ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Սինան Աքսու երէկ հիւրընկալեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչ փրոֆ. Թորոս Ալճանը, որ Անգարայի մէջ շարք մը շփումներ ունեցաւ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը։ Թորոս Ալճան մայրաքաղաքի մէջ երէկ մէկտեղուեցաւ նաեւ աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան փոխ-նախարար Ատնան Էրթէմի հետ, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան նախկին ընդհանուր տնօրէններէն է։ Թորոս Ալճանի գրասենեակը այս հանդիպումներուն վերաբերեալ լուսանկարները փոխանցած է մամուլին, նաեւ հրապարակած՝ ընկերային ցանցերու վրայ։

Զրոյցներու բովանդակութեան շուրջ գրեթէ ոչինչ հաղորդուած է։ Պարզապէս նշուած է, որ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցած են արդիական հարցերու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024