հարցը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021

Հայաստանի նախագահի պաշտօնական այցը Վրաստան. «Կովկասի զարգացման համար անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը այլընտրանք չունին, որեւէ հակամարտութիւն կը վնասէ ամբողջ տարածքաշրջանին»:
Արմէն Սարգսեանի այցելութեամբ Երեւան-Թիֆլիզ յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի կը բարձրանան:

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021

Կը տեղեկանանք, որ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական գիրք մը։ Եղեռնի 106-րդ տարելիցի սեմին «Արաս» լոյս ընծայած է «Ermeni Soykırımı'nın Kısa Bir Tarihi» գործը, որու հեղինակն է Թանէր Աքչամ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Ինչպէ՞ս էք, միշտ տեսնուելով ընտելացանք իրարու:
Ըսի մօտակայ բանջարավաճառին քով աշխատող միջին տարիքով կնոջ, զոր գրեթէ ամէն այցելութեանս կը տեսնեմ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021

ԵՐԱՄ

Տուն կը մտնէ ձեռքերը պարզած, «երթուղայինի մէջ ոչ մի տեղ չեմ կպած, կարող էք չանհանգստանալ». կը հանգստացնենք, որ մտնէ, եթէ պիտի վարակուինք՝ փախուստ չկայ ի վերջոյ։ Կը հանէ վերարկուն, կը կախէ մուտքին. զինք դիմաւորելու եկած շունիկին գլուխը քնքշանքով կը շոյէ, յիշեցնելով, անգամ մը եւս, որ ոչ մէկ տեղ չէ դպած ու զերծ է վտանգաւոր մանրէէ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Իր բառերով Պոլսոյ երգիչներուն «կոյկոյ»ներէն անհանգիստ, Շահան Պէրպէրեան Կոմիտաս Վարդապետի պարագային եւս կը կարծէր, թէ տարբերութիւն մը պիտի չտեսնէր, եւ սակայն երբ Փարիզի մէջ անձամբ տեսած է Վարդապետը ու լսած իր ձայնը, բոլորովին հիացած գիտցած է հայ երաժշտութեան իսկական արժանիքը եւ ինքն իսկ դարձած երաժշտագէտ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

70-ականներու կէսերուն, երբ իր ամենաթէժ փուլին էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, քաղաքական վերնախաւը փորձելով բնութագրել երկրի տագնապահար վիճակը՝ հրապարակ նետեցին «Ալ հալա ալ Լուպնանիյա» խօսքը։ Այս մէկը աւելի վերջ դարձաւ կարեւոր ասոյթ անոնց համար, որոնք քննեցին, պրիսմակի տակ առին, ապա վերլուծել փորձեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրականութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

«Հայկական ռազմաւարի պուրակի» բացումը զիս առանձնապէս չի հետաքրքեր Ալիեւի մարդատեացութեան (ոչ միայն հայատեացութեան) եւ ցինիզմի տեսանկիւնէն։ Պարզ է, որ մեզի հետ պատերազմի մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տարած յաղթանակէն վերջ ան պէտք է ամէն ինչ ընէ մէկ կողմէ՝ մեզի ցաւ պատճառելու, նուաստացնելու, միւս կողմէ՝ սեփական հասարակութեան ոգեւորութիւնը որքան հնարաւոր է երկարաձգելու համար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Վրաստան։ Դէպի Թիֆլիզ ուղեւորութեան իրեն կ՚ընկերանայ նաեւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021

Արմէն Սարգսեան խորհրդակցեցաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ղեկավարութեան հետ:
Հայաստանի մէջ կրթութեան ու գիտութեան ոլորտի օրէնսդրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու նախաձեռնութիւն:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւով արձագանգած է Մխիթարեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի վախճանման գոյժին։ Նախագահ Սարգսեան այս կապակցութեամբ ցաւակցական մը ուղարկած է Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին, որ միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւորն է։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր Թուրքիա կ՚այցելէ՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հրաւէրին ընդառաջ։ Իրականութեան մէջ, այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենար երէկ, սակայն օր մը յետաձգուեցաւ՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին պատճառով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

2010 թուականի օգոստոսի վերջ՝ Ստեփանակերտ: Նոր ուսումնական տարիին մնացած է համրուած օրեր ու ժամեր: Ահաւասիկ, երկար տարիներու իմ բաղձանքը դարձած է իրականութիւն:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան երդիքին տակ մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշուեցաւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեակը:
Համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան կազմակերպուած ձեռնարկը ցոլացուց եզակի կրթօճախի դարաւոր առաքելութեան ճանապարհն ու ձեռքբերումները:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ յայտարարութիւն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պախարակեց Ատրպէյճանի հակամարդկային եւ հակաբարոյական գործողութիւնները:

Էջեր