Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021

Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի գիտնականները յայտարարած են, որ քաղցկեղը դարձած է շաքարախտի հիւանդներու պարագային մահացութեան հիմնական պատճառը: Գիտնականները նման եզրայանգման եկած են շաքարախտի հիւանդ աւելի քան 300 հազար մարդու մասնակցութեամբ կատարուած հետազօտութենէ յետոյ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021

Իսթանպուլի 14-րդ Պատժական ատեանը արձակեց իր վճիռը՝ ընկերային ցանցերու աստղ Մուրատ Էօվիւչի դէմ բացուած դատին շուրջ։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ Մուրատ Էօվիւչի դէմ դատ բացած էր անոր կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած հրապարակումի մը բերումով։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Պէ՞տք են արդեօք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, կամ ոչ։ Եթէ պէտք են, ապա որո՞ւ իշխանութեան օրօք եւ ի՞նչ կանոններով պիտի իրականացուին անոնք։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Երեւանի Մաշտոցի պողոտային մէջ բացուեցաւ գետնանցում մը, որ Տիանա Աբգարի եւ Միսաք Մանուշեանի յիշատակին ձօնուած պուրակները իրարու կը միացնէ։ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանը կարեւոր վճիռ մը արձակեց՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն տեսակէտէ։ Այդ դատավճիռով չեղեալ յայտարարուեցաւ 2013 թուականին հրապարակուած այն շրջաբերականը, որով փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութիւնը ջնջուած էր։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Ատրպէյճանի մէջ ապագայ բռնութիւններու վտանգին ենթակայ են հայ ռազմագերիները, որոնց լիակատար պաշտպանութիւնը պէտք է ապահովուի:
HRW միջազգային իրաւապաշտպան հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը սուր տեղեկագիր մը հրապարակեց՝ յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով:

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական գիրք մը։ «Մարդը գործին մէջէն. Աքսորականի գաղտնի օրագիր» կը կոչուի այս գործը, որու հեղինակն է Լեռ Կամսար։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Վաղը՝ հոգելոյս Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան պիտի ոգեկոչուի իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Հաւատացեալ ժողովուրդը կը շարունակէ սրտին մէջ կրել սէրը հոգելոյս սրբազանին նկատմամբ, որ անժամանակ բաժնուեցաւ կեանքէն։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Արցախի թեմէն երկու նորաօծ քահանայ հայրեր երէկ այցելութիւն մը տուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց զօրացնել լաւատեսութեան ոգին եւ ապագայի նկատմամբ հաւատը:

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արուարձանային թաղէ մը անցած ատենս, կիսանկուղային յարկէ մը, կենդանի երգեցողութեան ձայն լսեցի՝ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ…»: Ապշած կեցայ, քանի որ վերջին շրջանին երգ չենք լսեր առհասարակ, իսկ այս երգը, մանաւանդ Հայաստանի մէջ չեմ լսած կենդանի կատարումով, կենցաղային վայրի մը մէջ, օրուայ տաղտուկ ժամի մը:

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Ե՛ս եմ դուռը» (Յհ):
Մեկնութիւն.
ինչպէս այլ տեղ մը ճանապարհ կոչեց եւ որթատունկ անուանեց Ինքզինք, իսկ հիմա ալ դուռ կը կոչէ:

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Լոյսը արեւէն մինչեւ մեզի հասնելու համար, մէկ երկվայրկեանի մէջ 300 հազար քիլոմեթր արագութեամբ կ՚ընթանայ։ Այս պատճառով՝ լոյսը զօրութիւն մըն է։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Հայ գրականութիւնը չունի ուրիշ գրող մը, որուն ոճը միանգամայն ըլլայ անհարթ, ոչ-դիւրընկալելի, դիւրահաղորդ ու ներգործական, որքան Ինտրայինը՝ պարարտացած քնարա- փիլիսոփայական տարրերով. մէկ խօսքով՝ ճարպոտ, սակայն ոչ-ճապաղ1. տաժանելի, սակայն ոչ-արհեստական2, եւ այս բոլորը՝ «Ներաշխարհ» գլուխ գործոց երկին մէջ, գրուած 1898-1900 թուականներուն, իսկ տպուած վեց տարի ետք՝ 1906-ին, Կ. Պոլիս:

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Հօր աշխատավայրը երթալը, կարելի է ըսել երեխայի մը ամենաանմոռանալի պահերէն է։ Այսպէսով երեխան ականատես կը դառնայ, թէ հայրը ինչպէ՛ս առիւծի բերնէն ճաշասեղան կը հասցնէ հացը, որքա՛ն անդիմադրելի զօրութիւններով, անգութիւթիւններով լի է «կեանք» ըսուածը…

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ». (ԱՌԱԿ. ԺԱ 17)։ Արդարեւ, ողորմածութեան գործերը բարեսիրական արարքներն են, որոնցմով մենք օգնութեան կը հասնինք մեր մերձաւորին անոր մարմնական եւ հոգեւոր կարիքներուն համար, անոր ամէն տեսակ նեղութեանը մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած չէ։
Շաբաթավերջին Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Արագածոտնի մարզը։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը։ Պատրիարքարան այցելութեան ընթացքին ամերիկացի դեսպանին ընկերացան Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ դեսպանատան անձնակազմէն Քեւըն Մոսս։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան ծիրէն ներս, համայնքիս կարիքաւոր ընտանիքներու համար յատկացուած 567 զոյգ օժանդակութեան տոմսը, այս շաբաթ հասաւ Պատրիարքարան։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Էջեր