Արխիւ
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ եթէ Հայաստանի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան վերստին վարչապետ դառնայ, ապա ամբողջ աշխարհ Հայաստանի վրայ պիտի ծիծաղի եւ այդ բանէն վերջ Հայաստան որեւէ բան չի կրնար ընել։
Երբ միջազգային բեմահարթակի վրայ ուժերու նոր վերադասաւորումներ տեղի կ՚ունենան եւ մանաւանդ՝ Արեւմուտքը կը փորձէ դիրքաւորուիլ Արեւելքի յառաջատար դերակատարներուն դէմ, Փեքին-Թեհրան յարաբերութիւնները արդէն նոր թափ կը ստանան։ Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ շաբաթավերջին ստորագրուեցաւ ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որ ունի քսանհինգ տարուան ժամկէտ մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն աշխարհի քառասուն պետութիւններու ղեկավարները յաջորդ ամիս հրաւիրեց Ուաշինկթըն՝ կլիմայի փոփոխութիւններուն ձօնուած գագաթաժողովի մը մասնակցելու։ Սպիտակ տան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ճօ Պայտընի տանտիրութեամբ կազմակերպուելիք համաժողովը նախատեսուած է 22-23 ապրիլին։
Թուրքիոյ բնակչութեան 80 տոկոսը վերստին համաճարակի տեսակէտէ վտանգաւոր գօտիի մը մէջ մնաց:
Կառավարութեան երէկուան երկարատեւ ժողովին ժամանակ որոշուեցաւ դարձեալ խստացնել սահմանափակումները:
Ըստ Այվազեանի, Հայաստան կ՚ակնկալէ, որ Թուրքիա փոխէ իրեն դէմ որդեգրած քաղաքականութիւնը:
«Արցախի պատերազմը ապացուցանեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքը ձախողած է»:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ թրքահայ լուսանկարիչ Տայք Տանձիկ ընտրուած է İFSAK-ի (Իսթանպուլի լուսանկարի եւ շարժանկարի սիրողներու միութիւն) նախագահ։
İFSAK-ի 54-րդ համագումարը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Հաշուապահներու եւ ելմտական խորհրդականներու սենեակի դահլիճին մէջ։ 1959 թուականին ստեղծուած այս կառոյցը Թուրքիոյ ամենահեղինակաւոր լուսանկարչութեան ու շարժանկարի կազմակերպութիւններու շարքին կը դասուի։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան 18-րդ հերթական համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։ Միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողովը՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Ճուն Եամատայի հետ, որ այս շրջանին դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու վրայ է Հայաստանի մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Տէյլի Սապահ» նշանաւոր օրաթերթը հրապարակում մը պատրաստած է Եգիպտոսի զարգացման հոլովոյթին մէջ մեծ դեր ունեցած հայ արհեստաւորներուն մասին: Թերթը անդրադարձած է ընտանիքի մը, որ դարէ մը աւելի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ պապենական գործը լուռ ու մունջ առաջ կը տանի, առանց ենթարկուելու քաղաքակրթութեան վնասարարութեան:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հովիւը վեց յատկութիւն ունի, որ այստեղ ըսաւ. նախ՝ որովհետեւ դռնէն կը մտնէ փարախին մէջ: Երկրորդ՝ քանի որ դռնապանը կը բանայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաքինութիւն, ինքնութիւն ու բարեկեցութիւն՝ մարդկային կեանքին անհրաժեշտ արժէքներն են՝ որոնք կը կատարելագործուին զգացական կեանքը չափաւոր ու նպատակայարմար գործածելով։
Կեանքի պայքարը ընթացք կը ստանայ՝ մարդկային մտածումներու, կիրքերու, արժէքներու համեմատ, որոնք երբ նպատակայարմար գործածուին իմաստութեամբ ապրելու պատճառ կը դառնան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աւագ շաբաթ»ը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տնօրինութիւններուն՝ չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման, ինչպէս նաեւ դժոխքի աւերման, հոգիներու ազատման եւ հրաշափառ յարութեան շաբա՛թն է։ Այս շաբաթուայ ընթացքին կատարուած ամէն բան, անհրաժե՛շտ էր մեղաւոր մարդուն վերստին «անմահութիւն» պարգեւելու եւ երկնային արքայութեան արժանացնելու եւ հոն փոխադրելու համար։
Մարտի 27-ի Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին կատարուեցաւ «Արտաւազդ» թատերական մրցանակաբաշխութիւնը։ Այս հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիս հրաժարական պիտի տայ, որպէսզի արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունենան երկրին մէջ։
Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին այցելեց Հայաստանի Արմաւիրի մարզը, ուր ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ երկրի ներքին քաղաքական կացութեան եւ այժմ դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներուն։
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման հերթական հանրահաւաքը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին անգամ մը եւս ընդդիմադիր ցուցարարներ համախմբուեցան՝ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր գլխաւորած կառավարութեան հրաժարականը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իզլանտան։ 2022 թուականին նախատեսուած Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումներուն ծիրէն ներս, «J» խմբակէն ներս, հայկական ընտրանին երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց Իզլանտայի ազգային հաւաքականը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ «Աւագ շաբաթ»ը կը մօտենայ եւ կամ...: Ու ի՜նչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով, Քրիստոսի ծնունդէն երկու հազար տարի ետք: Մէկ խօսքով, խտացած դժբախտութիւն մը, որ սարսափ կ՚ազդէ ե՛ւ դիտողին, ե՛ւ ապրողին:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Ծաղկազարդի տօնը։ Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը տօնախմբուեցաւ աւանդական արարողութիւններով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Արեւմուտքը տեսաւ, թէ, ըստ էութեան, դուրս մնաց Կովկասէն եւ այստեղ արդէն հարց լուծողը Ռուսաստանն է եւ Թուրքիան, որու կրտսեր գործընկերն է Ատրպէյճան»:
«Ռուս-թրքական, նաեւ Մոսկուա-Անգարա-Թեհրան համագործակցութեան ձեւաչափը թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Հարաւային Կովկասի մէջ շատ լաւ կ՚աշխատի։ Հայաստան այլընտրանք չունի դաշնակցի հարցով, ստիպուած է ռուսական թելադրանքով յառաջ երթալ։ Հետեւաբար ներկայ պահուն Արեւմուտքի լուրջ միջամտութիւնով մը այստեղ չի կրնար փոխուիլ իրավիճակը»:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Ի սկիզբ բանիս պէտք է ըսեմ, որ սփիւռքի մէջ ներկայիս չկայ գրական շարժում,- եւ սա բաւականէ ի վեր,- թէեւ, ի՜նչ խօսք, ունինք մի քանի նոր ուժեր: Կան նաեւ հիները, որոնք իրենց տալիքը տուած են, սակայն կը շարունակեն ստեղծագործել: