Արխիւ
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Յանուն անկեղծութեան ու ճշմարտութեան պէտք է ըսեմ, որ այսօր՝ տարիներ ետք, քիչ մը դառնութեամբ կը յիշեմ կեանքիս յատկապէս ա՛յն շրջանը, երբ որպէս մասնագիտութիւն ընտրած ըլլալով հայագիտութիւնը՝ շարունակ «գրոհի կ՚ենթարկուէի» աջէն ու ձախէն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհի վրայ ամենաքաղցրն է մօրը սէրը, որ չի ճանչնար սահմաններ։ Մայր մը՝ իր զաւկի ծնունդով, ընդմիշտ կը դադրի «երեխայ» մը ըլլալէ։ Զաւկի նկատմամբ անփոխադարձ սիրոյ հետ միանգամայն զինք կը պատէ նաեւ զոհողութեան, համբերատարութեան, հանդուրժողականութեան զգացումները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի հասարակութեան լայն շերտերուն համար «Քովիտ-19»ի դէմ պատուաստուելու հարցը կը շարունակէ մնալ կարեւոր օրակարգի նիւթ։
Ճիշդ է, որ երկրին մէջ համավարակի տարածումը կը շարունակուի, սակայն այն առաջուան նման վախի մթնոլորտ տարածելու «ունակութիւնը» չունի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս հաւաք:
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ ընդհանուր ժողովի ընթացքին ծաւալուն քննարկումներ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նախագահ Ճօ Պայտընի 24 Ապրիլի պատգամը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ գործել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ապագայ քաղաքականութեան վրայ։ Սպիտակ տան յայտարարութիւնը, միանշանակ, լուրջ գործօն մըն է, որ նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ հայկական հարցը։
2021 տարիներ առաջ քարայրի մը մէջ ապրող անասուններուն միջեւ փոքրիկ մը ծնաւ։ Մայր մը անհուն գուրգուրանքով ծռեցաւ վրան, ժպիտ մը ծաղկեցաւ անոր շրթներուն վրայ ու իր ուրախ դէմքը լուսաւորուեցաւ մայրական յաղթանակի ճառագայթներով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երիտասարդ մը քահանայի մը դիմեց՝ խօսելու համար իր դժուարութեան մասին: Սկսելով խօսիլ քահանային հետ՝ բացատրեց, թէ շատ յաճախ որոշումներ կայացնելու ժամանակ երկմտանքի մէջ կ՚իյնայ եւ չի՛ կրնար ճիշդ որոշումներ առնել այդ երկմտանքին պատճառով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ուղեւորութիւնը այսօր արդէն սկսած է, սակայն աշխատանքային այցելութեան ծրագիրը կը գործադրուի 10 մայիսին։
Առաջին նախագահը միշտ հետամուտ կը մնայ «Ազգային համաձայնութեան դաշինք»ի ձեւաւորման:
Հայաստանի արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը մատնանշէ նորանոր աղէտներէ խուսափելու միջոցը՝ Փաշինեանի յանցաւոր եւ ազգակործան վարչախումբի վերարտադրման վտանգը կանխելու համար, այլապէս հաւանական հետեւանքները շատ աւելի ծանր պիտի ըլլան՝ քան վերջին պատերազմի նուաստացուցիչ պարտութիւնը:
ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ
Մա՛յր բոլոր ասոնք ու աս պատմածներուդ ամենայետին մանրամասնութիւններն ալ միտքս են տակաւին, որոնք տունին պզտիկներն ալ չեն մոռցեր ու անոնք մէկ-մէկ սորվեցուցած աղօթքիդ պէս կը յիշեն, բայց՝ քանի որ կ՚ըսեմ, միայն գիշեր մը ճամբորդելով, այնքան մը տեղեկութիւններ կը բերէիր գեղէն, որ այնքան հեռու կը մնար մեզմէ, հիմա ալ պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ կայ անդին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա հայկական հարցի վերաբերեալ խօսոյթը վերջին տարիներուն աստիճանաբար ու շատ աւելի ընդգծուած ձեւով պայմանաւորեց տարածքաշրջանային տեսլականով մը։ Այս խօսոյթը միեւնոյն ժամանակ բանաձեւումն էր այն քաղաքականութեան, որով Անգարա-Պաքու թանտեմը հետզհետէ կը զօրանար։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խորագիրս կը պատկանի ամերիկեան մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող սերիալի մը, որ տարիներէ ի վեր եւ ամէն ուրբաթ իրիկուն ժամը 10-ին կը սփռուի հեռատեսիլի հանրայայտ կայաններէն մէկէն, իբրեւ շատ փնտռուած եւ յաջողած յայտագիր:
ԵՐԱՄ
Պարոն Հմայեակը քաղաքի եթէ ոչ ամենէն բարի մարդոցմէ, ապա առնուազն ամենաբարի շընկերներէն կը թուի ըլլալ։ Ֆիզիկոս գիտնական է։ Եւ սա էական յատկանիշներէն է իր։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մայթին վրայ, վաթսուններուն բարեւ տուող, իր արդուզարդին ուշադիր կին մը, շեղ քայլերով կը յառաջանար եւ դիմակին տակէն լսելի քրքիջ մը կ՚արձակէր: Դէմքէն միայն աչքերը կ՚երեւէին, բայց արդէն բաւարար էր անոնց տեսքէն նկատել տարօրինակ եւ ձայնեղ ուրախութիւն մը:
Ուղղափառ աշխարհը այս օրերուն կ՚ապրի Ս. Զատկի տօնական ուրախութիւնը։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կեանքէն ներս ալ տաղաւարի շրջանին բնորոշ ուրախութիւնը այսպէսով վերակենդանացած է։
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ գրող Աշոտ Աղաբաբեանի գիրքին շնորհանդէսը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գործը կը կոչուի «Գաղտնիքներու տիրակալը»։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
(…) Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ի թիւս այլ խրոխտ բացագանչութիւններու, յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն չ՚ըլլար։
Ընդդիմադիրներէն ոմանք սա հասկցան (կամ ձեւացուցին, թէ հասկցան) այնպէս, թէ վարչապետը ըսաւ, որ ան երբեք իշխանութիւնը չի յանձներ ու պիտի իշխէ ցմահ։
Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ վերջին երկու օրերուն Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները երէկ հասան իրենց աւարտին։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են անմիջական մթնոլորտի մը մէջ եւ ծաւալուն բովանդակութիւնով։
Լեթոնիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով 1915 թուականի դէպքերը բնորոշուեցան՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Թուրքիա բուռն ձեւով բողոքեց այս որոշման դէմ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան քննարկեցին մարզի առկայ հարցերը:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցները այս փուլին շարժման անցընելու ուղղութեամբ խորհրդակցութիւն: